ՍՊԱՍՈՒԱԾ ԺԱՄԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Փոխ-վար­չա­պետ Վէյ­սի Քայ­նաք ե­րէկ Ան­գա­րա­յի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աշ­խար­հա­կան ղե­կա­վար­նե­րը։ Վա­քըֆ­նե­րու գծով պա­տաս­խա­նա­տու փոխ-վար­չա­պե­տի կող­քին էր Վա­քըֆ­նե­րու ընդ­հա­նուր տնօ­րէն Ատ­նան Էր­թէմ։ Նա­խա­րա­րին հետ տե­սակ­ցու­թեան մաս­նակ­ցե­ցան Վա­քըֆ­նե­րու խոր­հուր­դի մօտ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ Թո­րոս Ալ­ճան, Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հո­գա­բար­ձու­թեան ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու, Թուր­քիոյ հրեայ հա­մայն­քի նա­խա­գահ Ի­սաք Իպ­րա­հիմ­զա­տէհ, Յու­նա­կան վա­քըֆ­նե­րու խրա­խուս­ման միու­թեան նա­խա­գահ Ան­տոն Փա­րի­սիա­նոս եւ Պէ­յօղ­լուի Ս. Աս­տուա­ծա­ծին Ա­սո­րի ե­կե­ղեց­ւոյ վաք­ֆի ղե­կա­վար Սաիտ Սու­սին։

Ի­րա­կա­նու­թեան մէջ եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր սպա­սուած ժա­մադ­րու­թիւն մըն էր այս մէ­կը։ Հա­մայն­քա­յին վա­քըֆ­նե­րու հար­թա­կի (VADİP) ժո­ղով­նե­րուն ըն­թաց­քին Թո­րոս Ալ­ճան քա­նի մը ան­գամ մատ­նան­շած էր, որ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վե­րա­բե­րեալ նոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը, բա­րե­փո­խում­նե­րը ի­րա­կա­նու­թեան մէջ հա­սուն­ցած էին բա­ւա­կա­նա­չափ, սա­կայն երկ­րէն ներս ա­հա­բեկ­չու­թեամբ պայ­մա­նա­ւո­րուած լա­րուա­ծու­թեան բարձ­րա­ցու­մը եւ ներ­քին քա­ղա­քա­կան վե­րի­վայ­րում­նե­րը խո­չըն­դո­տած էին ա­նոնց ի կա­տար ա­ծուի­լը։ Ալ­ճան միշտ կ՚ընդգ­ծէր, որ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րը կը պա­հեն ի­րենց յոյ­սը այդ նոր կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն հա­մար։ Վէյ­սի Քայ­նա­քի հետ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած տե­սակ­ցու­թիւ­նը, ըստ ե­րե­ւոյ­թին, կա­րե­լի է մեկ­նա­բա­նել որ­պէս ազ­դան­շան մը՝ այդ գոր­ծըն­թա­ցի վե­րա­կեն­դա­նաց­ման ճա­նա­պար­հին։

Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կը տե­ղե­կա­ցուց, որ փոխ-վար­չա­պետն ու փոք­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ա­ռա­ւել չա­փով քննար­կած են առ­կա­խեալ ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդի­րը։ Ար­դա­րեւ, Թուր­քիոյ ոչ-իս­լամ փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու հաս­տա­տու­թիւն­նե­րը շուրջ չորս տա­րիէ ի վեր չեն կրնար ընտ­րու­թեան մի­ջո­ցաւ վե­րա­նո­րո­գել ի­րենց վար­չա­կան կազ­մե­րը, ո­րով­հե­տեւ ընտ­րու­թիւն­նե­րը առ­կա­խուած են ընտ­րա­կան նոր կա­նո­նադ­րու­թեան մը պատ­րաս­տու­թեան պատ­ճա­ռով։ Այդ պատ­րաս­տու­թեան ժամ­կէ­տը տա­կա­ւին չէ յստա­կա­ցած։

Բաց աս­տի, Վէյ­սի Քայ­նաք եւ փոք­րա­մաս­նու­թեանց ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը շօ­շա­փած են նաեւ այլ յա­րա­կից խնդիր­ներ։ Փոխ-վար­չա­պե­տը ու­շադ­րու­թեամբ լսած է հա­մայնք­նե­րուն պա­հանջ­ներն ու կա­րիք­նե­րը։ Այս ամ­բող­ջին մէջ մաս­նա­ւոր ու­շադ­րու­թիւն ցու­ցա­բե­րուած է՝ փոք­րա­մաս­նու­թեանց վա­քըֆ­նե­րու պա­րա­գա­յին հիմ­նա­րար փաս­տա­թուղ­թե­րու (vakıf senedi) պատ­րաս­տու­թեան, ա­նոնց գո­յու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու նպա­տա­կով օ­րէն­քի մը ըն­դուն­ման հար­ցին նկատ­մամբ։ Թո­րոս Ալ­ճա­նի գրա­սե­նեա­կին կող­մէ հա­ղոր­դուած է, որ օ­րէնսդ­րա­կան այդ նա­խա­ձեռ­նու­թեան հա­մար փոխ-վար­չա­պե­տը հրա­հան­գած է ցարդ կա­տա­րուած աշ­խա­տանք­նե­րուն վե­րա­թար­մա­ցու­մը։ Վէյ­սի Քայ­նաք պա­հան­ջած է, որ աշ­խա­տան­քին ար­դիւն­քը ներ­կա­յա­ցուի ի­րեն, իսկ ա­ւե­լի վերջ՝ Վար­չա­պետ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րը­մին եւ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նին։

Ի լրումն այս բո­լո­րին, զրոյ­ցի տե­ւո­ղու­թեան շօ­շա­փուած են փոք­րա­մաս­նա­կան վար­ժա­րան­նե­րու խնդիր­նե­րը, ա­նոնց հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու ծա­ռա­յու­թիւն­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ նիւ­թեր, եւ այլ հար­ցեր։ Մաս­նա­ւո­րա­պէս ու­շադ­րու­թեան ա­ռար­կայ դար­ձած են փոք­րա­մաս­նա­կան վա­քըֆ­նե­րուն վե­րա­դար­ձուած կարգ մը կա­լուած­նե­րու կա­լուա­ծա­թուղ­թա­յին ար­ձա­նագ­րու­թիւն­նե­րու ջնջուե­լուն վե­րա­բե­րեալ հար­ցե­րը։ Այս խնդրէն բխած բո­լոր ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը յանձ­նուած են փոխ-վար­չա­պե­տի նկա­տառ­ման։ Փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն եւ ա­նոնց վա­քըֆ­նե­րուն ընդ­հա­նուր խնդիր­նե­րը ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ փոխ-վար­չա­պե­տին հետ քննար­կուե­ցան բո­լոր ե­րե­սակ­նե­րով։

Ինչ­պէս ծա­նօթ է, ան­ցեալ ամ­րան սկիզ­բին Վէյ­սի Քայ­նաք Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի մէջ մաս­նակ­ցած էր Ռա­մա­զա­նի շրջա­նին սար­քուած իֆ­թա­րի սե­ղա­նին՝ բո­լոր փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Փոք­րա­մաս­նա­կան հա­մայնք­նե­րու շրջա­նակ­նե­րը յոյս ու­նէին այդ մթնո­լոր­տին մէջ փոխ-վար­չա­պե­տին հետ շօ­շա­փել առ­կայ խնդիր­նե­րը, մա­նա­ւանդ ընտ­րու­թիւն­նե­րու հար­ցը։ Բայց եւ այն­պէս, նկա­տի ու­նե­նա­լով, որ այդ հա­ւա­քոյ­թէն ան­մի­ջա­պէս ա­ռաջ պա­տա­հած էր Ե­շիլ­գիւ­ղի «Ա­թա­թիւրք» օ­դա­կա­յա­նի յար­ձա­կու­մը, օ­րա­կար­գը բնա­կա­նա­բար յան­կարծ են­թար­կուած էր փո­փո­խու­թեան եւ մնա­ցեալ բո­լոր խնդիր­նե­րը մնա­ցած էին շու­քի տակ։ Այդ օ­րէն ի վեր ար­դէն ար­տա­սո­վոր ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը յա­ջոր­դե­ցին ի­րա­րու եւ Թուր­քիոյ մէջ հաս­տա­տուած է ար­տա­կարգ դրու­թիւն։ Հե­տե­ւա­բար, այս մթնո­լոր­տին մէջ, փոխ-վար­չա­պե­տի մա­կար­դա­կին վրայ փոք­րա­մաս­նու­թեանց խնդիր­նե­րուն վերս­տին ար­ծար­ծուի­լը կը հա­մա­րուի դրա­կան ե­րե­ւոյթ մը։

Ա­տե­նա­պետ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու ե­րէ­կուան տե­սակ­ցու­թեան շուրջ մե­զի տե­ղե­կու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ։ Ան յայտ­նեց, որ ընտ­րու­թիւն­նե­րու խնդի­րը շօ­շա­փուած է ա­ռաջ­նա­հեր­թօ­րէն եւ փոխ-վար­չա­պե­տը խոս­տա­ցած է, որ պի­տի հե­տաքրք­րուի այս հար­ցով ան­պայ­ման։ «Ես եր­կար ժա­մա­նա­կէ ի վեր կը ճանչ­նամ Վէյ­սի Քայ­նա­քը, ար­դար անձ­նա­ւո­րու­թիւն մըն է ու վստահ եմ ան­պայ­ման կա­րե­լին պի­տի ը­նէ խնդի­րը լու­ծե­լու հա­մար», ը­սաւ Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու եւ ա­ւել­ցուց, թէ յա­մե­նայն­դէպս դժուար է յստակ ժամ­կէ­տի մը մա­սին խօ­սիլ։ «Այս պա­հուն, մենք գի­տենք, որ դի­ւա­նա­կալ­նե­րուն աշ­խա­տան­քը ա­ւար­տած է եւ հար­ցին լու­ծու­մը կա­խում ու­նի գոր­ծա­դիր պատ­կան մար­մին­նե­րու ո­րո­շու­մէն», ա­ւել­ցուց ա­տե­նա­պե­տը։

Պետ­րոս Շի­րի­նօղ­լու մե­զի յայտ­նեց, որ ինք ե­րէկ Վէյ­սի Քայ­նա­քին յի­շե­ցու­ցած է նաեւ Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի հան­դի­պա­կաց՝ եր­բեմ­նի բան­ջա­րա­նո­ցի տա­րած­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քին վե­րա­բե­րեալ խնդի­րը։ Ծա­նօթ է, որ այդ տա­րած­քին սե­փա­կա­նու­թեան ի­րա­ւուն­քը վե­րա­դար­ձուած էր Սուրբ Փրկիչ Ազ­գա­յին հի­ւան­դա­նո­ցի, սա­կայն Ան­գա­րա­յի կող­մէ կա­տա­րուած դրա­կան կար­գադ­րու­թիւն­նե­րէն վերջ դա­տա­րան դի­մած էին տե­ղա­կան ինք­նա­կա­ռա­վար­ման մար­մին­նե­րը՝ ի դէմս Զէյ­թին­պուր­նուի քա­ղա­քա­պե­տու­թեան եւ Իս­թա­նու­լի գլխա­ւոր քա­ղա­քա­պե­տու­թեան։

Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 6, 2016