ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ՔՈՐԷԱՅԻ ՔԱՅԼԵՐՈՒՆ ԴԷՄ ՋԱՆՔԵՐ
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ռեքս Թիլըրսըն եւ Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ ունեցան հեռախօսազրոյց մը, որու ընթացքին անդրադարձան Հիւսիսային Քորէայի շուրջ ծաւալուած իրադրութեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Փհէնեան վերջին շրջանին յաճախ հիւլէական հրթիռներ կը փորձարկէ, ինչ որ միջազգային անվտանգութեան տեսակէտէ դարձած է կարեւոր սպառնալիք մը։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Թիլըրսըն եւ Լաւրով երէկ խօսեցան հարաւ-արեւելեան Ասիոյ կացութեան մասին ու դէմ արտայայտուեցան տարածքաշրջանէ ներս լարուածութեան բորբոքման։ Ռուս նախարարը կարեւորեց խնդրի քաղաքական-դիւանագիտական ճանապարհով լուծումը, նաեւ կոչ ուղղեց՝ որպէսզի զսպուածութիւն ցուցաբերուի։
Ուաշինկթըն ներկայիս ձեռնամուխ եղած է բանաձեւի մը պատրաստութեան՝ որպէսզի այդ մէկը ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ գայ եւ Հիւսիսային Քորէայի քայլերը դատապարտուին։ Թիլըրսընի համապատասխան առաջարկներուն վերաբերեալ Լաւրով ընդգծեց, որ Մոսկուա պատրաստ է այդ բոլորը քննարկելու։ Միջազգային հանրութեան արձագանգին մէջ պէտք է բացակայի խնդրի ռազմական ճանապարհով լուծման գաղափարը։
Միւս կողմէ, ԱՄՆ-ի Նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Անգլիոյ Վարչապետ Թերեզա Մէյ տեղեկացուցին՝ որ համաձայն են, թէ Քորէայի թերակղզիի ճգնաժամի լուծման ուղղութեամբ հանգուցային դերակատարութիւն մը կը վիճակի Չինաստանին։