ԾԱՆՐ ԿՈՐՈՒՍՏ ՄԸ

Հայկական գիտական աշխարհը շաբաթավերջին ունեցաւ մեծ կորուստ մը. ոչ եւս է ակադեմիկոս Սերկէյ Համբարձումեան։ Սա իսկապէս ծանր կորուստ մըն է՝ հաշուի առնելով անոր ներդրած անգնահատելի վաստակը գիտական ասպարէզի մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութիւնը խոր ցաւով գուժեց ակադեմիկոս, Ռուսաստանի Գիտութիւններու ակադեմիայի արտասահմանեան անդամ, համաշխարհային մակարդակով հեղինակութեան տէր գիտնական, հայկական մեքանիքի դպրոցի հիմնադիրներէն, գիտութեան ու կրթութեան հմուտ կազմակերպիչ, պետական ու հասարակական յայտնի գործիչ Սերկէյ Համբարձումեան, որ 97 տարեկան էր։ Սերկէյ Համբարձումեանի հոգեհանգիստի արարողութիւնը տեղի կ՚ունենայ այսօր երեկոյեան, Երեւանի Կոնդ թաղամասի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ մէջ։ Ան վաղը կէսօրուան ժամերուն պիտի յուղարկաւորուի Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան շէնքէն։ Իր յուղարկաւորման համար ստեղծուած է կառավարական յանձնաժողով մը։

Սերկէյ Համբարձումեանի առաջին իսկ աշխատանքները գրաւած են համաշխարհային գիտական հասարակութեան ուշադրութիւնը՝ հիմք հանդիսանալով մեքանիքի հայկական դպրոցի միջազգային ճանաչման համար։ Ան իր աշակերտներուն հետ առաջին անգամ մշակած էր բարակ մարմիններու մագնիսաառաձգականութեան տեսութիւնը։

Սերկէյ Համբարձումեան դասաւանդած էր Երեւանի Փոլիթեքնիկին եւ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ։ Իր գիտական ղեկավարութեամբ աւելի քան յիսուն երիտասարդ գիտնական պաշտպանած էր տոքթորական կամ թեկնածուական թեզ։ 1977-1991 թուականներուն եղած էր Երեւանի Պետական համալսարանի վերատեսուչը։ Սերկէյ Համբարձումեան հսկայական դեր ունեցած էր Հայաստանի հասարակական կեանքին մէջ։ 1975-1980 թուականներուն եղած էր Խորհրդային Հայաստանի Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր ու նախագահ։ 1979-1992 թուականներուն եղած էր Սովետական Միութեան Գերագոյն խորհուրդի պատգամաւոր։ 1989 թուականէն սկսեալ անդամակցած էր Գերագոյն խորհուրդի նախագահութեան եւ խորհրդային օրէնսդիր մարմնէն ներս անզիջում ձեւով պաշտպանած էր Հայաստանի շահերը։

1999 թուականի կաթողիկոսական ընտրութիւններուն ժամանակ գլխաւորած էր Ազգային-եկեղեցական ժողովի դիւանը։

Ակադեմիկոս Սերկէյ Համբարձումեանի վաստակը ցայսօր արժանացած էր բարձր գնահատանքի։ Ան պարգեւատրուած էր բազում շքանշաններով ու կոչումներով։

Միւս կողմէ, Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեանն ալ ակադեմիկոս Սերկէյ Համբարձումեանի մահուան առթիւ ցաւակցական մը ուղարկեց ընտանիքին։ «Մեծ յարգանքի ու գնահատանքի արժանի է իր երկարամեայ մանկավարժական գործունէութիւնը, զոր անուանի գիտնականը կատարած է պատուով ու պատասխանատուութեամբ՝ տասնամեակներ շարունակ երիտասարդ սերունդին փոխանցելով հիմնարար գիտութեան լայագոյն աւանդոյթները։ Նշանակալի է նաեւ գիտութեան եւ գիտական հետազօտութիւններու կազմակերպիչի իր աւանդը, որ լաւագոյնս ներդրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Գիտութիւններու ազգային ակադեմիային եւ Երեւանի Պետական համալսարանին մէջ աշխատած տարիներուն», նշուած է Արմէն Սարգսեանի ցաւակցականին մէջ, ուր ընդգծուած է նաեւ, որ Սերկէյ Համբարձումեան պետական ու հասարակական ակնառու գործիչ մըն էր։ Ըստ Արմէն Սարգսեանի, Խորհրդային Միութեան Գերագոյն խորհուրդի երեսփոխան ու նախագահութեան անդամ եղած շրջանին ան մշտապէս հայ մտաւորականին վայել արժանապատուութեամբ ու նուիրումով անզիջում պաշտպանած էր Հայաստանի ազգային շահերը, յատկապէս՝ Արցախի հարցին մէջ։ Նախագահ Արմէն Սարգսեան յայտնած է, որ Սերկէյ Համբարձումեանի ազնիւ ու պայծառ կերպարը միշտ վառ կը մնայ սերունդներու յիշողութեան մէջ։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018