ԴԵՍՊԱՆ ՎԱՐՈՒԺԱՆ ՆԵՐՍԷՍԵԱՆԻՆ Ի ՊԱՏԻՒ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՀԱՒԱՔՈՅԹ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ

Ամերիկահայ շրջանակներ վերջերս ողջերթի երեկոյթ մը կազմակերպեցին ի պատիւ դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին, որ այս շրջանին Ուաշինկթընի մէջ կ՚աւարտէ իր առաքելութիւնը եւ իրեն պիտի փոխարինէ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի լծակիցներէն Լիլիթ Մակունց, որ ցարդ դիւանագիտական աշխատանքի որեւէ փորձառութիւն չէ ունեցած։ Ամերիկայի հայկական համագումարին (ԱՀՀ) կողմէ կազմակերպուած է դեսպան Վարուժան Ներսէսեանին ի պատիւ հրաժեշտի հաւաքոյթը։ Հարկ է նշել, որ Վարուժան Ներսէսեան յառաջիկայ շրջանին պիտի ըլլայ Հայաստանի դեսպանը Լոնտոնի մէջ։

Դեսպան Ներսէսեանի Անգլիա գործուղղման ընդառաջ կազմակերպուած երեկոյթը տեղի ունեցաւ ԱՀՀ-ի խորհուրդի անդամուհիներէն Անի Թոթայի առանձնատան մէջ։ Ներկաներու շարքին էին Ուաշինկթընի հայկական դեսպանատան անձնակազմը, տեղւոյն Արցախի մշտական ներկայացուցիչը՝ Ռոպերթ Աւետիսեան, Հայաստանի պատուոյ հիւպատոսներէն Օսքար Թաթոսեան, ԱՄՆ-ի աւագ դատախազի նախկին տեղակալ Ռոտ Ռոզընշթայն, Ուաշինկթընի Աստուածաշունչի թանգարանի խորհուրդի անդամներէն Մաթ Մարք, ամերիկահայ զանազան մարմիններու ներկայացուցիչներ, այլ պաշտօնական դէմքեր եւ հիւրեր։

Տ. Սարգիս Քհնյ. Աքթաւուքեանի կողմէ օրհնուած ընթրիքի սեղանին շուրջ համախմբուելէ վերջ ձեռնարկի մասնակիցները անցած են սրահ, ուր գործադրուած է յայտագիրը։

ԱՄՆ-ի ծերակուտականներէն Քրիս վան Հոլէն ելոյթին մէջ կարեւորած է Վարուժան Ներսէսեանի կողմէ տարուած աշխատանքը։ «Կը ճանչնաս կարող դեսպանը, երբ կը տեսնես զինքը», նշեց ծերակուտականը դրուատելով Ներսէսեանի կողմէ տարուած դժուարին աշխատանքը՝ մանաւանդ Արցախի երկրորդ պատերազմի շրջանին։ Ծերակուտականը յիշեցուց, որ Վարուժան Ներսէսեանի՝ որպէս դեսպան պաշտօնավարութեան ժամանակաշրջանին զուգադիպած է ԱՄՆ-ի թէ՛ Քոնկրէսի եւ թէ նախագահին կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչումը։

Ընդունելութեան հրաւիրեալներու շարքին էր Երեւանի մօտ ԱՄՆ-ի նախկին դեսպաններէն Ճոն Էվընս, որ իր պաշտօնավարած շրջանին 1915-ի դէպքերը ցեղասպանութիւն որակած ըլլալուն համար պաշտօնազրկուած էր Սպիտակ տան կողմէ։ Ան Ներսէսեանին ուղղեալ ողջերթի խօսքին մէջ յիշեցուց, որ ներկայիս Մեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանէն ներս շրջանառութեան մէջ դրուած է հայկական բանաձեւ մը, ինչ որ նոր պարտաւորութիւններ կ՚ենթադրէ Վարուժան Ներսէսեանին համար։

Ելոյթի հրաւիրուածներու շարքին էր ԱՄՆ-ի Հայ-հրէական յանձնախումբի նախկին փոխ-նախագահներէն Փիթըր Ռոզըլնփլաթ, որ հայ ժողովուրդը որակեց՝ որպէս «նոր, բայց նաեւ շատ հին ազգ մը»։ Ան վերյիշեց անցեալի իր ուղեւորութիւնները դէպի Հայաստան եւ Արցախ։ Յիշեալ յանձնախումբին անունով Ռոզըլնփլաթ վստահեցուց, թէ իր երկարամեայ գործունէութիւնով եւ փորձառութիւնով աջակցած է նախագահ Ճօ Պայտընի կողմէ ցեղասպանութեան ճանաչման։

Արտայայտուեցաւ նաեւ ԱՀՀ-ի գործադիր տնօրէն Պրայն Արտունի։ Այս վերջինը յիշեցուց, որ ԱՀՀ-ի բազմամեայ նախագահ, հանգուցեալ ազգային բարերար Հրայր Յովնանեանի կողմէ Հայաստանի դեսպանութեան նուիրուած էր այն շէնքը, որ ներկայիս Ուաշինկթընի մէջ կը ծառայէ՝ որպէս դեսպանատուն։ Ան այդ քայլը առած էր հայ-ամերիկեան յարաբերութիւններու զարգացման նպաստելու համար։ Պրայն Արտունի ներկաներուն փոխանցեց նաեւ պատգամ մը՝ ԱՄՆ-ի Քոնկրէսի Հայկական հարցերով յանձնախումբի համանախագահ Ֆրենք Փալոնի կողմէ, որ ակամայ բացակայած էր ձեռնարկէն։

Իր կարգին, Ռամկավար ազատական կուսակցութեան ԱՄՆ-ի Արեւելեան շրջանի մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ Գէորգ Մարաշլեանն ալ պաշտօնաւարտ դեսպանին ուղարկած էր նամակ մը, զոր ընթերցեց երեկոյթի տանտիրուհին՝ Անի Թոթա։ Այդ նամակը ընթերցելէ վերջ, օրուայ հիւրընկալը՝ Անի Թոթա Վարուժան Ներսէսեանին յանձնեց անոր ուղարկուած միւս բոլոր դրուատական նամակները, որոնք հրապարակուած են նաեւ ամերիկահայ մամուլին մէջ։

ԱՄՆ-ի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան սրտի խօսքին մէջ դեսպան Ներսէսեանը որակեց՝ որպէս ազնիւ, խելացի, յարգուած եւ իսկական դիւանագէտ մը։

Ուաշինկթընի Աստուածաշունչի թանգարանի պատասխանատուներէն Ճէֆ Քոլհա պատմեց, որ Վարուժան Ներսէսեանի հետ հանդիպման ընթացքին ինչպէս ընդամէնը տասն վայրկեանի մէջ դեսպանը յաջողած էր կազմակերպել՝ մէկ թոն ծանրութեամբ խաչքարի մը նուիրաբերումը։ Այդ խաչքարը այժմ կանգնեցուած է Ուաշինկթընի Աստուածաշունչի թանգարանի համալիրէն ներս եւ ճիշդ այն վայրին մէջ յաջորդ տարուայ մարտին նախատեսուած է բացումը «Աստուածաշունչը» խորագրեալ ցուցահանդէսի մը։ Ան դեսպանին նուիրեց թանգարանի շէնքի մանրակերտը եւ յաջորդ տարի նախատեսուած ցուցահանդէսի այժմէն հրաւիրեց Վարուժան Ներսէսեանը։

Իր կարգին, Ուաշինկթընի մօտ Պուլկարիոյ դեսպան Թիհոմիր Սթոյչեւ կանգ առաւ հայ եւ պուլկար ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ։

Երեկոյթի յայտագիրը ունէր նաեւ երաժշտական բաժին մը։ Այսպէս, Ուաշինկթընի մօտ Հայաստանի աւագ հիւպատոս Արսէն Միքայէլեանի կողակիցը՝ Վիքթորիա Պետրոսեան տպաւորիչ ձեւով կատարեց «Կռունկ» եւ «Կիլիկիա» յայտնի ժողովրդական երգերը։ Հարկ է նշել, որ Վիքթորիա Պետրոսեան վերջին շուրջ երեք տարիներուն Ս. Մարիամ հայկական եկեղեցւոյ երգչախումբի մենակատարներէն է եւ կանոնաւոր ձեւով մասնակցութիւն կը բերէ Ս. Պատարագի արարողութիւններուն։

Անի Թոթայի կազմակերպութեամբ սարքուած ողջերթի հաւաքոյթը եկաւ ապացուցանել, թէ դեսպան Վարուժան Ներսէսեան երկուքուկէս տարուայ ծառայութեան ընթացքին որքան մեծ յարգանքի ու սիրոյ առարկայ դարձած էր, իր կողակիցով ու երեք զաւակներով հանդերձ։

Հուսկ, «Արեւելք» կայքէջի հաղորդումներով, Անի Թոթա դեսպանին եւ կողակցին յանձնեց յուշանուէրներ, որոնք ԱՄՆ-ի խորհրդանշական պետական կառոյցներու ապակեայ մանրակերտերն էին։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021