ԲԱԶՄԱԴԱՐԵԱՆ ԵՂԲԱՅՐՈՒԹԻՒՆ
Վրաստանի Վարչապետ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Հիւր վարչապետը զինուորական արարողակարգով դիմաւորուեցաւ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանին մէջ, Հայաստանի Վարչապետ Յովիկ Աբրահամեանի կողմէ։ Ան աւելի վերջ ուղղուեցաւ Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրը։
Օրուան տեւողութեան Քվիրիքաշվիլի ընդունուեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ Այս առթիւ Սերժ Սարգսեան ողջունեց Քվիրիքաշվիլիի այցելութիւնը եւ յոյս յայտնեց, թէ իր այս առաջին պաշտօնական այցը դէպի Երեւան պիտի նշանաւորուի երկու բարեկամ ժողովուրդներու միջեւ կապերու առաւել սերտացմամբ եւ նոր խթան մը պիտի հաղորդէ միջպետական յարաբերութիւններուն։ Սերժ Սարգսեան կարեւորեց բարձր մակարդակի փոխադարձ այցելութիւնները, որոնք, ըստ իրեն, լաւ հնարաւորութիւն են շինիչ ու ջերմ մթնոլորտի մը մէջ քըն-նարկելու հայ-վրացական համատեղ օրակարգի հարցերը, նախանշելու համագործակցութեան նոր հնարաւորութիւնները։ Ըստ Սարգսեանի, Հայաստան եւ Վրաստան ոչ միայն բարեկամ պետութիւններ են, այլ երկու ժողովուրդները կապուած են պատմականօրէն ձեւաւորուած բազմադարեան եղբայրական յարաբերութիւններով, որոնց նկատմամբ Հայաստանի մէջ վերաբերմունքը կ՚ըլլայ հոգատարութեամբ։ Սարգսեանի համոզմամբ, այդ յարաբերութիւնները պէտք է մշտապէս զարգանան ու ամրապնդուին։ Երկու երկիրներու միջեւ գոյութիւն ունեցող քաղաքական երկխօսութեան ներկայ բարձր մակարդակը, Սերժ Սարգսեանի համոզմամբ, թոյլ կու տայ երկկողմանի յարաբերութիւնները բոլոր բնագաւառներէ ներս աւելի խորացնելու՝ հասցնելով որակապէս նոր մակարդակի մը։
Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար՝ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի ուրախութիւն յայտնեց բարեկամ երկրի մէջ գտնուելով։ Ան շեշտեց, թէ Հայաստանի եւ Վրաստանի յարաբերութիւնները ունին դարաւոր պատմութիւն։ Վրացի ժողովուրդն ու վրացական կառավարութիւնը մեծ կարեւորութիւն կ՚ընծայեն այդ յարաբերութիւններու զարգացման նկատմամբ։ Քվիրիքաշվիլի համոզուած է, որ երկու երկիրներու կառավարութիւններու միջեւ ներկայ փոխադարձ ըմբռնումը, ինչպէս նաեւ վերջին տարիներու համագործակցութեան թափն ու աշխոյժ առեւտրատնտեսական կապերը շատ լաւ հիմք կը հանդիսանան աւելի ամրա-պընդելու համար յարաբերութիւնները՝ լիարժէքօրէն օգտագործելով անոնց մեծ ներուժը։ Հայաստանի եւ Վրաստանի միջեւ ամուր բարեկամական կապերը, Քվիրիքաշվիլիի խօսքերով, կարեւոր են lշար. Ա. էջէն
ինչպէս երկկողմանի առումով, այնպէս ալ ընդհանուր առմամբ Հարաւային Կովկասի կայունութեան տեսակէտէ։ Այս ամբողջին մէջ Քվիրիքաշվիլի շնորհակալութիւն յայտնեց Սերժ Սարգսեանին՝ երկկողմանի յարաբերութիւններու զարգացման ուղղութեամբ ունեցած մեծ ներդրման համար։
Զրոյցի տեւողութեան քննարկուեցան փոխադարձ հետաքրքրութեան առարկայ շարք մը ոլորտներէ ներս համագործակցութեան ընդլայնման հնարաւորութիւններն ու ներուժը։
Երկու երկիրներու վարչապետներու հանդիպումն ալ ունեցաւ յագեցեալ օրակարգ։ Յովիկ Աբրահամեան եւ Կիորկի Քվիրիքաշվիլի նախ ունեցան առանձնազրոյց մը, որու ընթացքին գոհունակութիւն յայտնեցին երկկողմանի քաղաքական ու տնտեսական յարաբերութիւններու վիճակին շուրջ եւ անդրադարձան անոնց զարգացման հեռանկարներուն։ Երկու վարչապետները ընդգծեցին առեւտրաշրջանառութեան դրական թափը ու քննարկեցին համագործակցութեան վերաբերեալ հարցեր։
Վարչապետներու առանձնազրոյցին յաջորդեց երկու երկիրներու պաշտօնական պատուիրակութիւններու ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։ Յովիկ Աբրահամեան այս առթիւ շեշտեց, որ վերջին տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները նկատելի յառաջընթաց արձանագրած են։ Հայաստանի համար Վրաստանի դերն ու նշանակութիւնը կը բնորոշուի ոչ միայն երկկողմանի յարաբերութիւններու շրջագծով, այլեւ ամբողջ տարածքաշրջանի անվտանգութեան ապահովման տեսանկիւնէն։ Վրաստանի վարչապետն ալ համաձայն գտնուեցաւ, թէ վերջին տարիներուն երկկողմանի յարաբերութիւնները ուշադրութիւն կը գրաւեն դրական յառաջընթացով։ Ան ուրախալի համարեց, թէ երկու երկիրներու միջեւ տնտեսական բնագաւառէ ներս համագործակցութեան մակարդակը բարձր է ու արդիւնաւէտ կ՚աշխատի միջկառավարական համատեղ յանձնաժողովը։
Աւելի վերջ կողմերը քննարկեցին առեւտրատնտեսական, ուժանիւթի, փոխադրութեան, զբօսաշրջութեան, կրթութեան ոլորտներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ հարցերու լայն շրջանակ։ Կողմերը համաձայնեցան՝ նոր թափ տալու համար յանձնաժողովի աշխատանքներուն։ Յովիկ Աբրահամեանի համոզմամբ, հեռանկարային կրնայ ըլլալ Հայաստանի մէջ հայ-վրացական համատեղ ձեռնարկութիւններու ստեղծուիլը։ Սա պիտի դիւրացնէ վրացական ընկերութիւններուն մուտքը՝ Եւրոասիոյ տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) միասնական շուկայ։ Քվիրիքաշվիլին ալ ողջունեց այս գաղափարը եւ առաջարկեց համատեղ աշխատանքային խումբի մը ձեւաչափին մէջ քննարկել հետագայ քայլերը։
Բանակցութիւններու տեւողութեան գոհունակութիւն յայտնուեցաւ ուժանիւթի եւ փոխադրութեան բնագաւառներէ ներս հաղորդակցութեան մակարդակին շուրջ եւ անդրադարձ կատարուեցաւ ընթացիկ ծրագրերուն։ Երկու վարչապետները կարեւորեցին թէ՛ երկկողմանի եւ թէ բազմակողմանի ձեւաչափով համագործակցութեան զարգացումը ուժանիւթի բնագաւառէն ներս։ Անոնք ողջունեցին 2015 թուականի Դեկտեմբերին եւ 2016 թուականի Ապրիլին Երեւանի մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի, Վրաստանի, Ռուսաստանի եւ Իրանի ուժանիւթի ոլորտի ներկայացուցիչներուն միջեւ հանդիպումները, որոնք հնարաւորութիւն պիտի տան նախաձեռնելու եւ կեանքի կոչելու համար տարածքաշրջանային նշանակութեամբ ներդրումային ծրագրեր։ Այս ամբողջին մէջ կողմերը կարեւորեցին հիւսիս-հարաւ ելեկտրական ուժանիւթի միջանցքի նախագծին իրագործումը։ Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Հայաստան-Վրաստան ելեկտրահաղորդման գծի կառուցման ու կարեւորուեցաւ աշխատանքներուն արագ ընթացքը։
Քվիրիքաշվիլի գոհունակութեամբ նշեց, որ անկախ Վրաստանի պատմութեան մէջ ներկայիս հայ-վրացական յարաբերութիւնները կը գտնուին ամենաբարձր մակարդակի վրայ եւ անհրաժեշտ է ջանքերը տեւականացնել՝ անոնց ամրապնդման ուղղութեամբ։ Յովիկ Աբրահամեան վստահութիւն յայտնեց, թէ Քվիրիքաշվիլիի այցելութիւնը յաւելեալ խթան մը պիտի հանդիսանայ հայ-վրացական բարեկամական յարաբերութիւններու սերտացման եւ հետագայ զարգացման ուղղութեամբ։ Հիւր վարչապետը միեւնոյն ժամանակ Երեւանի մէջ հրաւէր ուղղեց, որպէսզի Վրաստանի անկախութեան 25-ամեակի յոբելենական հանդիսութիւններուն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներ մասնակցին Հայաստանէն։