ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆ
Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կը շարունակուին եռակողմանի ձեւաչափով բազմաբնոյթ քննարկումները, որոնք տարածքաշրջանի իրադարձութիւններուն տեսակէտէ ունին կարեւոր նշանակութիւն։ Այս ամբողջին մէջ, Պաքու այսօր կը հիւրընկալէ բարձր մակարդակի վրայ կազմակերպուած հերթական խորհրդակցութիւն մը։ Այսպէս, երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կ՚ունենան իրենց վեցերորդ հանդիպումը։
Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս ժողովին առթիւ կը գտնուի Պաքուի մէջ, ուր կը տեսակցի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամետեարովի եւ Վրաստանի Արտաքին գործոց նախարար Միխէյիլ Ճանելիծէի հետ։ Եռակողմանի ժողովի ընթացքին կը քննարկուի նախորդ հանդիպումներուն ժամանակ առնուած որոշումներու գործադրութեան ընթացքը եւ կարծիքի փոխանակումներ կ՚ունենան տարածքաշրջանային համագործակցութեան նիւթերու շուրջ։ Անոնք աչքէ կ՚անցընեն նաեւ կացութիւնը այն համատեղ նախագծերու պարագային, որոնց ներգրաւուած են այս երեք երկիրները։ Պաքուի այսօրուան խորհրդակցութենէն վերջ կը նախատեսուի համատեղ յայտարարութեան մը ստորագրուիլը։ Բաց աստի, 2017-2019 թուականներու ժամանակաշրջանին համար մշակուած է ծրագիր մը՝ զանազան բնագաւառներէ ներս համագործակցութեան վերաբերեալ։
Միւս կողմէ, Պաքուի այսօրուան ժողովին ընդառաջ, Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ հանդիպումներ ունեցաւ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի եւ Միխէյիլ Ճանելիծէի հետ։ Չավուշօղլուի հետ զրուցելու ընթացքին Ալիեւ գոհունակութիւն յայտնեց, որ Պաքուի մէջ տեղի կ՚ունենայ Թուրքիոյ, Վրաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն եռակողմանի հանդիպումը։ Ըստ իրեն, բազմաթիւ հարցեր գոյութիւն ունին այս երեք երկիրներու համատեղ օրակարգին վրայ։ Ալիեւ ընդգծեց, որ քաղաքական, տնտեսական, ուժանիւթի, բեռնափոխադրութեան եւ այլ բնագաւառներէ ներս աստիճանաբար կ՚ապահովուին դրական արդիւնքներ։ Իր խօսքերով՝ եռակողմանի հարթութեան վրայ ապահովուած ձեռքբերումները կարեւորութիւն կը ներկայացնեն թէ՛ նոյնինքն այս երկիրներուն եւ թէ ամբողջ տարածքաշրջանին տեսակէտէ։
Իր կարգին, Մեւլիւտ Չավուշօղլուն ալ մատնանշեց, որ եռակողմանի ձեւաչափով հանդիպումները կը նպաստեն տարածքաշրջանի կայունութեան եւ տնտեսական զարգացման։