ՆԵՐԴԱՇՆԱԿ ՔԱՅԼԵՐ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեան շաբաթավերջին այցելեց Ստեփանակերտ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Արցախի ղեկավարութեան կողմէ։ Այսպէս, ան հանդիպումներ ունեցաւ Արցախի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի, խորհրդարանի նախագահ Արթուր Թովմասեանի, Արտաքին գործոց նախարար Մասիս Մայիլեանի հետ։ Մնացականեան տեսակցեցաւ նաեւ Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան խումբ մը ներկայացուցիչներու հետ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Արայիկ Յարութիւնեան շեշտեց, որ Երեւանի եւ Ստեփանակերտի միջեւ զանազան մակարդակով պարբերական շփումները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման գործընթացի բովանդակային եւ միջավայրի հարցերու շուրջ դիրքորոշումները եւ մօտեցումները ճշգրտելու տեսակէտէ։ Իր կարգին, Զօհրապ Մնացականեանն ալ շեշտեց, որ խաղաղ կարգաւորման գործընթացին Արցախի մասնակցութիւնը կարեւորագոյն խնդիրներէն մին է։ Ամէն ինչէ զատ սա գործնական խնդիր մըն է, որովհետեւ հարցը ուղղակիօրէն կը վերաբերի Արցախի ժողովուրդին։ Ուստի, Արցախի ժողովուրդի եւ ղեկավարութեան մօտ պէտք է ամրապնդուի սեփականութեան զգացումը հաշտութեան գործընթացին նկատմամբ։
«Բազմիցս ընդգծած ենք այն գերակայութիւնները, որոնց շուրջ կը կառուցենք մեր աշխատանքը. Արցախի ներգրաւուածութիւնը, ինքնորոշման իրաւունքի իրացումը, ինչպէս նաեւ Արցախի անվտանգային համակարգի կայունութիւնը։ Այս կարեւորագոյն դրոյթներու հիման վրայ մենք կը կառուցենք մեր բոլոր դիրքորոշումները՝ հասկնալով, թէ մենք պէտք է հասնինք այնպիսի լուծումի մը, որ ընդունելի է բոլոր երեք կողմերու մօտ», ըսաւ Մնացականեան։ Բաց աստի, Մնացականեան մատնանշեց, որ այս բոլորը սկզբունքային եւ գործնական հարցեր են, գործընթացէն ներս իրական եւ շօշափելի յառաջընթաց ունենալու համար։
Զրոյցի տեւողութեան անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն։ Մնացականեան նշեց, որ հակառակ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ աշխատանքը կը շարունակուի։ Հանգամանալից կարծիքներ փոխանակուեցան համանախագահներու եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարի մասնակցութեամբ վերջերս տեղի ունեցած տեսաքոնֆերանսին շուրջ։
Ըստ նոյն աղբիւրներուն, Մնացականեան-Մայիլեան հանդիպման ընթացքին եւս անդրադարձ կատարուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն ու յիշեալ ծանօթ վերջին տեսակցութեան։ Հաշտութեան գործընթացի միջավայրի ձեւաւորման եւ Արցախի ժողովուրդի համապարփակ անվտանգութեան շարունակական ապահովման անհրաժեշտութեան համատեսքին մէջ Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց. «Մենք բազմիցս ընդգծած ենք, որ խաղաղ կարգաւորումը որեւէ այլընտրանք չունի։ Այս բանը ըսելով՝ կ՚ընդգծենք նաեւ, որ թէ՛ Արցախի ժողովուրդը եւ թէ Արցախի իշխանութիւնները աւելի քան վճռական են պաշտպանելու իրենց անվտանգութիւնը՝ իրենց անկախութիւնը եւ իրենց զարգացման իրաւունքը»։
Նախարարներու զրոյցէն վերջ Մնացականեան հանդիպում մըն ալ ունեցաւ Արցախի Արտաքին գործոց նախարարութեան անձնակազմին հետ։ Այս փուլին եւս ան խօսեցաւ կարգաւորման գործընթացի վերջին զարգացումներուն շուրջ։ Բաց աստի, Մնացականեան ներկայացուց միջազգային եւ տարածքաշրջանային իրադարձութիւններու վերաբերեալ Երեւանի դիրքորոշումներն ու մօտեցումները։
Արցախի քաղաքացիական հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ զրոյցի ժամանակ ալ Զօհրապ Մնացականեան կարեւորեց քաղաքացիկան հասարակութեան վիճակած դերակատարութիւնը մարդասիրական ոլորտի շփումներուն ուղղութեամբ։