ՎԵՐԱՏԵՍՈՒՉԻ ԺԱՄԱՆԱԿԱՒՈՐ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՏԱՐ

Հայաստանի Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզի նախարար Վահրամ Տումանեան երէկ այցելեց Երեւանի Պետական համալսարան (ԵՊՀ), ուր մէկտեղուեցաւ գիտական խորհուրդի անդամներուն հետ։ Համալսարանի բանբերը՝ Գէորգ Էմին-Տէրեան տեղեկացուց, որ նախարար Տումանեան այս հանդիպման ընթացքին գիտական խորհուրդի անդամներուն ներկայացուցած է համալսարանի վերատեսուչի ժամանակաւոր պաշտօնակատարը։ Այսպէս, նախարարութեան կողմէ ԵՊՀ-ի վերատեսուչի թափուր պաշտօնին համար ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուած է Յովհաննէս Յովհաննիսեան։

Հարկ է նշել, որ Յովհաննէս Յովհաննիսեան մասնագիտութեամբ աստուածաբան է։ Ան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած «Իմ քայլը» կուսակցութեան նախկին երեսփոխաններէն մին է, որ ներկայիս կը ստանձնէ Հայաստանի մայր համալսարանի ղեկը՝ ժամանակաւոր պաշտօնակատարի կարգավիճակով։

ԵՊՀ-ի նախկին վերատեսուչ Արամ Սիմոնեան 2018 թուականի իշխանափոխութենէն վերջ Նիկոլ Փաշինեանի ղեկավարութեան կողմէ թիրախաւորուած էր՝ ակնյայտ կողմնակցութեան հանգամանքներով։

Նախարար Տումանեան երէկուան հանդիպման ընթացքին նշեց նաեւ, որ իրենք ամէն ինչ կ՚ընեն ԵՊՀ-ի հոգաբարձուներու խորհուրդի ձեւաւորման ուղղութեամբ։ Մինչեւ իշխանափոխութիւնը համալսարանի հոգաբարձուներու խորհուրդը կը գլխաւորէր երկրի նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեան։

Ուրբաթ, Օգոստոս 6, 2021