ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՄՏԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Համայնքային շրջանակները երէկ ուրախութեամբ վերահասու դարձան իրադարձութեան մը, որ ողջունելի մտայնութեան մը պտուղն է։ Այսպէս, Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութեան եւ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդին միջեւ փոխադարձ ըմբռնում գոյացած է՝ համայնքապատկան կալուածի մը արժեւորման շուրջ։ Խնամակալութեան ատենապետ փրոֆ. Թորոս Ալճան եւ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յովհաննէս Կոպոյեան երէկ այս կապակցութեամբ ստորագրեցին համագործակցութեան վերաբերեալ փաստաթուղթ մը։ Երբ մեր համայնքային կեանքէն ներս համագործակցութեան ոգին բաւական տկարացած է, Սկիւտարի մէջ տեղի ունեցած այս իրադարձութիւնը ընդհանուր առմամբ լաւատեսութեան դուռ մը կը բանայ մեր հաւաքական կեանքէն ներս։

Ս. Խաչ դպրեվանքի հիմնադրութեան յաջորդած շրջանին, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ կողմէ վարժարանի յարակից մարզասրահը տրամադրուած էր աշակերտներուն։ Թաղային խորհուրդին կողմէ խնամակալութեան ուղղեալ այդ ժամանակ առնուած քայլ մըն էր այս մէկը եւ կարգադրութիւնը ի զօրու մնացած էր մինչեւ 2000-ական թուականներու սկիզբը։ Տարածքն ալ միշտ ծառայած էր նոյն նպատակին։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ելմտական կացութիւնը նկատի ունենալով՝ 2000-ական թուականներու սկիզբին մարզադաշտի տարածքի օգտագործման իրաւունքը վերադարձուեցաւ խնամակալութեան կողմէ, որպէսզի այդ պահու կարիքները հնարաւորինս դիմագրաւուին։ Վերջերս խնամակալութեան եւ թաղային խորհուրդին միջեւ հաստատուած է երկխօսութիւն մը եւ համագործակցութեան ոգիով որոշուած է, որպէսզի մարզադաշտի այդ տարածքը թաղային խորհուրդին կողմէ դարձեալ յանձնուի խնամակալութեան։ Սա առողջ մտայնութեան մը արդիւնքն է, որու հիման վրայ թէ՛ վարժարանի աշակերտութիւնը եւ թէ ամբողջ համայնքը հնարաւորութիւն պիտի ունենայ օգտագործուելու։ Երկու վարչական խորհուրդները իրատես ձեւով եւ առարկայական կարիքները հաշուի առնելով յանգած են այս եզրակացութեան։

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը երէկ տեղեկացուց, որ մարզադաշտը պիտի շարունակէ օգտագործուիլ իր բուն նպատակին համար եւ յառաջիկայ շրջանին պիտի վերաբարեկարգուի։ Զուգահեռաբար՝ կը ծրագրուի, որ այդ տարածքէն ներս հիւրընկալուին զանազան համայնքային ձեռնարկներ։

Ս. Խաչ դպրեվանքի խնամակալութիւնը եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս առթիւ ուրախութիւն յայտնած են իրենց երկխօսութիւնով ծնած համագործակցութեան արդիւնքին համար եւ փոխանակած՝ բարեմաղթութիւններ, որպէսզի այս նոր կարգադրութիւնը բախտաբեր ըլլայ մեր համայնքին համար։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021