ԸՄԲԻՇ ՎԱԶԳԷՆ ԹԵՒԱՆԵԱՆ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱԽՈՅԵԱՆ

Իտալիոյ մայրաքաղաքը՝ Հռոմի մէջ այս օրերուն տեղի կ՚ունենայ Եւրոպայի երիտասարդական ըմբշամարտի առաջնութիւնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, երէկ, այս մրցաշարքի ծիրէն ներս Հայաստանի ներկայացուցիչներէն ըմբիշ Վազգէն Թեւանեան նուաճեց ոսկէ մետայլ մը։ 41 քիլօկրամի ծանրութեան դասաւորման մէջ ան ապահովեց ախոյեանի տիտղոսը։ Եզրափակիչ խաղին Վազգէն Թեւանեանի մրցակիցն էր Ատրպէյճանէն Ինտիհամ Վալիզատէ։ Մրցման աւարտին Վազգէն Թեւանեան 5-2 հաշուով առաւելութեան հասաւ Ինտիհամ Վալիզատէի դէմ ու նուաճեց ոսկէ մետայլը։

Եւրոպայի երիտասարդական ըմբշամարտի առաջնութեան մէջ Հայաստանի այլ ներկայացուցիչներ եւս կը մղեն յաւակնոտ պայքար։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018