«ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԹԱՒՇԵԱՅ ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԻՒՆ»

«Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» գիրքը դրուած է ընթերցողներու սեղանին։ Այսպէս, Հայաստանի մէջ վերջին քաղաքական իրադարձութիւնները ամփոփուած են գիրքի մը մէջ: Քաղաքագէտ, Ամբողջականացման եւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնի խորհուրդի նախագահ Ստեփան Գրիգորեանի «Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն» խորագրեալ գիրքը օգոստոսի 17-ին դրուած է ընթերցողներու սեղանին: «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով,  գիրքը լոյս ընծայուած է «Էտիթ փրինթ» հրատարակչութեան նախաձեռնութեամբ:

Գիրքին մէջ ներկայացուած է վերջին քանի մը տարիներուն Հայաստանի մէջ տիրող քաղաքական իրավիճակը, ինչպէս նաեւ երկրէն ներս տեղի ունեցող քաղաքական գործընթացներու ժամանակագրութիւնն ու վերլուծութիւնը՝ սկսեալ 2018 թուականի մարտի 31-էն, երբ ընդդիմութեան առաջնորդ Նիկոլ Փաշինեան իր կողմնակիցներու հետ Կիւմրիի քաղաքի կեդրոնական Վարդանանց հրապարակէն սկսաւ քայլարշաւի մինչեւ Երեւան, մինչեւ մայիսի 8-ը, երբ Հայաստանի Ազգային ժողովի արտահերթ նիստին ընթացքին Փաշինեան ընտրուեցաւ վարչապետ:

«Գիրքը նուիրուած է թաւշեայ յեղափոխութեան: Այն, ինչ որ տեղի ունեցած է Հայաստանի մէջ, բացառիկ երեւոյթ է: Սա ոչ միայն յեղափոխութիւն էր, այլ համաշխարհային մակարդակի գործընթաց: Հայաստանի մէջ կատարուածը միջազգային հանրութիւնը ընկալած է որպէս հազուադէպ երեւոյթ», կը նշէ գիրքին հեղինակը՝ Ստեփան Գրիգորեան:

Ի դէպ, սա հեղինակի առաջին մեծ ծաւալով աշխատութիւնն է: Ստեփան Գրիգորեան առանձնայատուկ կը կարեւորէ Նիկոլ Փաշինեանի եւ անոր խումբի արդիւնաւէտ աշխատանքը «Թաւշեայ յեղափոխութեան» իրականացման գործընթացին մէջ: Գրիգորեանի խօսքով՝ Փաշինեան կոտրեց ամբողջ ընթացքին հրապարակի վրայ կանգնելու եւ հանրահաւաք իրականացնելու աւանդոյթը՝ տեղաշարժուելով ու քայլելով տարբեր տարածքներու մէջ:

Ստեփան Գրիգորեան միջազգայնօրէն ծանօթ քաղաքագէտ եւ փորձագէտ է: Ան եղած է Հայաստանի Ազգային ժողովի պատգամաւոր, աշխատած է Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարարութենէն ներս: Այժմ Ստեփան Գրիգորեան 2012 թը-ւականին հիմնադրուած Ամբողջականացման եւ տարածքաշրջանային համագործակցութեան վերլուծական կեդրոնի խորհուրդի նախագահն է:

Ստեփան Գրիգորեան ոչ թէ պարզապէս հետեւած է վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, այլեւ անոնց անմիջական մասնակիցը  եղած է: Յեղափոխութեան օրերուն գիրքի հեղինակը անգամ ձերբակալուած է: Գրիգորեան յեղափոխութեան օրերուն պարբերաբար հարցազրոյցներ տուած է ոչ միայն հայաստանեան, այլեւ արտասահմանեան հեղինակաւոր լրատուամիջոցներու՝ վերլուծելով Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակը:

Միւս կողմէ, «Հայկական թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը կը ներառնէ նաեւ մեծ թիւով լուսանկարներ: Գիրքը լոյս տեսած է հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակներով, անգլերէն տարբերակն ալ պիտի հրատարակուի աւելի վերջ։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018