ԻԲՐ ԹԷ ԴԱՇՆԱԿԻՑ

Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Սթանիսլաւ Զասս յայտնեց, որ Հայաստանի հարաւին իրավիճակի սրումը՝ կապուած Ատրպէյճանի հետ նոր սահմանի հաստատման հետ, ունի սահմանային միջադէպի բնոյթ ու չի համապատասխաներ հաւաքական պաշտպանութեան մասին ՀԱՊԿ-ի կանոնադրութեան դրոյթներուն։

«ԹԱՍՍ» ռուսական գործակալութեան հաղորդումներով, Սթանիսլաւ Զասս լրագրողներու հետ զրուցելու ժամանակ այս կապակցութեամբ ըրաւ յայտարարութիւններ, ինչ որ լայն արձագանգ գտած է նաեւ հայկական լրատուամիջոցներու մօտ։ «Պէտք է հասկնալ, որ ՀԱՊԿ-ի ներուժը կ՚օգտագործուի միայն անդամ երկիրներէն մէկուն ուղղուած բռնութեան, յարձակման պարագային։ Այստեղ, ըստ էութեան, գործ ունինք սահմանային միջադէպի հետ։ Փառք Աստուծոյ, զոհեր չկան, կրակոցներ չկան։ Սա սահմանային միջադէպ է, պէտք է լուծուի եւ մենք կողմնակից ենք անոր խաղաղ ճանապարհով լուծուելուն», ըսաւ ընդհանուր քարտուղարը եւ աւելցուց, որ հակամարտութեան սրում մը չկայ։ Ան շարունակեց. «Ստիպուած չենք խօսելու այն մասին, թէ հիմա իրավիճակը ձեւով մը կը սրուի։ Սա արդէն լաւ է, սա արդէն արդիւնք է։ Յառաջիկային շատ աշխատանք կայ սահմանի խնդրի լուծման, այս բոլոր վիճայարոյց հարցերու լուծման առումով, բայց անոնք պէտք է լուծուին բանակցութիւններու սեղանի շուրջ»։

Անցեալ մայիսին Հայաստան դիմում ներկայացուցած էր այս կազմակերպութեան՝ իր սահմանամերձ շրջաններէն ներս ստեղծուած իրավիճակին բերումով։ Զասս յայտնեց, որ ՀԱՊԿ-է ներս քննարկուած է այս իրավիճակը զանազան հարթութիւններու վրայ։ Ան հաւաստիացուց, որ ՀԱՊԿ մշտապէս կը դիտարկէ Հայաստանի հարաւի իրավիճակը։ «Դիտորդական խումբ ստեղծելու մասին որոշում չէ ընդունուած, թէեւ, ի հարկէ, իրավիճակը կը վերահսկուի։ Կազմակերպութիւնը անհրաժեշտ տեղեկութիւնը կը ստանայ բազմաթիւ աղբիւրներէ՝ ներառեալ, հայկական կողմէն եւ ռուս խաղաղապահներէն», եզրակացուց ընդհանուր քարտուղարը։

Այս յայտարարութիւններուն անմիջապէս արձագանգեց Երեւանի ղեկավարութիւնը։ Հայաստանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Սթանիսլաւ Զասսի հետ՝ մտահոգութիւն յայտնելով անոր յայտարարութեան մէջ ընդգրկուած կարգ մը ձեւակերպումներու եւ գնահատականներու կապակցութեամբ։ Արմէն Գրիգորեան շեշտեց, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ ստեղծուած իրավիճակը կարելի չէ որակել որպէս միջադէպ։ Արդարեւ, տեւական ժամանակէ ի վեր Ատրպէյճանի զինուորներ չեն լքեր Հայաստանի ինքնիշխան տարածքը։ Գրիգորեանի համոզմամբ՝ ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան մակարդակով բարձրաձայնուած ձեւակերպումներու հարցին մէջ անհրաժեշտ է զսպուածութիւն ցուցաբերել՝ իրավիճակի հանգուցալուծման ուղղեալ շինիչ ջանքերը հարուածի տակ չթողելու նպատակով։ Քարտուղարը ընդգծած է նաեւ, որ Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանի առկայ իրավիճակին տեղւոյն վրայ ծանօթանալու համար նպատակայարմար կրնայ ըլլալ կազմակերպել ՀԱՊԿ-ի քարտուղարութեան այցելութիւնը։

Երեւանէն վերլուծաբաններ Սթանիսլաւ Զասսի կողմէ կատարուած յայտարարութիւնները վերջին օրերուն առած են խոշորացոյցի տակ։ Քաղաքագէտներ կ՚ընդգծեն, որ ՀԱՊԿ ունի իր դիրքորոշումը եւ այդ մէկը աւելի շուտ կը համընկնի Ռուսաստանի դիրքորոշման։

Հայաստանի ընդդիմադիր շրջանակներն ալ Սթանիսլաւ Զասսի յայտարարութիւններու լոյսին տակ հերթական անգամ սուր քննադատութեան առարկայ դարձուցին իշխանութիւններուն կողմէ որդեգրուած քաղաքականութիւնը։ Այսպէս, նկատի ունենալով, որ Հայաստանի իշխանութիւնները կը հանդուրժեն երկրի սահմաններու դէմ ոտնձգութիւնները եւ գործնական քայլերու չեն դիմեր, ապա ի շարունակութիւն ՀԱՊԿ-ն ալ հանդէս կու գայ նման արձագանգով մը։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021