ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու միջեւ յառաջացած ցրտութիւնը կը շարունակուի զանազան դրսեւորումներով, թէեւ մէկ կողմէ ալ դիւանագիտական գետնի վրայ ջանքեր կը գործադրուին՝ տագնապի խորացումը կանխելու առաջադրութեամբ։ Ինչպէս ծանօթ է, Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ վերջին օրերուն հանդիպում մը ունեցած էին Սինկափուրի մէջ։ «Անատոլու» գործակալութեան հաղորդումներով, Մայք Փոմփէօ այս հանդիպումէն վերջ յայտարարեց, որ իրենց նպատակն է համագործակցութիւնը տեւականացնել։

Թէեւ երկու երկիրներու միջեւ տարաձայնութիւններու պատճառ դարձած հիմնական պատճառները չեն յաղթահարուած, սակայն արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումէն վերջ կը փոխանակուին յարաբերաբար մեղմ պատգամներ։ Թուրքիոյ մէջ պատուելի Պրանսընի տնային կալանքի տակ առնուիլը պատճառ դարձած է առկայ լարուածութեան ծագելուն։ Ան կը մեղադրուի ՖԵԹԷՕ ահաբեկչական կազմակերպութեան հետ կապի մէջ ըլլալով։

Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ վերջ Մայք Փոմփէօ ըսաւ. «Թուրքիա ՆԱԹՕ-ի գործընկեր մըն է, որու հետ ԱՄՆ կը նախատեսէ աշխատիլ համագործակցութեան մէջ»։ Պետական քարտուղարի խօսքով, հակառակ պատուելի Պրանսընի հարցով յառաջացած լարուածութեան, ԱՄՆ եւ Թուրքիա արժէքաւոր գործընկերներ են։ Փոմփէօ բացատրեց, որ Չավուշօղլուի հետ հանդիպման ընթացքին այս խնդիրները եկած են օրակարգի վրայ։ Ըստ իրեն, հակառակ դժուարութիւններուն, Թուրքիա եւ ԱՄՆ սերտ ու միասնական աշխատանք կրնան տանիլ եւ համատեղ գործունէութիւնը պիտի տեւականացնեն ՆԱԹՕ-ի դաշնակիցներու հովանիին տակ եւ միւս հարթութիւններուն վրայ։ Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ ամերիկեան կողմը կ՚ակնկալէ՝ որ պատուելի Պրանսըն տուն վերադառնալու թոյլտուութիւն ունենայ։ Ան համոզուած է, որ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարարութեան տեղական կարգ մը աշխատողներն ալ ազատ արձակուին։ Պետական քարտուղարը յոյս յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերուն պիտի տեսնեն այս բոլորին իրականութիւն դառնալը։

Հարկ է յիշեցնել, որ Փոմփէոյի հետ տեսակցելէ վերջ Չավուշօղլուն ալ հանդիպումը որակած էր շինիչ ու շեշտած՝ որ մօտաւոր ապագային որոշած են սերտ երկխօսութեան ու համագործակցութեան մէջ աշխատիլ։ Չավուշօղլու նշած էր, որ պէտք չէ ակնկալել խնդիրներու մէկ հանդիպումով լուծուիլը։

Միւս կողմէ, Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանն ալ շաբաթավերջին խօսեցաւ Անգարա-Ուաշինկթըն առանցքին վրայ յառաջացած լարուածութեան շուրջ։ Ըստ իրեն, ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ մեծ խաղի մը բերուած է եւ ան պէտք է այդ խաղը փարատէ։ Անդրադառնալով երկու երկիրներու միջեւ ստեղծուած վերջին կացութեան՝ Էրտողան նշեց, որ ներկայ իրավիճակը անյարիր է ռազմավարական գործընկերութեան։

Էրտողան բուռն ձեւով քննադատեց պատուելի Պրանսընի հարցին շուրջ ԱՄՆ-ի որդեգրած ընթացքը, վարած քաղաքականութիւնը եւ Թուրքիոյ վերաբերեալ օրակարգի վրայ բերած խնդիրները։ Այդ բոլորը Թուրքիոյ դէմ մեծ անարգանք մը որակելով՝ Հանրապետութեան նախագահը յայտնեց, որ այսուհետեւ փոխադարձութեան մօտեցումով քայլեր պիտի առնուին Անգարայի կողմէ։

Էրտողանի առընթեր, շաբաթավերջին ԱՄՆ-ի հետ յարաբերութիւններու ընթացքին շուրջ Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ դարձեալ խօսեցաւ ու շեշտեց, որ պարտադրութիւնները անընդունելի են։ Նախարարը համոզուած է, որ դիւանագիտութիւնը կը բանի, խնդիրները կը լուծուին եւ կողմերը կը շարունակեն իրենց գործը։ «Այսօր աշխարհ դրական օրակարգի մը կարիքն ունի, մեր տարածքաշրջանը նոյնպէս։ Ըստ իս, բոլորէն աւելի դրական օրակարգի մը կարիքը կը զգայ ԱՄՆ։ Նման հասկացութիւնով մը կը լուծենք այս խնդիրները։ Ոչ թէ պարտադրանքով եւ սպառնալիքի լեզուով, այլ համաձայնութիւնով, դիւանագիտութիւնով, բանակցութիւնով եւ բարեացակամութեամբ կը լուծենք այս խնդիրները», նշեց Չավուշօղլու։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018