ԷՐՏՈՂԱՆ ԵՒ ՓՈՒԹԻՆ ՍՈՉԻԻ ՄԷՋ ԲԱՆԱԿՑԵՑԱՆ ԱՒԵԼԻ ՔԱՆ 4 ԺԱՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Սոչիի մէջ հիւրընկալուեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի կողմէ։ Բանակցութիւնները տեւեցին 4 ժամ 15 վայրկեան եւ աւարտին երկու նախագահներու կողմէ հրապարակուեցաւ համատեղ յայտարարութիւն մը։ Այս ժամադրութիւնը միջազգային բեմահարթակի վրայ անմիջական ուշադրութեան առարկայ դարձաւ։

Նկատի ունենալով, որ Էրտողան-Փութին հանդիպման ճիշդ նախօրեակին Արցախի ճակատին վրայ արիւնալի բախումներ պատահած էին՝ պաշտօնական աղբիւրները հաղորդած էին, որ Էրտողան եւ Փութին կը քննարկեն նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդիրը։ Նախապէս կատարուած այդ յայտարարութիւններով հանդերձ, Սոչիի հանդիպման յաջորդած համատեղ յայտարարութեան բովանդակութեան մէջ ուղղակիօրէն տեղ չէ գտած այս հարցը։ Ցարդ կատարուած հրապարակումներուն մէջ ալ այս տեսանկիւնէն յստակութիւն մը չկայ։ Էրտողանի եւ Փութինի համատեղ յայտարարութեան մէջ մատնանշուած է, որ տարածաշրջանային կայունութեան առումով Անգարայի եւ Մոսկուայի անկեղծ ու վստահելի յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն։

Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան-Փութին հանդիպման ընթացքին շօշափուեցան բազմաթիւ նիւթեր, որոնք առանցքային նշականութիւն ունին Անգարա-Մոսկուա բազմակողմանի համագործակցութեան մէջ։ Սուրիոյ առկայ կացութենէն սկսեալ՝ մինչեւ Լիպիոյ իրադարձութիւնները Ուքրայնայի տագնապէն սկսեալ՝ մինչեւ ուժանիւթի բնագաւառէ ներս համագործակցութիւնն ու Աքքույուի հիւլէակայանի կառուցումը. նախարարներու օրակարգը գերծանրաբեռնուած էր եւ քննարկումներու լոյսին տակ անոնք մատնանշեցին, որ կողմերու անկեղծ եւ փոխադարձ վստահութեան վրայ խարսխուած յարաբերութիւնները մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնեն միջազգային կայունութեան տեսակէտէ։ Միեւնոյն ժամանակ, նախագահները համաձայնութեան հասան, որպէսզի Ռուսաստանէն ներածուած բնական կազին համար Թուրքիա վճարումները մասամբ ռուպլիով կատարէ, ինչ որ ելմտական համագործակցութեան տեսակէտէ նոր հարթութիւն մը կը համարուի։

Վլատիմիր Փութին Սոչիի հանդիպման ժամանակ յայտնեց, որ Եւրոպա երախտապարտ պէտք է ըլլայ Թուրքիոյ։ «Ո՛չ միայն բնական կազ, այլեւ Թուրքիա կ՚ուղարկուին նաեւ նաւթ եւ ածուխ։ Հացահատիկի միջանցքի համաձայնութիւնն ու գործադրութեան սկսիլն ալ Թուրքիոյ ջանքերուն շնորհիւ հնարաւոր դարձած է», նշեց ռուս ղեկավարը։

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2022