ՀՐԱԺԵՇՏ՝ ՄԵԾ ՄԱՐԴՈՒՆ

Հայ­կա­կան գի­տա­կան աշ­խար­հը ցաւ ի սիրտ հրա­ժեշտ կու տայ Մա­տե­նա­դա­րա­նի տնօ­րէն Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նին, ո­րու ան­ժա­մա­նակ մա­հը մեծ ցաւ յա­ռա­ջա­ցուց վեր­ջին օ­րե­րուն։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի հո­գե­հան­գիս­տը։ Նոր Նորք թա­ղա­մա­սի Ս. Սար­գիս ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը՝ հոծ թի­ւով սգա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի առ­ջեւ ի­րենց վեր­ջին խո­նար­հու­մը բե­րե­լու փու­թա­ցին Հա­յաս­տա­նի Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Գա­լուստ Սա­հա­կեան, Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան ա­ռա­ջին նա­խա­գահ Լե­ւոն Տէր-Պետ­րո­սեան, պե­տա­կան ու քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­ներ, բազ­մա­թիւ գիտ­նա­կան­ներ, մտա­ւո­րա­կան­ներ եւ հոծ թի­ւով մար­դիկ, ո­րոնք Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի նկատ­մամբ ի­րենց վեր­ջին յար­գան­քը ար­տա­յայ­տել կը փա­փա­քէին։

Ե­րէ­կուան հո­գե­հան­գիս­տէն վերջ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան այ­սօր կը յու­ղար­կա­ւո­րուի եւ իր մար­մի­նը հո­ղին կը յանձ­նուի։ Ի­րեն հա­մար մաս­նա­ւոր սգա­հան­դէս մը տե­ղի կ՚ու­նե­նայ Մա­տե­նա­դա­րա­նի մուտ­քաս­րա­հին մէջ։ Շուրջ տասն տա­րի իր կող­մէ ղե­կա­վա­րուած այդ հաս­տա­տու­թեան եր­դի­քին տակ հրա­ժեշ­տի ա­րա­րո­ղու­թիւն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ի յի­շա­տակ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նին։

Ե­րէ­կուան հո­գե­հանգս­տեան ա­րա­րո­ղու­թեան ըն­թաց­քին մտա­ւո­րա­կա­նու­թեան բազ­մա­թիւ ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ շեշ­տե­ցին, թէ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան բա­ցա­ռիկ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն էր, նաեւ՝ Մա­տե­նա­դա­րա­նի աղն ու մե­րա­նը։ Շար­ժան­կա­րի յայտ­նի մաս­նա­գէտ Դա­ւիթ Մու­րա­տեան ընդգ­ծեց, որ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան ու­նէր տա­կա­ւին ապ­րե­լիք կեանք ու գրե­լիք բան։ Ան ը­սաւ. «Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան սա­կա­ւա­խօս էր, բա­ռի գի­նը գի­տէր, այդ պատ­ճա­ռաւ ալ գրի մէջ բա­ռը կ՚ի­մաս­տա­ւո­րուէր։ Վա­ղուց կը ճանչ­նա­յի Թամ­րա­զեա­նը։ Մենք բո­լորս նոյն ու­սու­ցի­չի սա­ներն ենք, գրա­կան խմբակ ու­նէինք, կը հա­ւա­քուէինք, Հրա­չեան պայ­ծառ պա­տա­նեակ մըն էր եւ տա­կա­ւին այդ տա­րի­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան կեդ­րո­նին էր, գիտ­նա­կա­նի եւ բա­նաս­տեղ­ծի հե­տաքրք­րա­կան հա­մադ­րու­թեամբ»։

­Դա­ւիթ Մու­րա­տեա­նի բնո­րոշ­մամբ՝ Թամ­րա­զեան ժրա­ջան էր, աշ­խա­տա­սէր, իսկ գիտ­նա­կա­նի հա­մար հա­մա­րեայ ե­րի­տա­սարդ էր ու տա­կա­ւին ու­նէր բա­զում ը­նե­լիք­ներ, ո­րոնց չհա­սաւ դժբախ­տա­բար։

Բա­նաս­տեղծ, գրա­կա­նա­գէտ Հեն­րիկ Է­դո­յեանն ալ ու­նի եր­կա­կի զգա­ցում­ներ։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը մնա­ցած են եւ միշտ պի­տի յի­շուին, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ի­րենք կորսն­ցու­ցած են նման բա­ցա­ռիկ մարդ մը։ «Երբ գրո­ղը կը հե­ռա­նայ, իր գոր­ծե­րը կը մնան, սա­կայն այս պա­րա­գա­յին ես եր­կա­կի ապ­րում­ներ ու­նիմ, ո­րով­հե­տեւ կորսն­ցու­ցինք մեծ մարդ մը», ա­ւել­ցուց Է­դո­յեան։ «Իմ ա­ռա­ջին ու­սա­նող­նե­րէն էր. հա­մեստ, կիրթ, նուի­րուած ե­րի­տա­սարդ։ Հրա­չեա­յի հետ ա­ւար­տե­լէն վերջ մտե­րիմ բա­րե­կամ­ներ դար­ձանք։ Գի­տե­լիք­նե­րու հա­րուստ պա­շար ու­նէր, շատ լուրջ կը վե­րա­բե­րուէր իր աշ­խա­տան­քին նկատ­մամբ։ Գի­տա­կան խոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­ներ կը կա­տա­րէր միջ­նա­դա­րեան գրա­կա­նու­թեան ո­լոր­տին մէջ։ Ին­ծի հա­մար Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նը մեծ բա­նաս­տեղծ մըն էր, ո­րու ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու կա­րի­քը այ­սօր կայ։ Ան կը ստեղ­ծէր ամ­բող­ջա­կան բա­նաս­տեղ­ծու­թիւն։ Ար­տա­կարգ թարգ­մա­նու­թիւն­ներ կա­տա­րած է։ Բարձր մարդ­կա­յին ար­ժա­նիք­ներ ու­նէր։ Ի­րեն հա­մար կա­րե­ւոր էին գրա­կա­նու­թիւ­նը, ա­րուես­տը եւ մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը։ Ես կորսն­ցու­ցի իմ հո­գիիս ըն­կե­րը», շա­րու­նա­կեց Հեն­րիկ Է­դո­յեան։

1-2 Սեպ­տեմ­բե­րի գի­շե­րը մա­հա­ցած Թամ­րա­զեա­նին հա­մար ե­րէկ բարձ­րաս­տի­ճան հո­գե­ւո­րա­կան­ներ հո­գե­հանգս­տեան պաշ­տօն կա­տա­րե­ցին Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րիչ ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ։ Յու­զում­նա­խառն այդ պայ­ման­նե­րուն ներ­քեւ յու­ղար­կա­ւոր­ներ լրագ­րող­նե­րուն հետ բաժ­նե­ցին ի­րենց խո­հերն ու յի­շա­տակ­նե­րը Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի մա­սին։

Իր կար­գին, Հա­յաս­տա­նի Գի­տու­թիւն­նե­րու ազ­գա­յին ա­կա­դե­միոյ նա­խա­գահ Ռա­դիկ Մար­տի­րո­սեանն ալ շեշ­տեց, թէ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան մտա­ւո­րա­կան մըն էր, որ մեծ դեր խա­ղա­ցած է հա­յա­գի­տու­թեան բնա­գա­ւա­ռէն ներս ի­րա­կա­նա­ցուած հե­տա­զօ­տու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ուղ­ղու­թեամբ։ «Թամ­րա­զեան յա­ջո­ղե­ցաւ Մա­տե­նա­դա­րա­նը նոր նուա­ճում­նե­րու հասց­նել։ Աշ­խար­հի զա­նա­զան գի­տա­կան կեդ­րոն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­ներ հիա­ցած էին այն ձեռք­բե­րում­նե­րով, ո­րոնք Մա­տե­նա­դա­րա­նը ու­նե­ցաւ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի տնօ­րէ­նու­թեան ըն­թաց­քին։ Իր մա­հը մեծ կո­րուստ մըն է բո­լո­րիս հա­մար», ը­սաւ ան։

Գրա­կա­նա­գէտ ու բա­նա­սէր Ար­քեմ­նիկ Նի­կո­ղո­սեանն ալ շեշ­տեց, որ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան ե­ղած է այն քիչ գրող­նե­րէն մին, ո­րոնց բո­լոր գիր­քե­րը ինք կար­դա­ցած է եւ ա­նոնց մա­սին գրած՝ դի­ման­կա­րա­յին յօ­դուած­ներ։ Ըստ Նի­կո­ղո­սեա­նի, Հրա­չեայ Թամ­րա­զեան ա­ռա­ջին իսկ հան­դիպ­ման ժա­մա­նակ կը փշրէր բո­լոր ար­գելք­նե­րը եւ ան­մի­ջա­կան շփում կը հաս­տա­տէր մար­դոց հետ։ «Շատ ազ­նուա­զարմ տեսք ու­նէր։ Կար­ծես թէ մեր ժա­մա­նակ­նե­րու մար­դը չէր։ Ե­թէ յոգ­նած, ձանձ­րա­ցած, զայ­րա­ցած ըլ­լա­յիր, Հրա­չեա­յի քով նստե­լով, կրնա­յիր միան­գա­մայն հանգս­տա­նալ։ Իր մշտա­կան ո­րո­նում­նե­րը բա­նաս­տեղ­ծու­թեան ան­դաս­տա­նէն ներս, իր Նա­րե­կեան դպրո­ցի շուրջ ար­ժէ­քա­ւոր ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը իմ գի­տա­կան եւ գրա­կա­նա­գի­տա­կան կեան­քէն ան­պա­կաս ե­ղած են։ Հրա­չեայ Թամ­րա­զեա­նի մա­հը իս­կա­պէս մեծ կո­րուստ է գի­տա­կան եւ գրա­կա­նա­գի­տա­կան աշ­խար­հի հա­մար», մատ­նան­շեց Նի­կո­ղո­սեան։

Երեքշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2016