ՄԻՇԷԼ ՊԱՌՆԻԷ ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՎԱՐՉԱՊԵՏ ՆՇԱՆԱԿՈՒԵՑԱՒ

Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոն երէկ վարչապետ նշանակեց Միշէլ Պառնիէն։ Երկրէն ներս տեղի ունեցած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան հիման վրայ ստեղծուած էր քաղաքական բարդ հաւասարակշռութիւն մը, որու պայմաններուն ներքեւ երեք ամիսէ ի վեր նոր կառավարութեան մը ձեւաւորուիլը հնարաւոր չէր դառնար։ Ի վերջոյ, նախագահ Մաքրոն երէկ Միշէլ Պառնիէն նշանակեց վարչապետ, ինչ որ նոր կառավարութեան ձեւաւորման գործընթացի սկիզբն ալ կը խնորոշէ։ Կապրիէլ Աթալ, որ արդէն նախկին վարչապետն է, ընտրութիւններէն վերջ հրաժարականը ներկայացուցած էր հանրապետութեան նախագահին։ Ֆրանսայի նոր խորհրդարանին մէջ որեւէ կուսակցութիւն չէ կրցած բացարձակ մեծամասնութիւն ապահովել՝ ինքնուրոյն կառավարութիւն մը կազմելու համար։ Առաւելագոյն քուէ ստացած են՝ «Նոր ժողովրդավարական համախմբում» դաշինքը, որ ձախակողմեան ուժերէ կը բաղկանայ։ Երկրորդ հորիզոնականի վրայ է Մաքրոնի «Միասին» համախոհութիւնը։ Այս երկու խմբաւորումները Ֆրանսայի Ազգային ժողովէն ներս ալ ամենաշատ աթոռներ զբաղեցնող քաղաքական ուժերը հանդիսացած են։

Նորանշանակ վարչապետ Միշէլ Պառնիէ անցեալի մէջ եղած է Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար։ Միեւնոյն ժամանակ, Պրեքսիթի ժամանակ ան Անգլիոյ հետ բանակցութիւններու գծով հանդիսացած է Եւրոյանձնաժողովի բանակցողը։

Ուրբաթ, Սեպտեմբեր 6, 2024