ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՄԷՋ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՆԵՐԳՐԱՒՄԱՆ ԳՈՐԾՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՓՈՒԼ ՄԸ
Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական հետախուզական բաժանմունքին՝ CIA-ի տնօրէնին Երեւան այցելութիւնը անհրաժեշտ լուսաբանումը չունեցաւ: Ենթադրութիւններ, մեկնաբանութիւններ անշուշտ հրապարակուեցան, սակայն պարզաբանում չեղաւ, թէ պաշտօնապէս ի՛նչ նպատակ ունէր այցելութիւնը:
Այն երեւոյթը, որ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը կ՚այցելէր Թիֆլիզ, Երեւան եւ Պաքու, կը խօսի Հարաւային Կովկասի մէջ Միացեալ Նահանգներու դերակատարութիւնը շեշտելու մասին: Ի վերջոյ, Թիֆլիզ-Երեւան-Պաքուն «3+3»ի երկրորդ բաղադրիչն է եւ այցելութիւնը տեղի կ՚ունենար 3+3-ի առաջին բաղադրիչին՝ Անգարա-Թեհրան-Մոսկուայի եռակողմ հանդիպման զուգահեռ, որ կայացաւ Թեհրանի մէջ։
Կայ ամերիկեան դերակատարութեան ընդգծումի հետեւողականութիւն կամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարին՝ անջատաբար Հայաստանի վարչապետին եւ Ատրպէյճանի նախագահին հետ:
Ապաշրջափակման նիւթը ընդհանուր առաջադրանք է խօսակցութեան հրապարակուած բաժնին մէջ: Հայաստանի ուղղութեամբ 9 նոյեմբերի յայտարարութեան (հրադադարի) 9-րդ կէտին առընթեր 8-րդ կէտի յիշեցումն է Պաքուին՝ ազատ արձակել հայ բոլոր ռազմագերիները:
Ալիեւին փոխանցուածին մէջ ուշագրաւ է, որ Ուաշինկթըն կ՚առաջարկէ իր պատրաստակամութիւնը՝ դիւրացնելու տարածաշրջանային հաղորդուղիներու բացման աշխատանքները:
Այս դերակատարութեան վերընդգծումի մէջ ամենէն խօսուն փաստը երկուստեք փոխանցուած յստակ ուղերձն է առ այն, որ Միացեալ Նահանգներ կը շեշտէ Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կարգավիճակի շրջանակներուն մէջ աշխատելու՝ Կովկասի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու առաջադրանքով:
Այստեղ արդէն ապաշրջափակման գործողութիւններուն օժանդակելէն աւելի հեռու գացող քայլի նախանիշ է՝ Մոսկուային եւ Անգարային ուղղուած: Պարզ է ըսուածը: Հարցերու կարգաւորումը Մոսկուայի եւ Անգարայի մենաշնորհը չէ:
Հետաքրքրական է, որ Պաքուի կողմէ շրջանառութեան մէջ դրուած է հերքում՝ այն մասին, որ Պլինքըն-Ալիեւ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին չէ արծարծուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի եռանախագահութեան հարցը:
Միացեալ Նահանգներ եւ Թուրքիա-Ատրպէյճան հակասութիւնը շատ բացայայտ է այստեղ: Թուրք-ատրպէյճանական դաշինքը յայտարարելով, որ Արցախի հարցը լուծուած է՝ յայտարարած կ՚ըլլայ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան կազմալուծման մասին, ինչ որ ուղղակի յայտարարեց նաեւ Մոսկուան:
Ամերիկեան դերակատարութեան վերաշեշտումի ուղերձները այստեղ կանգ չեն առներ անշուշտ:
Երեւանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպանը նախ կը փոխկապակցէ Երեւան-Անգարա եւ Երեւան-Պաքու ապաշրջափակման գործընթացները եւ ապա կը շեշտէ իր պետութեան պատրաստակամութիւնը՝ գործնապէս (թեքնիքապէս) աջակցելու Հայաստանի Հանրապետութեան եւ Ատրպէյճանի միջեւ հաղորդուղիներու բացման աշխատանքներուն:
Դեսպանին բառերով. «Մենք այլընտրանք չենք տեսներ, քան հետամուտ ըլլալ եւ աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ջանքերուն՝ ուղիղ բանակցելու եւ փորձել հասնելու հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորման: Եւ մենք կը պատրաստուինք կեդրոնացած մնալ անոր վրայ»:
Այստեղ կայ հետեւցնելիք քանի մը կէտ: Ուղիղ բանակցելու հրամայականը կ՚ենթադրէ նաեւ առանց միջնորդներու. այս պարագային առանց Մոսկուային, նաեւ անուղղակի՝ առանց Անգարային: Ուաշինկթըն պատրաստակամ է ապաշրջափակման աշխատանքներուն իր գործնական աջակցութիւնը բերելու: Տակաւին, խաղաղ կարգաւորումը չէ կատարուած, ուրեմն՝ Արցախի հակամարտութիւնը չէ լուծուած, ինչպէս կ՚ըսեն Պաքուն եւ Անգարան: Եւ ամենէն ուշագրաւ բաժինը՝ Ուաշինկթըն կը պատրաստուի կեդրոնացած մնալ խնդրի լուծման վրայ:
Այստեղ արդէն կայ որոշումի փոխանցում: Ներգրաւման նոր փուլ, որուն համար կը պատրաստուի Ուաշինկթըն:
Հարաւային Կովկասի իրադրային գործընթացներուն ամերիկեան ներգրաւման գործողութիւններու նոր հանգրուանի մը շեմն է, որ տեսանելի կը դառնայ այս ձեւով:
Հակառակ անոր, որ բոլոր գլխաւոր խաղացողները կը խօսին ապաշրջափակման հրամայականին մասին, այդուհանդերձ գործընթացները կրնան առկախումի առաջնորդել որոշ համաձայնութիւններ: Օրինակ՝ դժուար պիտի ըլլայ պատկերացնել ռուսական զօրքերու վերահսկողութեամբ բացուելիք հաղորդուղիներ, որոնք պիտի ստանան ամերիկեան գործնական օժանդակութիւն:
Շահերու բախման նոր շրջափուլի մը շեմին է Հարաւային Կովկասը:
ՇԱՀԱՆ ԳԱՆՏԱՀԱՐԵԱՆ
Խմբագրական՝ Պէյրութի «Ազդակ» օրաթերթի