FOREIGN POLICY. «ԱՐԵՒՄՈՒՏՔԸ ՊԷՏՔ Է ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՆՈՐ ՁԵՒԱՉԱՓ ՄԸ ՓՆՏՌԷ՝ ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ԵՐՐՈՐԴ ՊԱՏԵՐԱԶՄԸ ԿԱՆԽԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ»
«Foreign Policy» ամերիկեան հեղինակաւոր հանդէսին մէջ վերլուծութիւն մը լոյս տեսաւ՝ Մաքսիմիլիըն Հեսի ստորագրութեամբ։ Այս առթիւ մատնանշուեցաւ, որ եթէ Արեւմուտքը կը փափաքի կանխել Լեռնային Ղարաբաղի երրորդ պատերազմը, ապա պէտք է բանակցութիւններու նոր ձեւաչափ մը փնտռէ։ «Արդեօք նոր պատերազմը կը կործանէ՞ Ատրպէյճանի կազին վերաբերեալ Եւրոպայի երազները» խորագրեալ ծաւալուն յօդուածին մէջ մատնանշուած է, որ Ռուսաստանի Ուքրայնա ներխուժումէն ի վեր Ատրպէյճան դարձած է Ռուսաստան-Արեւմուտք տնտեսական պատերազմի առանցքային ճակատը՝ իր նաւթի ու կազի հսկայական պաշարներով։ Հեղինակը ընդգծած է, որ այս շաբաթ Ատրպէյճան արդէն կանգնած է իսկական պատերազմի մը սեմին։ Վերլուծաբանը մատնանշած է, որ մարտական գործողութիւնները տեղի ունեցած են Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնի Պաքուի այցելութենէն ընդամէնը շաբաթներ անց։ Այդ այցելութեան ընթացքին կնքուած էր նոր համաձայնագիր մը, որու նպատական է կրկնապատկել Եւրոմիութեան կողմէ Ատրպէյճանէն բնական կազի ներածումը։ Պրիւքսել նաեւ խոստացած է աջակցիլ Ատրպէյճանի մէջ՝ վերականգնուող ուժանիւթի հզօր, սակայն չօգտագործուած ներուժին։
«Ատրպէյճան կը գտնուի Ռուսաստանէն Եւրոպայի ուժանիւթի կախուածութիւնը թօթափելու ջանքերու հիմքին», նշած է վերլուծաբանը, ըստ որու՝ 2020 թուականի պատերազմէն շուրջ երկու տարի անց մարտերու բռնկումը հերթական նշանն է, թէ Ատրպէյճանի նկատմամբ Արեւմուտքի մօտեցումը կը ձախողի։ Արդարեւ, Արեւմուտքը ռազմավարութիւն մը չունի Արցախէ ներս հակամարտութեան վտանգին դէմ պայքարելու համար։ Հակառակ կազի ներածումը աճեցնելու վերաբերեալ ուրախ խօսակցութիւններուն, վերլուծաբանը այդ նպատակները ներկայիս իրատես չի համարեր՝ առնուազն այն պատճառով, որ Ռուսաստանի կողմէ չվերահսկուած խողովակաշարի պահեստային հզօրութեան պակաս գոյութիւն ունի։ Ստեղծուած իրավիճակը սպառնալիքը կը մեծցնէ Եւրոպայի մէջ ուժանիւթի տագնապի մը տեսակէտէ, անվտանգութեան տագնապն ալ կը սրէ Կովկասի մէջ եւ կը հզօրացնէ Ռուսաստանը։ Ըստ վերլուծաբանի, եթէ Արեւմուտքը Լեռնային Ղարաբաղը թողու Պաքուին, ապա Հայաստանի մէջ ամենայն հաւանականութեամբ իշխանութեան վերադառնան այն յետադիմական ռուսամէտ ուժերը, որոնք Փաշինեանի ղեկավարութեան նախորդած վարչախումբերու ներկայացուցիչներն են։ Ռուսաստանի իբր թէ խաղաղապահները կրնան նաեւ թշնամանալ՝ Ալիեւը զիջումներու ստիպելով, ինչ որ Եւրոպա ուժանիւթի յաւելեալ մատակարարումներու որեւէ յոյս կը վերացնէ եւ Հարաւային Կովկասի մէջ կ՚ամրապնդուի Ռուսաստանի գերիշխանութիւնը։
Վերլուծաբան Հես կ՚առաջարկէ այս ամբողջին մէջ փոխել Արեւմուտքի վերաբերմունքը Ատրպէյճանի նկատմամբ. «Սա դժուար, բայց ոչ անկարելի խնդիր է։ Դիւանագիտութիւնը դժուար կ՚ըլլայ, բայց Պաքու այնքան կը սիրէ կանխիկ դրամը…»։
Վերլուծաբանը յիշեցուցած է, որ 2025 թուականին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ռուսաստանի լիազօրութիւնը պիտի լրանայ, ինչ որ Արեւմուտքին հնարաւորութիւն կու տայ այլընտրանքներ առաջարկելու։ Ուստի, վերլուծաբանը կը շեշտէ, որ այժմ իսկ պէտք է սկսիլ ջանքեր գործադրելու։