ԴԷՊԻ ՄԵՐ ՍԻՐՏԸ…

Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայոց մայր տաճարին մէջ այսօր տեղի կ՚ունենայ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի յուղակաւորութիւնը։ Այս առթիւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ յայտարարուած է ազգային սուգ։ Երէկ երեկոյեան Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին վրայ եւ մեծանուն վարպետի անունով կառուցուած կեդրոնէն ներս շարունակուեցան ոգեկոչման արարողութիւնները։ Հազարաւորներ մասնակցեցան հրապարակի մոմավառութեան եւ ստորագրեցին կեդրոնէն ներս դրուած սգոյ տոմարը։ Մինչ երէկ Փարիզի «Էնվալիտ»ներու պալատին մէջ տեղի ունեցած փառաշուք սգահանդէսի արձագանգները կը շարունակուին, այսօրուան յուղարկաւորութենէն վերջ Շարլ Ազնաւուրի մարմինը պիտի ամփոփուի Փարիզի մօտակայ Մոնֆոր լ՚Ամորիի ընտանեկան դամբարանին մէջ։ Հաշուի առնելով Փարիզի հայոց Մայր տաճարի տարողութիւնը՝ յուղարկաւորութեան պիտի կարենան մասնակցիլ միայն ընտանեկան պարագաներ եւ պաշտօնական անձնաւորութիւններ։

«ՇԱՐԼ ԱԶՆԱՒՈՒՐ ԱՅՆ ԱՆՁՆ Է, ՈՐ ՆՈՐ ԲԱՐՁՈՒՆՔՆԵՐՈՒ ՀԱՍՑՈՒՑ ՀԱՅՈՒ ԱՆՈՒՆԸ, ՆՈՐ ՇՈՒՆՉ ՈՒ ՆՈՐ ԵՐԱՆԳ ՏՈՒԱՒ ՀԱՅՈՒ ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ»

Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան երէկ հետեւեալ դամբանախօսութիւնով հանդէս եկաւ ի յարգանս Շարլ Ազնաւուրի Փարիզի մէջ կազմակերպուած սգահանդէսին ժամանակ։

*

Այսօր հաւաքուած ենք մեր խոնարհումը բերելու եւ գնահատանքի մեր տուրքը մատուցելու ֆրանսական շանսոնի մեծ վարպետին՝ Շարլ Ազնաւուրի նկատմամբ։ Ութ տասնեակ այս անունը ժպիտ փորագրած է միլիոնաւոր դէմքերու վրայ, արագացուցած կամ դանդաղեցուցած տասնեակ միլիոնաւոր մարդոց շնչառութիւնը, փայլ ներարկած է հարիւր միլիոնաւոր աչքերու մէջ։

Եւ այս անունը 2018 թուականի հոկտեմբերի 1-ին պահ մը կանգնեցուց երկիր մոլորակի եւ միջազգային կեանքի ընթացքը՝ անամոքելի թախիծ մը վրձինելով հարիւր միլիոնաւոր մարդոց դէմքերուն, իր վերջին եւ ամենազանգուածային աֆիշը թողարկելով աշխարհի յառաջատար լրատուամիջոցներու առաջին էջերուն. «94 տարեկան հասակին մահացած է Շարլ Ազնաւուր»։

Բայց ինչի՞ մասին կը պատմեն այդ վերնագրերը, ինչի՞ մասին կը պատմեն այդ ազդագրերը։ Միթէ ունայնութեա՞ն կամ յուսահատութեան։ Ո՛չ, ամենեւին, այդ ազդագրերը կը պատմեն սեփական ճակատագրի դէմ այս մեծ մարդու եւ գերդաստանի տարած փառահեղ յաղթանակի մասին։ Հայոց ցեղասպանութենէն մազապուրծ՝ Շարլ Ազնաւուրի նախնիները դեգերեցան աշխարհի մէջ եւ ի վերջոյ հանգրուանեցին հարիւր հազարաւոր հայերու օթեւան ու յոյս տուած Ֆրանսայի մէջ, ուր ալ ծնաւ Վաղինակ Ազնաւուրեանը, որ յետոյ պիտի դառնար մեծն Շարլ Ազնաւուր։

Կրելով անասելի դժուարութիւններ, Վաղինակ-Շարլը, ի վերջոյ, գտաւ իր կոչումը, բայց այդ կոչումին բացի իրմէ ոչ ոք կը հաւատար։ Բոլորը զինք կը համոզէին, կը բացատրէին, որ բեմը իր գործը չէր, երգելը իր կոչումը չէր, որ ճակատագիրը առանց այդ ալ շռայլ գտնուած է իրեն նկատմամբ՝ իր ծնողը փրկելով ցեղասպանութեան աղէտէն։

Բայց Վաղինակ Ազնաւուրեանին կարեկցանք հարկաւոր չէր, այլեւ առաքելութիւն եւ ան գիտէր իր առաքելութիւնը եւ այդ առաքելութիւնը Շարլ Ազնաւուր դառնալու աներեւակայելի ճանապարհն էր։ Եւ ան երգեց ու գրեց եւ ան գրեց ու երգեց դատարկ եւ կիսադատարկ դահլիճներու մէջ եւ ան երգեց անյոգնել ու աննահանջ եւ մարդկութեան տուաւ ժամանակ՝ հասկնալու եւ գիտակցելու, թէ մեծ աստղ մը ծագած է համաշխարհային մշակոյթի երկնակամարին, թէ տակաւին քանի մը տասնեակ տարիներ պէտք է «պայթեցնէ» աշխարհի ամենահեղինակաւոր դահլիճները։

Եւ իր ձայնը տարածուեցաւ աշխարհի բոլոր կողմերը, հասաւ ամենահեռաւոր երկիրներ եւ ջերմացուց նոյնիսկ ամենասառն սրտերը։

Դժբախտաբար, ես չհասայ անձամբ ծանօթանալ մեծ վարպետի, Շարլ Ազնաւուրի հետ։ Բայց հաւատացէք՝ զինքը կ՚ընկալեմ որպէս մերձաւոր հարազատ։ Զինքը այսպէս կ՚ընկալէ իւրաքանչիւր հայ, որովհետեւ Ազնաւուր այն մարդն է, որ հայու անունը հասցուցած է նոր բարձունքներու եւ որ հայու հպարտութեան տուած է նո՛ր շունչ մը, նո՛ր երանգ մը եւ որ կարողացած է ապրիլ իր պատմական հայրենիքի եւ իր ժողովուրդի ցաւերով, հոգերով ու երազանքներով։ Նաեւ այս է պատճառը, որ Շարլ Ազնաւուրին շնորհուած է Ազգային հերոսի կոչում։ Բայց ան այդ կոչումը վաստկած է ո՛չ միայն երգիչի իր հանճարով, այլեւ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան կայացման գործին մէջ ունեցած անուրանալի վաստակին համար։ Հայաստանի մէջ իր անունով կոչուած են փողոցներ ու հրապարակներ, իսկ Հայաստանի երկրորդ քաղաք Կիւմրիի մէջ արդէն երկար տարիներէ ի վեր կը խոյանայ իր մեծաշուք արձանը եւ ան թերեւս միակ մարդն է, որու Հայաստանի մէջ արձանը կանգնեցուած է կենդանութեան օրօք։ Շարլ Ազնաւուրի մահուան կապակցութեամբ Հայաստանի մէջ սուգ յայտարարուած է եւ այս ամէնը կ՚արտայայտէ այն հսկայական սէրը, զոր իւրաքանչիւր հայ, ամէն հայ՝ առանց բացառութեան, կը տածէ այս մեծ մարդու, մեծ ֆրանսացիի, աշխարհի այս մեծ քաղաքացիի նկատմամբ։

Ֆրանսայի Հանրապետութեան մեծարգոյ նախագահ Պարոն Էմմանիւէլ Մաքրոն,

Շարլ Ազնաւուրի հրաժեշտի այս վեհաշուք արարողութեան ընթացքին չեմ կրնար չարտայայտել այն առանձնակի յարգանքն ու երախտագիտութիւնը, զոր մեր ժողովուրդը կը տածէ ձեր երկրի նկատմամբ։ Եւ կը փափաքիմ հայ ժողովուրդի երախտագիտութիւնը արտայայտել Ֆրանսայի պետութեան եւ բոլոր ֆրանսացիներուն նկատմամբ՝ ցեղասպանութենէ մազապուրծ մեր ժողովուրդին օթեւան տալու եւ հայկական տաղանդի զարգացման բարենպաստ միջավայր ձեւաւորած ըլլալու համար։ Ֆրանսայի հայութիւնը տուած է այնպիսի անուններ. ինչպէս՝ Շարլ Ազնաւուր, Անրի Վերնէօյ, Ժորժ Կառվարենց, Գառզու, Ժանսեմ եւ Ֆրանսան մեր ժողովուրդի վերածնունդի սիրելի ովասիս մը դարձած է։

Շարլ Ազնաւուր, անշուշտ, Ֆրանսայի մեծ նուիրեալ մըն էր, Ֆրանսայի մեծ քաղաքացի, ֆրանսերէնի տարածման անկրկնելի մունետիկ մը, բայց նաեւ Հայաստանի մեծ պաշտպանն էր, Հայաստանի քաղաքացի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան։ Ան կ՚ապրէր Հայաստանի հոգերով եւ մեր ժողովուրդը իր հոգատարութիւնը տեսած ու զգացած էր երեսուն տարի առաջ տեղի ունեցած մեծ երկրաշարժի ժամանակ, Հայաստանի անկախութեան բոլոր դժուարին օրերուն։

Շարլ Ազնաւուր անտարբեր չմնաց նաեւ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած ոչ-բռնի, թաւշեայ, ժողովրդական յեղափոխութեան նկատմամբ եւ ինծի ուղղուած վերջին նամակին մէջ մասնաւորապէս գրած էր. «Երբ որ առողջութիւնս թոյլ տայ, ջերմօրէն կը փափաքիմ այցելել այս նոր Հայաստանը եւ ծանօթանալ այն առողջ ուժերուն, որոնք պիտի ձեւաւորեն մեր ազգի գալիքը»։

Մեծ վարպետը կը պատրաստուէր Հայաստան այցելել յաջորդ շաբաթ, Ֆրանսախօսութեան միջազգային կազմակերպութեան 18-րդ գագաթաժողովին առթիւ եւ անոր խոստացած էի ծանօթացնել նոր Հայաստանի հետ, խոստացած էի, որ ան միանգամայն կը զգայ նոր Հայաստանի յաղթանակած քաղաքացիի լաւատեսութիւնն ու ոգին։ Դժբախտաբար, այս խոստումը չկարողացայ կատարել, սփոփանքս է, որ Ազնաւուր այնուամենայնիւ հասաւ իր վերջին պատգամը յղել նոր Հայաստանին՝ ինծի գրած նամակին մէջ ըսելով. «Սրտանց կը փափաքիմ, որ Հայաստանի երիտասարդութիւնը կարողանայ երբեւէ դրսեւորել իր ամբողջ ներուժը եւ իր երազանքները իրականութիւն դարձնել Հայաստանի մէջ»։

Սիրելի վարպետ, մեծարգոյ Շարլ Ազնաւուր,

Ձեր նամակին մէջ դուք ճշգրտօրէն ձեւակերպած էք այն, ինչ որ կ՚ուզէ հայ ժողովուրդը, ինչ որ կ՚ուզէ Հայաստանի երիտասարդութիւնը։ Եւ այստեղ, հիմա, աշխարհի աչքի առջեւ կ՚ուզեմ հանդիսաւոր կերպով ձեզի խոստանալ, որ իրականութիւն պիտի դարձնենք ձեր պատգամը, կեանքի պիտի կոչենք ձեր ցանկութիւնը։ Կ՚ուզեմ հաւաստիացնել, թէ անմնացորդ նուիրուած եմ այն գործին, որ նոր Հայաստանը պիտի դարձնէ այնպէս՝ ինչպէս դուք կ՚երազէիք։ Ազատ եւ երջանիկ Հայաստանը իսկապէս արժանի գնահատականը կ՚ըլլայ հայ ժողովուրդի եւ Հայաստանի նկատմամբ ձեր ունեցած անուրանալի վաստակին։

Կը խոնարհիմ ձեր առջեւ՝ մեծ ֆրանսացի, մեծ հայ, մեծ արուեստագէտ, մեծ մարդասէր։

Ննջէ խաղաղութեամբ, սիրելի վարպետ։

Շաբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2018