ՅՍՏԱԿ ԲԱՆԱՁԵՒՈՒՄ
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան յայտարարեց, որ մեղմ արտայայտութեամբ՝ սահմանին վրայ կ՚ընթանայ պատերազմ։ Ինչպէս ծանօթ է, վերջին օրերուն Սերժ Սարգսեան աշխատանքային շփումներ ունեցաւ Նիւ Եորքի եւ Ուաշինկթընի մէջ։ Իր ուղեւորութեան շարժառիթն էր ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի բացումը, որուն շրջագծով Նիւ Եորքի մէջ հանդէս եկաւ ելոյթով մը։ Աւելի վերջ Ուաշինկթըն անցնելով Սերժ Սարգսեան ելոյթ մը ունեցաւ նաեւ «Քարնեկի» հիմնարկին մօտ։ Հայաստանեան զանազան կայքէջեր տեղ տուին Սերժ Սարգսեանի ելոյթի բնագրին։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր խօսքին Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին վերաբերեալ հատուածը։
*
Ինծի համար մեծ պատիւ է ըլլալ այս հեղինակաւոր եւ աւանդութիւններով հարուստ կառոյցին՝ «Քարնեկի» հիմնարկին հիւր։ Ուրախ եմ, որ առիթ ունիմ Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին քաղաքականութեան ու միջազգային յարաբերութիւններու արդի խնդիրներուն շուրջ իմ մօտեցումներն ու մտահոգութիւնները բաժնելու ակադեմական այս լայն լսարանին հետ՝ բաց ու անաչառ քննարկումներու ակնկալիքով։
Նախորդ հարիւր տարիներու մեծագոյն ողբերգութիւնները՝ աւերիչ պատերազմները, ցեղասպանութիւնները, ծայրայեղականութեան եւ ահաբեկչութեան աննախադէպ աճը, ազգային եւ կրօնական ատելութեան վրայ հիմնուած բռնութիւնները կու գան փաստել, որ առանց խաղաղութեան ձգտման աշխարհ ինքնակործանման ճանապարհով կ՚ընթանայ։
Խաղաղութիւնը հակասութիւններու բացակայութիւնը չէ, ինչ որ անշուշտ անհնար է։ Խաղաղութիւնը այդ հակասութիւնները խաղաղ ճանապարհով լուծելու կամքն ու կարողութիւնն է։ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութիւնը յառաջ կ՚ընթանայ այս իսկ համոզումով։
Յաճախ Հարաւային Կովկասը կը դիտուի որպէս աշխարհաքաղաքական մրցակցութեան թատերաբեմ։ Միւս կողմէ՝ տարածքաշրջանէ ներս զանազան դերակատարներու շահերու գոյութիւնը կարելի է դիտել որպէս հնարաւորութիւն։ Իր անկախութեան ակունքներէն ի վեր Հայաստան որեւէ պետութեան կամ կառոյցի հետ յարաբերուելու ժամանակ առաջնորդուած է ոչ թէ «ընդդէմ»ի, այլ «յանուն»ի գաղափարախօսութեամբ։ Այսպէս, ըլլալով հիմնադիր անդամը ՀԱՊԿ-ի, որու նախագահութիւնը ստանձնած ենք օրեր առաջ, ՆԱԹՕ-ի հետ ծաւալած ենք երկարամեայ արդիւնաւէտ համագործակցութիւն, որու ակնառու վկայութիւնը բանակաշինութեան ոլորտէն ներս դաշինքի փորձառութեան իւրացումն է, զանազան խաղաղապահ գործողութիւններու մէջ Հայաստանի գործօն մասնակցութիւնը։ Դառնալով Եւրոասիոյ Տնտեսական միութեան անդամ՝ մենք նոր թափ հաղորդած ենք Հայաստան-Եւրոմիութիւն քաղաքական եւ տնտեսական մերձեցման՝ վերահաստատելով մեր այն թէզը, թէ Եւրոմիութեան եւ Եւրոասիոյ գործընկերներու հետ յարաբերութիւններու համադրումը լիովին հնարաւոր է։ Ի դէպ, վերջին ժամանակներուն այս գաղափարը սկսած է նիւթականանալ ու յաճախ հնչեցուիլ մեր եւրոպացի գործընկերներուն կողմէ։ Ռուսաստանի հետ ունենալով շարունակաբար ամրապնդուող ռազմավարական համագործակցութիւն՝ մենք գերազանց յարաբերութիւններ ունինք արեւմտեան գրեթէ բոլոր երկիրներուն հետ։ Եւ վերջապէս, ըլլալով աշխարհի առաջին քրիստոնեայ պետութիւնը, մենք պատմական ու միջպետական սերտ կապեր ունինք մահմետական երկիրներուն հետ։
Այս բոլորով հանդերձ, գաղտնիք չէ, որ գտնուելով պատերազմի վերսկսման ամենօրեայ սպառնալիքի ներքեւ, իւրաքանչիւր որոշման ելակէտը մեր երկրի անվտանգութեան ապահովումն է, ինչ որ յաճախ կը պայմանաւորէ մեր այս կամ այն ընտրութիւնը։ Ըլլալով փոքր երկիր՝ մենք չենք փափաքիր ու չենք կրնար աշխարհը բաժնել բարեկամներու եւ թշնամիներու։ Մենք կը հիմնուինք եղափոխական եւ հաւասարակշռուած քաղաքականութեան վրայ՝ այդպէսով նաեւ խնդիրներ չստեղծելով մեր տարածքաշրջանէն ներս շահերու տէր երկիրներու համար եւ չդառնալով ճգնաժամի հերթական օճախ։
Կը կարծեմ՝ նման մօտեցումը լիարժէքօրէն կը տեղաւորուի 21-րդ դարու տրամաբանութեան մէջ, աւելին՝ իրականութիւնը ցոյց կու տայ, որ հակասութիւններու վրայ հիմնուած քաղաքական որոշումները, մեղմ խօսքով, բարերար չեն ըլլար տուեալ երկիրներուն, ինչպէս նաեւ ամբողջ միջազգային հանրութեան համար։ Մենք այս բանին շարք մը պարագաներու մէջ ականատես եղած ենք նաեւ բոլորովին վերջին ժամանակներուն։
Այժմ հակիրճ անդրադառնամ Հայաստանի արտաքին քաղաքականութեան օրակարգային հարցերէն քանի մը հատին։ Թերեւս սկսիմ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութենէն, զոր վստահաբար ձեզ կը հետաքրքրէ առաջին հերթին։
Ան ծագած է տակաւին խորհրդային տարիներուն, երբ կեդրոնական իշխանութեան թուլացման զուգընթաց օրակարգային դարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հայ ազգաբնակչութեան ֆիզիքական գոյութեան հարցը։ Ատրպէյճանի խտրական քաղաքականութեան արդիւնքին Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը զրկուեցաւ իր բնօրրանին մէջ անվտանգ ապելու հնարաւորութենէն։ Անոր ինքնորոշման արդար պահանջներուն հետեւեցաւ Ատրպէյճանի ակրեսիւ արձագանգը, որն ալ պատճառ դարձաւ յետխորհրդային ամենաարիւնոտ հակամարտութեան։
Այսօր Ատրպէյճան խնդիրը կը ներկայացնէ իբրեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տարածքային վէճ։ Կ՚ուզեմ յատուկ շեշտել, որ Հայաստանի Հանրապետութիւնը երբեք որեւէ տարածքային յաւակնութիւն չէ ունեցած Ատրպէյճանի հանդէպ։ Աւելին՝ մենք կը ճանչնանք Ատրպէյճանի Հանրապետութեան տարածքային ամբողջականութիւնը, որուն երբեք մաս չէ կազմած Լեռնային Ղարաբաղը։ Այս բոլորը իմ տեսակէտները չեն, պատմական փաստեր են, հետաքրքրուողներ կրնան ուսումնասիրել եւ համոզուիլ։
Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդի ֆիզիքական անվտանգութեան եւ ինքնորոշման անօտարելի իրաւունքի իրականացման խնդիրն է։ Դժբախտաբար, այսօր առկայ է հսկայական անդունդ մը Ատրպէյճանի իշխանութիւններու պատկերացումներուն եւ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ ընդունուած չափանիշներուն միջեւ։ Եթէ քաղաքակիրթ աշխարհին մէջ որեւէ ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացման համար կը ստեղծուին անհրաժեշտ պայմաններ, ապա Ատրպէյճան կուրացած իր նաւթային եկամուտներէն, ամէն կերպ սեփական պատկերացումները կը փորձէ պարտադրել ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղին ու Հայաստանին, այլեւ՝ միջնորդ երկիրներուն։ Ահաւասիկ՝ Սկովիտիոյ օրինակը՝ Մեծն Բրիտանիան Սկովտիային կ՚ընձեռէ ինքնորոշուելու իրաւունք, այսինքն՝ որքան ալ սուղ ըլլայ իրեն համար սեփական տարածքային ամբողջականութիւնը, Սկովտիոյ ժողովուրդին ինքնորոշուելու եւ իր ճակատագիրը տնօրինելու իրաւունք կու տայ, բայց չեմ գիտեր ինչու մտահոգուած է Ատրպէյճան տարածքային ամբողջականութեամբ։ Զաւեշտ է, բայց փաստ։
Հակառակ 1994 թուականին հաստատուած հրադադարին՝ Ատրպէյճան պարբերաբար գնթակոծած է ո՛չ միայն Լեռնային Ղարաբաղի, այլ նաեւ՝ Հայաստանի սահմանամերձ շրջանները։ Սակայն վերջին երկու տարիներուն, Ատրպէյճանի սադրիչ գործողութիւնները արձանագրած են լարուածութեան աննախադէպ աճ։ Աւելին՝ այսօր Ատրպէյճան ձեռնամուխ եղած է խոշոր տրամաչափի զէքներէ հրետակոծութեան, որուն զոհ կ՚երթայ խաղաղ բնակչութիւնը։ Չեմ կրնար թաքցնել, որ սահմանին վրայ, մեղմ խօսքով, պատերազմ կ՚ընթանայ. այս բանը կը տեսնէք բոլորդ։
Քիչ մը շեղելով՝ կ՚ուզեմ նկատել, որ այս տարի՝ Բ. Աշխարհամարտի աւարտի 70-ամեակի համատեսքին մէջ շատ են քննարկումները այդ եւ անցեալ դարու այլ պատերազմներու պատճառներուն շուրջ։ Եւ այդ պատճառներուն շարքին առաջնայնօրէն կը խօսուի պետական մակարդակով սեփական ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ այլ ազգի մը դէմ ատելութեան սերմանման, պատերազմի սկսելու անհրաժեշտութեան, սպառազինութիւններու մրցավազքի հրահրման մասին։ Ատրպէյճանի քաղաքականութեան ծանօթ ոեւէ մէկը կը հաստատէ, որ այսօր նման իսկ տարրերու վրայ կը հիմնուի Ատրպէյճանի քարոզչութիւնը։ Կը կարծեմ, շատերուդ ծանօթ է, Ատրպէյճանի ղեկավարին այն յայտարարութիւնը, թէ «Ատրպէյճանի թիւ մէկ թշնամին աշխարհի հայերն են»։ Եւ սա կը յայտարարէ երկրի ղեկավարը, ո՛չ թէ, ըսենք, ընդդիմադիր գործիչ, ո՛չ թէ խորհրդարանական, այլ ոչ աւելի ոչ պակաս՝ երկրի նախագահը։ Նման իսկ յայտարարութիւնները կը ծնին Ռամիլ Սաֆարովներ, որոնք սեփական երկրէն ներս կը հերոսացուին քնացած հայ սպան կացինահարելու համար։
Մենք իսկապէս չունինք թշնամի պետութիւններ։ Առաւել եւս՝ թշնամի ժողովուրդներ։ Ատրպէյճանն ալ բացառութիւն չէ։ Մենք Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման համար այլընտրանք չենք տեսներ, որովհետեւ ինծի համար թանկ է իւրաքանչիւր զինուորի կեանքը։ Եւ ոչ միայն հայ զինուորի… Ընդհանրապէս ինծի համար թանկ է ամէն մարդկային կեանք։
Անշուշտ, այս հիմնահարցը կը ծառայեցուի նաեւ Ատրպէյճանի իշխանութիւններու ներքին քաղաքական շահերուն։ Նախ Ատրպէյճանի վարչակազմը խնդիր ունի արդարացնելու սեփական վարչաձեւը, ռազմական ոլորտին ուղղեալ հսկայածաւալ միջոցները, երկրէն ներս տիրող՝ մարդու իրաւանց ծայրայեղ վիճակը։ Բաց աստի, նաւթի գիներու անկումով եւ Ատրպէյճանի մանաթի արժեզրկմամբ աւելի սրուած են երկրէն ներս ընկերային խնդիրները եւ Ատրպէյճանի ղեկավարութեան համար ստեղծուած իրավիճակի ամենադիւրին բացատրութիւնը թշնամիի գոյութիւնն է։ Կը կարծեմ՝ ինքնին խօսուն է Եւրոխորհրդարանի կողմէ Սեպտեմբերի 9-ին ընդունուած բանաձեւին մէջ տեղ գտած այն գնահատականը, թէ Ատրպէյճանի վերջին տասը տարուան ընթացքին Եւրոասիոյ տարածքաշրջանէն ներս ժողովրդավարութեան ոլորտին մէջ ամենամեծ անկում արձանագրած երկիրն է։ Ի դէպ՝ Եւրոպական խորհրդարանը, ինչպէս նաեւ ԵԱՀԿ-ի Ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւանց գրասենեակը հրաժարած են նոյնիսկ դիտորդներ ուղարկել Ատրպէյճան յաջորդ Նոյեմբերին կայանալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն՝ համոզուած ըլլալով, որ ազատ ու արդար ընտրութիւններ իրականացնելու համար այլեւս չկան նախադրեալներ։
Այժմ կ՚ուզեմ հարց ուղղել ձեզի։ Միթէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, որ աւելի քան քսան տարիէ ի վեր կ՚ընթանայ ժողովրդավարութեան ուղիով, կրնա՞յ ապրիլ ամբողջատիրութենէ դէպի բռնապետութիւն հաստատուն քայլերով ընթացող Ատրպէյճանի կազմին մէջ։ Միթէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը, որ արեան գնով տէր եղած է իր ֆիզիքական գոյութեան իրաւունքին, կրնա՞յ դարձեալ յայտնուիլ Ատրպէյճանի կազմին մէջ. երկիր, ուր կ՚ատեն հայերը, ուր հայու արիւն թափողը հերոս է եւ ոչ թէ մարդասպան։
Ես շատ կը փափաքէի, որ Ատրպէյճան Եւրոասիոյ տարածքաշրջանէն ներս ժողովրդավարութեան ոլորտի մէջ ոչ թէ ամենամեծ անկումը, այլ վերելք արձանագրած երկիրը ըլլար։ Այդ պարագային, վստահ եմ, մենք պիտի կարենայինք գտնել այս հիմնահարցի լուծման բանալին եւ զերծ պիտի պահէինք մեր տարածքաշրջանը նոր կործանարար պատերազմէ մը։