ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ ԻՇԽԱՆ ՍԱՂԱԹԵԼԵԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ՏԵՂԻ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՅ ԵՐՐՈՐԴ ՔՈՒԷԱՐԿՈՒԹԻՒՆ ՄԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան 8-րդ գումարման Ազգային ժողովի նախագահութեան վերջնական ձեւաւորման ճանապարհին երէկ անակնկալ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Խորհրդարանի փոխ-նախագահներու ընտրութեան փուլին անակնկալ վիճակ մը ծագեցաւ։ Խորհրդարանի երեք փոխ-նախագահներէն մէկը վիճակած է ընդդիմութեան եւ ընդդիմադիր խմբակցութիւններու կողմէ այդ պաշտօնին համար առաջարկուած էր թեկնածութիւնը Իշխան Սաղաթելեանի, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարներէն մին է։ Խորհրդարանէ ներս մեծամասնութեան տէր «Քաղաքացիական պայմանագիր» խմբակցութիւնն ալ երէկ հաղորդած էր, որ անհրաժեշտ ձայները պիտի ապահովէր Իշխան Սաղաթելեանի փոխ-նախագահ ընտրուելուն համար։ Հակառակ այս բարենպաստ պայմաններուն, գործնական գետնի վրայ երէկ անակնկալ իրադարձութիւններ տեղի ունեցան։ Իշխան Սաղաթելեանի թեկնածութեան համար կատարուեցաւ քուէարկութիւն մը եւ այդ առաջին քուէարկութեան արդիւնքով ան փոխ-նախագահ չկրցաւ ընտրուիլ միայն մէկ քուէի պակասով։ Ընդդիմութիւնը դարձեալ առաջարկեց իր թեկնածութիւնը եւ այդ հիման վրայ երկրորդ քուէարկութիւն մըն ալ տեղի ունեցաւ, սակայն Իշխան Սաղաթելեան դարձեալ խորհրդարանի փոխ-նախագահ չկրցաւ ընտրուիլ։ Ստեղծուած իրավիճակին մէջ նախատեսուած է, որ այսօր երրորդ քուէարկութիւն մը տեղի ունենայ խորհրդարանէն ներս՝ Իշխան Սաղաթելեանի փոխ-նախագահի թեկնածութիւնով։

Այս իրադարձութիւնը պատճառ դարձաւ, որ իշխանութեան եւ ընդդիմութեան միջեւ հերթական լարուածութիւնը ստեղծուի եւ անոնք փոխադարձ մեղադրանքներ հասցէագրեն։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021