«ԹՈՒՐՔԻԱ ՄԱՍ ՊԷՏՔ Է ԿԱԶՄԷ «G-7»ԻՆ»

Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարեց, որ Թուրքիա պէտք է մաս կազմէ Մեծն եօթնեակի (G-7) ձեւաչափին։ Ըստ ռուս ղեկավարին, Թուրքիա «Ս-400» հակաօդային պաշտպանութեան հրթիռային համակարգեր ձեռք բերելով ա՛լ աւելի հզօրացած է եւ անպայման հաշուի պէտք է առնուի անոր ազդեցութիւնը՝ միջազգային խնդիրներու պարագային։

Փութին յայտնեց, որ Հանրապետութեան նախագահ Էրտողանի հետ իրենց վերջին հանդիպումը տեղի ունեցած էր «G-7»ի գագաթաժողովէն վերջ։ «Ինծի հարց տուաւ, թէ ինչո՞ւ օրակարգի վրայ չեմ բերած Թուրքիոյ անդամ դառնալը այդ ակուամբին։ Էրտողան արդար է։ Չինաստանի եւ Հնդկաստանի առընթեր, յարմար պիտի ըլլայ Թուրքիոյ եւս այս ձեւաչափին մաս կազմելը», ըսաւ Վլատիմիր Փութին։

Մինչ ռուս ղեկավարը ընդգծեց Թուրքիոյ միջազգային ու տարածքաշրջանային դերակատարութիւնը, միեւնոյն ժամանակ յիշեցուց, որ 2020 թուականին գործածութեան պատրաստ վիճակի պիտի գան Թուրքիոյ կողմէ ներածուած «Ս-400»ները։

Նախագահ Վլատիմիր Փութին նշեց, որ համակարգերը մինչեւ յաջորդ տարուան ապրիլը գործնական վիճակի բերուած պիտի ըլլան։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2019