ՎԱՐԿԱԾՆԵՐՈՒ ՇԱՐԱՆ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան յա­ռա­ջի­կայ շաբ­թուան սկիզ­բին Սեն Փե­թերս­պուր­կի մէջ պի­տի տե­սակ­ցի Ռու­սաս­տա­նի Նա­խա­գահ Վլա­տի­միր Փու­թի­նի հետ։ Ան­գա­րա-Մոս­կուա ա­ռանց­քին վրայ յաղ­թա­հա­րուած ճգնա­ժա­մէն վերջ եր­կու ղե­կա­վար­նե­րուն հան­դի­պու­մը պի­տի բնո­րո­շէ բե­կում­նա­յին պահ մը՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման տե­սան­կիւ­նէն։ Քրեմ­լի­նի բան­բե­րը՝ Տի­միթ­րի Փես­քով Սեն Փե­թերս­պուր­կի գա­գա­թին ըն­դա­ռաջ յայ­տա­րա­րեց, որ Էր­տո­ղան-Փու­թին հան­դի­պու­մէն կ՚ակն­կա­լուի Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կանգ­նու­մը։ «Կը սպա­սուի, որ կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կուին՝ թէ մենք ինչ­պէ՞ս, ի՞նչ թա­փով եւ ի՞նչ յա­ջոր­դա­կա­նու­թեամբ պի­տի զբա­ղինք մեր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու վե­րա­կան­գու­մով», ը­սաւ ռուս բան­բե­րը։

Թուրք-ռու­սա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քը վեր­ջին ա­միս­նե­րուն ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն դի­տար­կուե­ցաւ նաեւ այն տե­սան­կիւ­նէն, թէ ի՞նչ ազ­դե­ցու­թիւն կրնայ ու­նե­նալ Հա­յաս­տա­նի վրայ։ Ան­ցեալ տա­րե­վեր­ջին ծա­գած ճգնա­ժա­մի օ­րե­րուն վեր­լու­ծա­բան­նե­րը կը փոր­ձէին կան­խա­տե­սում­ներ ը­նել՝ Հա­յաս­տա­նի վրայ հա­ւա­նա­կան ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն շուրջ։ Հի­մա, երբ Ան­գա­րա եւ Մոս­կուա բռնած են յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը բնա­կա­նո­նաց­նե­լու ճա­նա­պար­հը՝ վերս­տին օ­րա­կար­գի վրայ է նոյն հար­ցու­մը։ American Enterprise Institute հաս­տա­տու­թեան վեր­լու­ծա­բան­նե­րէն Մայ­քըլ Ռա­պին հա­մո­զուած է, որ Թուր­քիա-Ռու­սաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը ձեռն­տու է Հա­յաս­տա­նի հա­մար։ «Սա կրնայ օգ­տա­կար ըլ­լալ Հա­յաս­տա­նի հա­մար, ո­րով­հե­տեւ ե­թէ Թուր­քիա, Ռու­սաս­տան, Հա­յաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան յայտ­նուին նոյն կող­մին վրայ՝ սա կրնայ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րու ա­ռիթ հան­դի­սա­նալ», ը­սաւ վեր­լու­ծա­բա­նը «Ա­մե­րի­կա­յի ձայ­նը» ձայ­նաս­փիւ­ռի կա­յա­նին տուած հար­ցազ­րոյ­ցին մէջ։ Մայ­քըլ Ռա­պի­նի կան­խա­տե­սում­նե­րով, հա­ւա­նա­կան տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին վե­րա­դա­սա­ւո­րում­նե­րէն Հա­յաս­տան կրնայ ակն­կա­լել ա­ռա­ջին հեր­թին ոչ թէ քա­ղա­քա­կան, այլ՝ տնտե­սա­կան օ­գուտ­ներ։ Հա­կա­ռակ տնտե­սա­կան խնդիր­նե­րուն, Հա­յաս­տան կը շա­րու­նա­կէ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­րե­ւոր տեղ մը ու­նե­նալ եւ խե­լա­ցի գոր­ծե­լու պա­րա­գա­յին՝ Ե­րե­ւա­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը կրնան օ­գուտ­ներ քա­ղել երկ­րին հա­մար։ Այս ա­ռու­մով վեր­լու­ծա­բա­նին հետ հա­մա­կար­ծիք է նաեւ ա­մե­րի­կա­ցի նախ­կին դի­ւա­նա­գէտ Ճոն Հերպսթ։ «Թուր­քիոյ եւ Ռու­սաս­տա­նի մի­ջեւ լա­րուած յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը կ՚ե­րե­ւի, թէ կը ծա­ռա­յեն Ատր­պէյ­ճա­նին եւ Վրաս­տա­նին», հա­մո­զուած է ան։ Բա­րե­լա­ւե­լով յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Ան­գա­րա­յի հետ՝ Մոս­կուա­յի ձեռ­քե­րը կրկին կ՚ա­զա­տուին տա­րած­քաշր­ջա­նէն ներս։ Ռու­սա­կան կող­մը այս­պէ­սով կրնայ ա­ւե­լի հաս­տա­տա­կամ ու կոշտ քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն մը որ­դեգ­րել Պա­քուի եւ Թիֆ­լի­զի պա­րա­գա­յին։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն՝ ա­մե­րի­կա­ցի դի­ւա­նա­գէ­տը շեշ­տեց, որ կը տես­նէ ա­նոնց բա­րե­լաւ­ման հնա­րա­ւո­րու­թիւ­նը եւ նոյ­նիսկ՝ սահ­ման­նե­րու բաց­ման հա­ւա­նա­կա­նու­թիւ­նը։ Այս­պի­սի քայլ մը Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տե­սա­կէ­տէ կրնայ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ըն­ձե­ռել մա­սամբ ա­զա­տուե­լու այն քննա­դա­տու­թիւն­նե­րէն, ո­րոնք ներ­կա­յիս ի­րեն կը հաս­ցէագ­րուին Եւ­րո­պա­յէն եւ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րէն։ Բայց եւ այն­պէս, դի­ւա­նա­գէ­տը կը նշէ, որ այս ուղ­ղու­թեամբ ո­րե­ւէ ե­րաշ­խիք գո­յու­թիւն չու­նի։

Իր կար­գին, ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի նախ­կին հա­մա­նա­խա­գահ Մե­թիու Պրայ­զա Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լա­ւու­մը կը դի­տար­կէ ա­ւե­լի լայն հա­մա­տես­քի մը մէջ։ «Հայ-թրքա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բա­րե­լաւ­ման ուղ­ղու­թեամբ ո­րե­ւէ քայլ կը կա­տա­րուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս յա­ռա­ջըն­թա­ցի հա­մա­տես­քով։ Այս եր­կու հար­ցե­րը ուղ­ղա­կի կա­պուած չեն ի­րա­րու հետ, սա­կայն մէ­կուն պա­րա­գա­յին յա­ռա­ջըն­թա­ցը կա­րող է ու պէտք է յա­ռա­ջըն­թաց ա­պա­հո­վէ նաեւ միւ­սին ուղ­ղու­թեամբ», հա­մո­զուած է Մե­թիու Պրայ­զա։

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2016