ՄԻՇԱՆ ՊԻՏԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԸ
«Մանկական նոր ալիք-2016» երգի միջազգային մրցոյթին Հայաստանը պիտի ներկայացնէ Միքայէլ Գրիգորեան՝ 8-ամեայ Միշան: Ան ելոյթ պիտի ունենայ եւ իր ուժերը պիտի փորձէ մրցոյթի եզրափակիչ փուլերուն մէջ՝ Օգոստոս 11-13-ին Խրիմի «Արթեկ» կեդրոնին մէջ: Միշան մրցոյթին կը նախատեսէ ներկայացնել The Jackson 5-ի I Want You Back եւ իր «Փոքրիկ ղարաբաղցին» ստեղծագործութիւնները, թէեւ կանոններու համաձայն, ատոնք կրնան փոփոխուիլ մրցոյթի ստեղծագործական խումբի անդամներու պահանջով:
Հայաստանի պատուիրակ Միշայի խօսքով՝ ելոյթէն առաջ յուզուած չէ, պիտի ընէ ամէն ինչ, որպէսզի լաւագոյնս ներկայանայ միջազգային հանդիսատեսին: «Ամենամեծ երազանքս, ի հարկէ, սահմաններուն մէջ խաղաղութիւն ունենալն է, եւ ես ամէն ինչ կ՚ընեմ, որպէսզի լաւ երգեմ ու բոլորին պատմեմ Արցախի մասին», կը նշէ փոքրիկն Միշան: «Մանկական նոր ալիք» երգի միջազգային մրցոյթը առաջին անգամ իրականացուած է Մոսկուայի մէջ 2008-ին: Ան սկսած է լայն տարածում գտնել 2009-էն վերջ, երբ մրցոյթի կազմակերպիչները ստացած են մասնակցութեան աւելի քան 4 հազար դիմում: 2010-ին մրցոյթը սկսած է իրականացուիլ «Արթեկ» միջազգային մանկապատանեկան կեդրոնին մէջ:
Հանրային հեռուստաընկերութիւնը այս մրցոյթի պաշտօնական հեռարձակողն է: Կանոններու համաձայն, մրցոյթի հեռուստատեսային տարբերակը հնարաւոր կ՚ըլլայ ներկայացնել մրցոյթէն օրեր վերջ: