Հինգշաբթի 16, Յունուար 2025
ՄԵՐԻ ՅԱԿՈԲԵԱՆ՝ ՈՒՔՐԱՅՆՈՅ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐ
Ուքրայնոյ անվտանգութեան համակարգէն ներս հայազգի պաշտօնատար մը նշանակուեցաւ բարձր պաշտօնի մը գլուխը։ Այսպէս, Մերի Յակոբեան յառաջիկայ շրջանին պիտի զբաղեցնէ Ուքրայնոյ ներքին գործոց փոխ-նախարարի պաշտօնը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ուքրայնոյ կառավարութեան ժողովին ժամանակ առնուած է համապատասխան որոշումը։
Մերի Յակոբեան նախապէս Ուքրայնոյ Ներքին գործոց նախարարութենէն ներս միջազգային համագործակցութեան վարչութիւնը կը գլխաւորէր։ Յառաջիկայ շրջանին ան պիտի զբաղեցնէ փոխ-նախարարի պաշտօնը։
Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021