ԻՐԱՒԱԲԱՆՆԵՐՈՒ ՀԵՏ ՀԱՄԱՁԱՅՆՈՒԹԻՒՆ

Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէն տե­ղե­կա­ցուց, որ հա­մա­ձայ­նած է մի­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղոր­դում­նե­րով, ըմ­բիշ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նի Ռիո­յի Ո­ղիմ­պիա­կան­նե­րուն ըն­թաց­քին են­թարկուած ա­նար­դա­րու­թեան դէմ պայ­քա­րե­լու հա­մար կո­մի­տէն պի­տի հա­մա­գոր­ծակ­ցի միա­ջազ­գա­յին ի­րա­ւա­բան­նե­րու հետ։ Ծա­նօթ է, որ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան Ռիո­յի մէջ ա­ւար­տա­կան խա­ղի ժա­մա­նակ ի­րա­ւա­րար­նե­րու ընդվ­զե­ցու­ցիչ ու ակն­յայտ կողմ­նա­կա­լու­թեան հե­տե­ւան­քով զրկուած էր ոս­կէ մե­տայ­լէ ու պար­տա­ւո­րուած՝ բա­ւա­րա­րուե­լու ար­ծաթ մե­տայ­լով։ Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ո­ղիմ­պիա­կան կո­մի­տէի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Հրա­չեայ Ռոս­տո­մեան յայտ­նեց, թէ 27-ա­մեայ Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեա­նի եզ­րա­փա­կիչ գօ­տե­մար­տը ան­ցաւ լկտի ու ան­բա­րոյ ձե­ւով։

Միւս կող­մէ, Միհ­րան Յա­րու­թիւ­նեան յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն վի­րա­հա­տու­թեան պի­տի են­թար­կուի Գեր­մա­նիոյ մէջ։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016