1178 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼ

Թուրքիոյ մէջ քորոնաժահրով վարակուածներու վերաբերեալ վիճակագրական տուեալները խորապէս մտահոգիչ համեմատութիւններու հասած են։ Առողջապահութեան նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց վերջին տուեալները։ Այսպէս, իւրաքանչիւր օրուայ վարակեալներու թիւը վաղուց 1000-ի շեմը անցած է ու հասած՝ գրեթէ 1200-ի շեմին։ Երէկ, Թուրքիոյ մէջ կատարուեցաւ 53 հազար 842 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1178 նոր վարակեալ։ Նոյն ժամանակահատուածին եւս 19 հոգի զոհ գնաց համաճարակի, իսկ առողջացածներու թիւը եղաւ՝ 1015։ Ներկայ դրութեամբ 582 հիւանդի կացութիւնը կը գնահատուի ծանր։

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա կրկնեց, որ տօնական օրերով եւ արձակուրդով պայմանաւորուած ռիսքերու հետեւանքները պէտք է կանխուին։ Միասնականութիւն պէտք է ըլլայ նախազգուշական միջոցներու պարագային։

Մինչ այդ, Ֆահրետտին Քոճա նշեց, որ Քոնիայի մէջ հիւանդանոցներու խտացեալ խնամքի բաժանմունքները լեցուն են 76 տոկոսով, իսկ սովորական բաժանմունքները՝ 48 տոկոսով։

Հինգշաբթի, Օգոստոս 6, 2020