ՈՒՇԱԳՐԱՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

Ար­քու­նի ճար­տա­րա­պետ­ներ՝ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի աշ­խա­տանք­նե­րու հա­մեստ մէկ մա­սը Ճար­տա­րա­պետ­նե­րու մի­ջազ­գա­յին օ­րուան առ­թիւ ե­րէկ ներ­կա­յա­ցուե­ցաւ Ե­րե­ւա­նի հա­սա­րա­կու­թեան։ «Ար­մէնփ­րէս»ի հա­ղորդ­մամբ, Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան ազ­գա­յին թան­գա­րան-հիմ­նար­կի մէջ ներկ­նա­յա­ցուած նմոյշ­նե­րը այս տա­րի Մա­յի­սին վեր­ջա­պէս Հա­յաս­տա­նի մէջ հանգ­րուան գտած՝ Պոլ­սոյ ա­մե­նաազ­դե­ցիկ շէն­քե­րը նա­խագ­ծած Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի ար­խի­ւին մէկ մասն է։

«Օս­մա­նեան կայս­րու­թե­նէն այս գան­ձե­րը 1900 թուա­կա­նին Ի­տա­լիա տե­ղա­փո­խած էր Լե­ւոն Կիւ­րե­ղեան։ Ցա­ւօք, Լե­ւոն Կիւ­րե­ղեան չկրցաւ վերջ­նա­կա­նա­պէս լու­ծել ար­խի­ւի պատ­կա­նե­լիու­թեան խնդի­րը, սա­կայն հա­մո­զուած էր, որ ան պէտք է պահ­պա­նուի Հա­յաս­տա­նի մէջ։ Ան այդ գոր­ծը փո­խան­ցեց իր որ­դիին՝ նոյն­պէս ճար­տա­րա­պետ Յով­հան­նէս Կիւ­րե­ղեա­նին, վեր­ջինս ալ զայն կտա­կեց իր որ­դիին՝ Ար­մէ­նին։ Վեր­ջինս գտաւ, որ ար­խի­ւի պահ­պան­ման ա­մե­նա­յար­մար վայ­րը Ճար­տա­րա­պե­տու­թեան թան­գա­րանն է», նշեց թան­գա­րան-հիմ­նար­կի տնօ­րէն Ա­շոտ Գրի­գո­րեան։

Ան ը­սաւ, թէ մշա­կու­թա­յին հարս­տու­թիւն ներ­կա­յաց­նող նման ար­խի­ւի մը տե­ղա­փո­խու­թիւ­նը քա­ղա­քա­կան, ե­լեւմ­տա­կան եւ մշա­կու­թա­յին մեծ խնդիր մըն էր։ Ար­դիւն­քին՝ Հա­յաս­տա­նի Քա­ղա­քա­շի­նու­թեան եւ Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թիւն­նե­րու շնոր­հիւ այս տա­րուան Մա­յի­սին յա­ջո­ղուե­ցաւ ար­խի­ւը տե­ղա­փո­խել Հա­յաս­տան։

«Ար­խի­ւը կը պա­րու­նա­կէ նա­խագ­ծեր, ու­րուագ­ծեր, գրա­ւոր նիւ­թեր, լու­սան­կար­ներ՝ Պա­լեան գեր­դաս­տա­նի գոր­ծու­նէու­թեան հիմ­նա­կան մա­սը։ Սա­կայն հա­ւա­քա­ծո­յին մէջ ա­ռանձ­նա­յա­տուկ է Նի­կո­ղա­յոս եւ Սի­մոն Պա­լեան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թե­րը։ Ար­խի­ւը ու­նի հե­տա­զօտ­ման, վե­րա­կանգն­ման եւ պահ­պան­ման կա­րիք։ Կը յու­սամ, որ ու­սում­նա­սի­րու­թեան ա­ւար­տին ամ­բողջ նիւ­թը տեղ պի­տի գտնէ տպա­գիր քա­թա­լո­կին մէջ», յայտ­նեց Ա­շոտ Գրի­գո­րեան։

Ցու­ցա­հան­դէ­սը բաց պի­տի մնայ մին­չեւ Նո­յեմ­բե­րի 5-ը։

Երեքշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2015