ԷՐՏՈՂԱՆ, ՕԼԱՆՏ, ՄԵՐՔԷԼ ԵՒ ՌԵՆՑԻ ԵՐԷԿ ՔԱՌԱԿՈՂՄ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՄԸ ՈՒՆԵՑԱՆ ՉԻՆԱՍՏԱՆԻ ՄԷՋ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան ա­ւար­տեց իր շփում­նե­րը Չի­նաս­տա­նի մէջ, ուր վեր­ջին օ­րե­րուն մաս­նակ­ցե­ցաւ «G-20»ի գա­գա­թա­ժո­ղո­վին։ Ան ար­դէն վե­րա­դար­ձաւ Թուր­քիա։ Իր ու­ղե­ւո­րու­թեան վեր­ջին օ­րը Էր­տո­ղան Չի­նաս­տա­նի մէջ կա­րե­ւոր հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի, Գեր­մա­նիոյ Վար­չա­պետ Ան­կե­լա Մեր­քէ­լի եւ Ի­տա­լիոյ Վար­չա­պետ Մա­թէօ Ռեն­ցիի հետ։ Բա­ցի քա­ռա­կող­մա­նի ձե­ւա­չա­փով տե­ղի ու­նե­ցած այս խորհր­դակ­ցու­թե­նէն, Էր­տո­ղան ա­ռան­ձին հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Օ­լան­տի հետ։

Թէ՛ քա­ռա­կողմ հան­դի­պու­մը եւ թէ Էր­տո­ղան-Օ­լանտ ա­ռանձ­նազ­րոյ­ցը տե­ղի ու­նե­ցան դռնփակ։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը շատ սահ­մա­նա­փակ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հա­ղոր­դեն այս մա­սին։

Միւս կող­մէ, Էր­տո­ղան Չի­նաս­տա­նի մէջ տե­սակ­ցե­ցաւ նաեւ Եւ­րո­միու­թեան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Տա­նըլտ Թուս­քի եւ Եւ­րո­յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Ժան-Քլոտ Եուն­քէ­րի հետ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016