ԳԻՏՆԱԼ ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆԸ

Մարդկային կեանքն ու ազատութիւնը ամենաթանկ, ամենակարեւոր բաներն են աշխարհի վրայ։ Անոնց համար կարելի է վճարել ամէն գին։ Այդ առումով մեր 15 գերիներու հայրենիք վերադարձը պէտք է անվերապահօրէն ողջունել եւ ուրախանալ այդ տղաներու ընտանիքներուն հետ միասին։ «Հերոս-ոչ-հերոս» քննարկումն ալ առանձնապէս իմ սրտով չէ։ Հեշտ է համակարգչի դիմաց նստած նման դատողութիւններ ընել։ Ի հարկէ, տեղի ունեցած է գործարք եւ այդ բառէն պէտք չէ վախնալ։ Պաքուի դատարանը, բնականաբար, անկախ չէ եւ կրնար մեր տղաները դատապարտել թէ՛ վեց ամսով, թէ՛ վեց կամ վաթսուն տարիով՝ միեւնոյնն է, անոնք կ՚ըլլային ապօրինի վճիռներ։

Պայմանաւորուածութիւնը հաւանաբար այն էր, որ ռազմագերիներուն այնպիսի ժամկէտ մը կու տան, որ անոնք կարողանան վերադառնալ տուն եւ փոխարէնը՝ Ատրպէյճանին կը տրամադրուին Ֆիզուլիի եւ Զանգելանի շրջաններու ականապատ դաշտերու քարտէսները։ Քանի որ ես պարտադրուած չեմ բոլոր պարագաներու մէջ իշխանութիւններու հասցէին բացասական բաներ գրել, իմ կարծիքը յայտնեմ. կ՚արժէր ռազմագերիները այդ գնով վերադարձնել։ Քննադատութեան առարկայ պէտք է ըլլայ ոչ թէ այդ գործարքը, այլ՝ մեր զինուորներու գերի իյնալու բուն փաստը։ Ո՞վ զանոնք նոյեմբերի 10-էն յետոյ ուղարկած էր Արցախի Խծաբերդ եւ Հին Թաղեր բնակավայրերը, ուղարկելէ յետոյ ինչո՞ւ ոչ ոք տէր կանգնեցաւ թէ՛ անոնց, թէ՛ ալ այդ բնակավայրերուն։ Ինչպէ՞ս ստացուեցաւ, որ հրադադարի, շփման գծի յստակեցումէն յետոյ այդ բնակավայրերը յայտնուեցան հակառակորդի ձեռքին մէջ։ Եւ, ի դէպ, ճի՞շդ են արդեօք շրջանառուող այն լուրերը, թէ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին նոյնպէս եղած են դէպքեր, երբ զինուորները հասցուցած էին խրամատերու մօտ եւ անտէրութեան մատնած։ Ի հարկէ, իտէալական կ՚ըլլար, որ պետութիւնը լուրջ հեղինակաւոր յանձնաժողով մը ստեղծէր եւ տար այդ բոլոր հարցումներուն պատասխանը։ Բայց իրականութիւնը իտէալէն չափազանց հեռու է։

Եթէ նոր խորհրդարանին մէջ կամ որեւէ այլ տեղ ստեղծուի նման յանձնաժողով մը, ապա սա կ՚ըլլայ ո՛չ թէ պետութեան, այլ իշխանութեան յանձնաժողով՝ իսկ անոր եզրակացութիւնը յայտնի է նախապէս։ Ամէն ինչի մէջ մեղաւոր են Օննիկ Գասպարեանը, Լեւոն Մնացականեանը, Մովսէս Յակոբեանը, Սէյրան Օհանեանը, քիչ մըն ալ Արման Թաթոյեանն ու Մայր Աթոռը, այսինքն՝ բոլորը,  բացի Նիկոլ Փաշինեանէն։ Նման եզրայանգման գալու համար որեւէ յանձնաժողով ալ պէտք չէ ստեղծել։ Եթէ խնդիրը ճշմարտութիւնը իմանալն է, ապա այս իշխանութեան ժամանակ խնամքով պիտի կոծկուի զայն, բայց յաջորդ իշխանութիւնը նոյնպէս ճշմարտութեան համար ջանքեր չի թափեր ու կ՚առաջնորդուի իր քաղաքական օրակարգով։ Իսկ եթէ խնդիրը այսօր հասարակութեան կարծիքի վրայ ազդելն է, ապա քաղաքացիներու մեծամասնութիւնը առանց այդ ալ համոզուած է, թէ դիւանագէտներն ու կեներալները «խեղճ Նիկոլը» խաբած են, դաւաճանած են եւ պէտք է պատժուին այս բանին համար։ Յաւելեալ քարոզչական ջանքեր այս բանին համար պէտք չէ թափել։ Իսկ ե՞րբ պարտութեան մասին ճշմարտութիւնը պիտի ըսուի։ Միայն այն ժամանակ, երբ զանազան ճամբարներու այսօրուան դերակատարները հեռանան ասպարէզէն։ Իմ հաշուարկներով, 20-30 տարի յետոյ։

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ
Խմբագրական՝ Երեւանի «Առաւօտ» օրաթերթի

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021