ՄՈՍԿՈՒԱՅԻ ԵՐԿԱԿԻ ԽԱՂԸ
Հայաստան երկրորդ անգամ ըլլալով դիմեց ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին՝ Արցախի շրջափակումով յառաջացած մարդկային աղէտին առաջքը առնելու, Արցախի ժողովուրդը սովամահ ըլլալէ փրկելու միջոցները քննարկելու համար։ Առաջին դիմումը ատրպէյճանցի «բնապահպան»ներու ցոյցերու եւ Բերձորի ճանապարհի փակումին առթիւ էր եւ դրական արդիւնք չունեցաւ՝ մասնաւորապէս ռուսական կողմին ընդդիմութեան պատճառով։ Այս երկրորդ դիմումը կատարուեցաւ Հայաստանի ուղարկած մարդասիրական օգնութիւնը փոխադրող 19 բեռնատարներու առջեւ՝ Հակարիի կամուրջի անցակէտին մօտ դրուած արգելքին զուգահեռ։
Այս անգամ եւս ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի նիստը, որուն հրաւիրեալի կարգավիճակով կը մասնակցէին նաեւ երեք երկիրներ՝ Հայաստան, Ատրպէյճան եւ Թուրքիա, առաւել՝ Եւրոպական Միութիւնը, վերջ գտաւ առանց որոշիչ վճիռի։ Հակառակ անոր, որ Անվտանգութեան խորհուրդի անդամները մեծ մասամբ արտայայտուեցան ի նպաստ Բերձորի միջանցքի բացումին եւ Արդարադատութեան միջազգային ատեանի վճիռի կիրարկումին՝ խորհուրդը չառաւ շրջափակումին վերջ դնելու վերաբերեալ որեւէ որոշում։
Ինչպէ՞ս մեկնաբանել որոշում չկայացնելու այս երեւոյթը։ Մասնակիցներուն մեծամասնութիւնը կողմնակից ըլլալով հանդերձ շրջափակման դադրեցման՝ Ատրպէյճանը դատապարտող ու զայն պարտաւորող որոշում մը չկայացուց։ Տողատակին կ՚ըսուի, որ քաղաքական ներկայ իրադրութեան մէջ մեծ պետութիւններուն շահերը չեն ներեր, որպէսզի Ատրպէյճանի դէմ որոշում առնուի։ Եւ թերեւս ալ մարդասիրական օգնութիւնը Ակնայի ճամբով Ստեփանակերտ հասցնելու Ատրպէյճանի առաջարկը Անվտանգութեան խորհուրդի անդամներուն համար ընդունելի է՝ Արցախի մարդասիրական աղէտը լուծելու համար։ Ուրեմն, Հայաստանի գլխաւոր մեղադրանքը, թէ Ատրպէյճան սովը կը գործածէ ցեղասպանութիւն գործելու համար Արցախի ժողովուրդին դէմ՝ ընդունելի չէ։ Այս վարկածը պաշտպանուած է նաեւ Ռուսաստանի կողմէ՝ ըսելով, որ եթէ Ակնայ-Ստեփանակերտ ճանապարհը բացուի, Բերձորի ճանապարհն ալ նոյն ժամանակ կը բացուի։
Սակայն, եկէք տեսէք, որ Արցախի իշխանութիւնները կը մերժեն Ատրպէյճանի ճամբով մարդասիրական օգնութիւն ստանալու առաջարկը։ Ուրեմն, այստեղ հարցը այլ հարթակ կը տեղափոխուի։ Արցախի իշխանութիւնները՝ համաձայն ժողովուրդին փափաքին, իրենց ինքնորոշման իրաւունքի՛ն համար կը պայքարին, Արցախի անկախութեա՛ն համար։
Այստեղ շատ կարեւոր նրբութիւն մը կայ։ Ներկայ միջազգային քաղաքական իրադրութեան ու ռազմական անհաւասար պայմաններուն մէջ, Արցախի իշխանութիւնները կրնա՞ն առանց Հայաստանի իշխանութիւններուն հետ համաձայնելու նման դիրքորոշում մը որդեգրել։ Անկարելի է, որ առանց Հայաստանի՝ յաջողութեան հասնին։ Սակայն, Հայաստանի իշխանութիւնները յստակօրէն արտայայտուած են այս առընչութեամբ, թէ ներկայ դրութեամբ երկիրը պատրաստ չէ նոր պատերազմի մը։ Ուրեմն, Արցախի իշխանութիւնները ո՞ր արտաքին ուժին երաշխաւորութեամբ նման որոշումի մը յանգած են։ Բնականաբար, նայուածքները կ՚ուղղուին դէպի Ռուսաստան։ Եւ շատ բնական է, որ հրահանգը գայ Մոսկուայէն, որովհետեւ 2020-ի 44-օրեայ պատերազմի գլխաւոր շահառուն Ռուսաստանն էր, որ կրցաւ պատերազմին յաղթած եւ ռազմավարական քաղաք Շուշին գրաւած Ատրպէյճանին պարտադրել հրադադարի պայմանագիրը։
Ուրեմն, ահաւասիկ Ռուսաստանի քաղաքական խաղը՝ մէկ կողմէ միջազգային ատեանին առջեւ Ատրպէյճանի առաջարկը պաշտպանողի դերին մէջ, միւս կողմէ Արցախի իշխանութիւնները անզիջողութեան դրդողի։ Եւ այս բոլորին մէջ ո՞ւր մնաց նոյեմբերի 9-ի յայտարարութիւնը։ 2020-էն 2023, միջազգային քաղաքականութիւնը յեղաշրջում մը ապրեցաւ։ Արեւմուտք-Արեւելք բախումը նոր սահմանագծումի ընթացքի մէջ է, Հայաստանն ու Արցախը կը գտնուին սահմանազատումի գիծին վրայ։ Տակաւին, Արեւմուտք-Արեւելք պատերազմի ելքը յայտնի չէ՝ մինչ այդ պէտք է դիմանալ, դիմադրել, պայքարիլ, գիտակցիլ քաղաքական իրադրութեան՝ զոհ չերթալու համար մեծ պետութիւններու քաղաքական խաղերուն։
ԺԻՐԱՅՐ ՉՈԼԱՔԵԱՆ
Խմբագրական՝ Փարիզի «Նոր Յառաջ»ի