ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒՄ

Երէկ, Երեւանի մէջ պարգեւատրուեցան խումբ մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներ, որոնց ի պատիւ մասնաւոր հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի ապարանքի երդիքին տակ։ Այսպէս, նախագահ Արմէն Սարգսեան պետական կոչումներ եւ պարգեւներ յանձնեց շարք մը բարձրաստիճան պետական պաշտօնատարներու, որոնց կարգին էին Հանրապետութեան աւագ դատախազ Արթուր Դաւթեան, ազգային անվտանգութեան ծառայութեան պետը, ոստիկանապետը, յատուկ քննչական ծառայութեան պետը, ինչպէս նաեւ բանակի, ոստիկանութեան, անվտանգութեան համակարգի եւ դատական համակարգի շարք մը պաշտօնատարներ։

Այս պարգեւատրման արարողութիւնը զուգադիպեցաւ Սահմանադրութեան օրուան։ Բարձրաստիճան պաշտօնատարներու պարգեւատրման ժամանակ նախագահ Արմէն Սարգսեան հանդէս եկաւ ելոյթով մը, որու ընթացքին շնորհաւորեց բոլոր մեծարեալները։

Նախագահ Արմէն Սարգսեան շնորհաւորական խօսքին մէջ վստահութիւն յայտնեց, թէ պարգեւատրեալ պետական այրերը յառաջիկային աւելի մեծ նուիրումով պիտի շարունակեն իրենց աշխատանքը եւ ծառայութիւնը՝ նպատակակէտ ունենալով Հայաստանի Հանրապետութեան, անոր քաղաքացիներուն ու ողջ ժողովուրդին շահերը։

Շաբաթ, Յուլիս 6, 2019