ԽՄԲԱՎԱՐԻ ՄԸ ՇՈՂԸ

Իտալացի աշխարհահռչակ խմբավար Ռիքարտօ Մութթի այս օրերուն կ՚այցելէ Հայաստան։ «Ռավեննա» փառատօնի շրջանակներէն ներս շաբաթավերջին ան հանդէս եկաւ Երեւանի Օփերայի համալիրէն ներս։ Քսան տարի առաջ ալ ան Երեւանի մէջ ներկայացած էր հայ երաժշտասէրներուն։ Այդ ժամանակ ան նշանաւոր «Լա Սքալա»ի գեղարուեստական ղեկավարն էր։ Այս անգամուան համերգի շարժառիթը հանդիսացաւ «Ռավեննա» յայտնի փառատօնը, որ կը կազմակերպուի «Բարեկամութեան շաւիղներ» կարգախօսով։

Յուլիսի 1-ին Ռավեննայի մէջ տեղի ունեցած համերգի կրկնութիւնն էր Երեւանի ձեռնարկը։ Փառատօնի կազմակերպիչները այս տարի Վերածնունդի մեծագոյն իտալացի բանաստեղծ ու փիլիսոփայ Տանթէ Ալիկիերիի «Աստուածային կատակերգութեան» հիման վրայ նոր ստեղծագործութիւններ խնդրած էին շարք մը երգահաններ, որոնց կարգին է հայ երաժշտութեան կենդանի առասպելներէն Տիգրան Մանսուրեան։ Այս վերջինը «Քաւարան» բաժնին համար կատարած էր յօրինում մը, որ Ռիքարտօ Մութթիի գլխաւորութեամբ ներկայացուեցաւ Ռավեննայի մէջ։ «Ճիովանիլէ Լուիճի» նուագախումբին եւ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբին կողմէ միասնաբար տրուեցաւ համերգը՝ Ռիքարտօ Մութթիի մականին ներքեւ։ Սա երաժշտասէրներուն տեսակէտէ անկրկնելի համերգ մըն էր եւ բոլորի յիշողութեան մէջ արդէն դարձած է անմոռանալի։

Երեւանի հանդիսաւոր համերգէն վերջ երաժշտասէրները Օփերայի համալիրի բեմին վրայ ջերմ ծափահարութիւններով ողջունեցին Ռիքարտօ Մութթին եւ Տիգրան Մանսուրեանը։ «Մեր համագործակցութիւնը թէ՛ երաժշտական եւ թէ մարդասիրական բնագաւառներէ ներս հրաշալի է», ըսաւ Երեւանի մէջ Մութթի։

Միւս կողմէ, Երեւանի մէջ, Ռիքարտօ Մութթի Բարեկամութեան շքանշանով պարգեւատրուեցաւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանի հրամանագրով։

Երեքշաբթի, Յուլիս 6, 2021