Նորին սրբազնութիւնը անհանգիստ է ԺԱՄԱՆԱԿ-ի հրատարակութիւններէն, մանաւանդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի յայտարարութիւններուն հետեւանքով

Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անհանգստութիւն յայտնեց ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի վերջին հրատարակութիւններուն կապակցութեամբ։ Նորին Սրբազնութիւնը մասնաւորապէս անհանգստացած էր Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան Թեմի Առաջնորդ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ նախընթաց օր հեռաձայնով մեր ունեցած հարցազրոյցին բերումով։ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի յայտարարութիւնները ակնյայտօրէն մտահոգութիւն պատճառած էին տեղապահ սրբազան հօր։

Երէկուան մամլոյ ասուլիսին ընթացքին ան բաց եւ անթաքոյց ձեւով արտայայտեց իր անհանգստութիւնը եւ վրդովմունքը թէ՛ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի տեսակէտներուն եւ թէ մեր թերթին կողմէ անոնց տեղ տրուած, հարթակ տրամադրուած ըլլալուն բերումով։ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շեշտեց, որ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի մէջ լոյս տեսած հարցազրոյցէն վերջ ինքն ալ հեռախօսազրոյց մը ունեցած է Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի հետ։ «Եթէ բան մը գիտէ, եթէ հեռակայ դրութեամբ որոշ բաներ կը դիտարկէ՝ ապա ան նախ եւ առաջ հեռաձայնով պէտք է խօսէր ինծի հետ՝ առանց նախընտրելու մամուլին յայտարարութիւններ ընելը։ Իմ հեռաձայնիս թիւը գիտէ։ Ինք սիրալիր արտայայտութիւններ ունեցած է իմ մասին, սակայն ի շարունակութիւն ըսածները արդէն անիմաստ կը դարձնեն այդ բոլորը։ Ես ալ կը ջանամ իմ եղբայրական սէրը պահել Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեանի նկատմամբ», ըսաւ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան։  

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2017