«Գալուստ Կիւլպէնկեան» Հիմնարկի 60-ամեակը՝ Փարիզի Ուսանողական Ոստանին Մէջ
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը կը տօնէ իր հիմնադրութեան 60-րդ տարեդարձը Փարիզի Cité Universitaire-ի հայկական եւ փորթուգալական ուսանողական տուներուն մէջ բացուած զուգահեռ ցուցահանդէսներով, որոնք պիտի շարունակուին մինչեւ 2017 թուականի Յունուարի 3-ը։
Գալուստ Կիւլպէնկեան՝ տնտեսագիտական, դիւանագիտական, մարդասիրական բարձր կարողութիւններով օժտուած եւ գեղագիտական ինքնորոյն ճաշակի տէր բացառիկ անձնաւորութիւն, եղած է նաեւ կրթական մեծ ծրագրերու՝ ուսում խթանող հաստատութիւններու մեկենաս, ինչպէս՝ նպաստած է Փարիզի Համալսարանական ոստանի եւ մասնաւորապէս հայ եւ փորթուգալցի ուսանողներու տուներու կառուցման։
Ցուցահանդէսի բացումին ներկայ էին «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հոգաբարձուներու խորհուրդի անդամ՝ Մարթին Եսայեան, ընդհանուր տնօրէն՝ Արթուր Վանթոս Սիլվա, Փարիզի մասնաճիւղի տնօրէն՝ Ժոաօ Քարասա, ինչպէս նաեւ Փորթուգալի եւ Հայ տան տնօրէնուհիները։
Այս ձեռնարկին կազմակերպութեան համար երբ Լիզպոնէն փորթուգալական կողմը կը դիմէ, որ ցուցահանդէս տեղի ունենայ Փարիզի Փորթուգալական ուսանողական տան մէջ, հայկական կողմը կ՚ընդառաջէ յիշեցնելով, որ Կիւլպէնկեան նաեւ մասնակցած է Հայ ուսանողական տան կառուցման ծրագրին։