ՀԲԸՄ-Ի ՆԱԽԱԳԱՀ ՊԵՐՃ ՍԵԴՐԱԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԵՐԺ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԿՈՂՄԷ
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան (ՀԲԸՄ) Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Պերճ Սեդրակեան «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններուն համար» շքանշանով պարգեւատրուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի կողմէ։ 2015-ի տարելիցին ձօնուած ձեռնարկներու կազմակերպման եւ իրականացման աշխատանքներուն ցուցաբերած գործօն աջակցութեան համար ան արժանացաւ այս պարգեւին։ Պերճ Սեդրակեան շքանշանը Սերժ Սարգսեանի ձեռամբ ստացաւ Երեւանի մէջ վերջերս տեղի ունեցած 100-րդ տարելիցի պետական յանձնաժողովի նիստին ընթացքին։
Միեւնոյն ժամանակ յիշեալ նիստին ընթացքին Սերժ Սարգսեանի կողմէ պարգեւատրուեցան այլ շարք մը յայտնի դէմքեր. օրինակ՝ ռուսահայ յայտնի գործարար Սամուէլ Կարապետեան, «Փիւնիկ» հիմնարկի նախագահ Գաբրիէլ Չեմպերճեան, ամերկահայ գործարար Վահէ Կարապետեան, Հայաստանի Արդիւնաբերողներու եւ գործարարներու միութեան նախագահ Արսէն Ղազարեան եւ այլք։