ՔԱՈՍ ԵՒ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆ

Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը այնպիսի քաոսի մը մատնուած է, որ հայաշխարհէն ներս մտահոգութիւնը հետզհետէ կը խորանայ՝ մինչ Արցախի ճակատին վրայ դէպքերն ալ կը շարունակուին։ Թէեւ վերջին օրերուն իրադրութիւնը յարաբերաբար կայուն դարձած է՝ շաբթուայ սկիզբին արիւնալի բախումներէն վերջ, սակայն, առարկայական որեւէ երաշխիք գոյութիւն չունի յուսադրուելու համար։ Ստեփանակերտէն այս առաւօտ հերթական յայտարարութիւն կատարուեցաւ Արցախի իրադրութեան շուրջ։ Այսպէս, Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, որ շփման գծի որոշ հատուածներէն ներս Ատրպէյճանի ստորաբաժանումները հրաձգային զինատեսակներ կիրառած են. հայկական կողմը կորուստ մը չունի։ Թէեւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու կողմէ հրադադարի խախտումներ  կը կատարուին եւ որոշ լարուածութիւն մը զգալի է, սակայն ընդհանուր կացութիւնը յարաբերաբար կայուն կը համարուի։ Միւս կողմէ, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի միջնորդութեամբ կը շարունակուին աշխատանքները իրավիճակի կայունացման ուղղութեամբ եւ ապագայ հաւանական լարուածութիւնը կանխելու նպատակով։

Այս առաւօտեան վերջին հաղորդումները կը մեկնաբանուին Ստեփանակերտէն երէկ հասած լուրերու լոյսին տակ։ Արդարեւ, Արցախի կառավարութիւնը Աղաւնոյի եւ Բերձորի բնակիչները զգուշացուցած է, որպէսզի մինչեւ 25 օգոստոս լքեն իրենց տուները։ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի կարգ մը երեսփոխաններուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւններուն լոյսին տակ՝ Հայաստանի մարդու իրաւանց պաշտպան Քրիստինէ Գրիգորեան յայտնեց, որ Արցախի խաղաղ բնակչութեան կեանքի իրաւունքը երաշխաւորուած չէ։

Այս մատնանշումներուն առընթեր, Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի առաքելութեան արդիւնաւէտութեան վերաբերեալ Երեւանի եւ Մոսկուայի միջեւ առկայ տարակարծութիւններն ալ հասած են բանավէճի մը եզրին։ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ կատարուած վերջին քննադատական ակնարկներուն եւ այլընտրանքային ձեւաչափեր որոնելու մտադրութեան վերաբերեալ յայտարարութիւններուն Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը պատասխանած էր անմիջապէս։ Այսպէս, ռուսական կողմը տեղեկացուցած էր, որ հայկական կողմի առաջարկները ծանօթ չէ իրեն։ Երէկ ալ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութիւնը անմիջապէս արձագանգեց այդ պնդումներուն։ Նախարարութեան բանբերը՝ Վահան Յունանեան յայտնեց, որ Ռուսաստանի խաղաղապահ զօրախումբի վերաբերեալ հայկական կողմի մտահոգութիւնները 2021 թուականին գրաւոր ձեւով փոխանցուած են Ռուսաստանի բարձրագոյն ղեկավարութեան։ Բանբերի խօսքերուն մէջ յիշեցուեցան ռուս խաղաղապահներու վերահսկողութեան յանձնուած գօտիին դէմ Ատրպէյճանի կողմէ քանիցս կատարուած ոտնձգութիւնները։

Արցախի ճակատի իրադարձութիւնները միջազգային բեմահարթակի վրայ ալ առաջնահերթ ուշադրութեան առարկայ դառնալ կը շարունակեն՝ մանաւանդ ուժերու վերադասաւորման այժմու փուլին մէջ։ Ռուսաստան-Թուրքիա համագործակցութիւնը յետպատերազմեան իրավիճակի մէջ այս տարածաշրջանը որոշ չափով փակած է համաշխարհային միւս դերակատարներուն առջեւ։ Այս մեկնակէտով Արեւմուտքն ալ սկսած է տարբեր վերաբերմունք ցոյց տալ Հարաւային Կովկասի նկատմամբ։ Արցախի ճակատին վրայ բախումներու վերստին սաստկացման զուգահեռ՝ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղար Էնթընի Պլինքըն երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ։ Ուաշինկթընի աղբիւրներու հաղորդումներով, Էնթընի Պլինքըն այս փուլին վստահեցուցած է, թէ ԱՄՆ պատրաստ է ներգրաւուելու Հայաստան-Ատրպէյճան երկխօսութեան, դիւրացնելու զայն եւ նպաստելու Հարաւային Կովկասէ ներս կայուն խաղաղութեան հաստատման։ Երեւանի աղբիւրներն ալ տեղեկացուցին, որ Փաշինեան եւ Պլինքըն քննարկած են վերջին օրերուն Արցախէ ներս յառաջացած լարուած իրավիճակը։ Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է, որ Պաքու հրադադարի եռակողմանի յայտարարութեան դրոյթներէն կը շեղի։ Փաշինեան վերահաստատած է Երեւանի դիրքորոշումը՝ տարածաշրջանային խաղաղութեան ու կայունութեան վերաբերեալ։ Պլինքընն ալ մտահոգութիւն յայտնած է ստեղծուած լարուածութեան առընչութեամբ եւ պատրաստակամութիւն արտայայտած՝ իրավիճակի կայունացման նպաստելու ուղղութեամբ։ 

Եւրոմիութեան խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ այս օրերուն կապի մէջ էր թէ՛ Փաշինեանի եւ թէ Ալիեւի հետ։ Այս առթիւ Շարլ Միշել յայտնած է, որ համատեղ աշխատանք կը տարուի՝ ապահովելու համար լիցքաթափում եւ բաց կապեր։ Ըստ Միշելի, Պրիւքսելի մէջ նախատեսուած ղեկավարներու յաջորդ հանդիպման ընդառաջ, երկխօսութեան հետամուտ ըլլալը եւ օրակարգի բոլոր կէտերուն շուրջ յստակ յառաջընթացի հասնիլը առանցքային է։

Իր կարգին Եւրոմիութեան Արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելն ալ պատասխանեց Եւրոխորհրդարանի խումբ մը պատգամաւորներու գրաւոր հարցման՝ Արցախի վերջին դէպքերուն կապակցութեամբ։ Յանձնակատարը շեշտեց, որ ԵՄ խորապէս մտահոգուած է վերջին դէպքերուն հետեւանքով։ Այս փուլին Պրիւքսելէն հերթական անգամ մատնանշուեցաւ, որ ԵՄ դրական մօտեցում ունի Փաշինեանի եւ Ալիեւի եռակողմանի բանակցութիւններու շարունակման նկատմամբ՝ Շարլ Միշելի գլխաւորութեամբ։

Շաբաթ, Օգոստոս 6, 2022