ԵՌԱԿՈՂՄԱՆԻ ԳԱԳԱԹԱԺՈՂՈՎԻ ՍԵՄԻՆ ՊԵՐԼԻՆԷՆ ԱՋԱԿՑՈՒԹԻՒՆ

Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Հէյքօ Մաաս երէկ այցելեց Անգարա, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Բացի Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ տեսակցելէ, Մաաս ընդունուեցաւ նաեւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի կողմէ։

Բանակցութիւններու ընթացքին առաջնահերթօրէն օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ տագնապը։ Գերմանացի նախարարը յայտնեց, որ Պերլինի ղեկավարութիւնը Իտլիպի հարցին շուրջ կը պաշտպանէ Անգարայի դիրքորոշումը։ Մտահոգութիւններուն հիմնական պատճառը այն է, որ անկանխատեսելի հետեւանքներով մարդկային աղէտ մը կրնայ ծագիլ։

Վաղը, Էրտողան Սուրիոյ հարցին շուրջ գագաթաժողովի մը պիտի մասնակցի Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Իրանի տանտիրութեամբ նախատեսուած այս գագաթաժողովին ընդառաջ Հէյքօ Մաաս յայտնեց, որ այդ հարթութեան վրայ պիտի պաշտպանեն Թուրքիան։

Վաղուան գագաթաժողովին ընդառաջ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոն ալ յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն համակարծիք է Անգարայի հետ։ Ծանօթ է, որ Պետական քարտուղար Փոմփէօ նախընթաց օր հեռախօսազրոյց մը ունեցած էր Մեւլիւտ Չավուշօղլուի հետ։

Գերմանացի պաշտօնակցին հետ երէկ սարքած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Մեւլիւտ Չավուշօղլու նշեց, որ Սուրիոյ վարչախումբը կը ջանայ ձեռք անցընել Իտլիպը։ Այդ վարչախումբը ունի երաշխաւորներ։ Թուրքիան ալ շփման մէջ է Ռուսաստանի եւ Իրանի հետ։ «Արմատական եւ ահաբեկչական խմբաւորումներու այդ տեղէն դուրս բերելու հարցին շուրջ համակարծիք ենք։ Յարձակումներու նպատակը Իտլիպը ձեռք անցընելն է։ Յարձակումները լուրջ վտանգներ կրնան ստեղծել։ Թէ՛ անվտանգութեան եւ թէ մարդկային տեսակէտէ աղէտ մը կ՚ըլլայ», ըսաւ Չավուշօղլու եւ աւելցուց, որ այս բոլորը վաղուան գագաթաժողովի ընթացքին օրակարգի վրայ պիտի բերուին։

Նոյն մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Հէյքօ Մաաս ընդգծեց նաեւ, որ Անգարայի հետ դրական յարաբերութիւնները կը նպաստեն Պերլինի ռազմավարական շահերուն։

Միջազգային դիւանագիտական շրջանակները ուշադրութեամբ եւ հետաքրքրութեամբ կը սպասեն վաղուան եռակողմանի գագաթաժողովին։ Թուրքիա վաղուան բանակցութիւններուն ընթացքին պիտի ընդգծէ, որ բուն սպառնալիքը ՓԵՏ ահաբեկչական կազմակերպութիւնն է Սուրիոյ մէջ։ Այդ մէկը կը խրախուսուի Միացեալ Նահանգներու կողմէ։ ՓՔՔ-ի Սուրիոյ շառաւիղը՝ ՓԵՏ-ԵՓԿ ներկայիս երեք երկիրներէ կը հաւաքէ ահաբեկիչներ։ Այդ երկիրներն են Սուրիան, Իրանն ու Իրաքը։

Միւս կողմէ, Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը մտահոգ է, որ Դամասկոսի վարչախումբը Իտլիպի վրայ յարձակելով կրնայ քիմիական զէնք օգտագործել։ ՄԱԿ-ի մօտ ԱՄՆ-ի մշտական ներկայացուցիչ Նիքի Հէյլի մտահոգութեամբ անդրադարձաւ այս հաւանականութեան եւ ընդգծեց, որ այդ պարագային իր երկիրը կրնայ փոխադարձել։

Հինգշաբթի, Սեպտեմբեր 6, 2018