ԱՐԱ ԿԻՒԼԷՐԻ «ԳՈՒՆԱՒՈՐ ԱՆԱՏՈԼՈՒ»Ն

Աշխարհահռչակ անմոռանալի լուսանկարիչ լուսահոգի Արա Կիւլէրի թողած ժառանգութիւնը այնքան մեծ է, որ զանազան առիթներով կը շարունակէ ներշնչանքի դուռ բանալ, նաեւ մերօրեայ հասարակութեան աչքին վերակենդանացնել զանազան կերպարներ։

Երէկ երեկոյեան Արա Կիւլէրի թանգարանին նախաձեռնութեամբ բացուեցաւ նոր ցուցահանդէս մը, որ պատրաստուած է իր արխիւին հիման վրայ։ «Գունաւոր Անատոլու» խորագրեալ այս ցուցահանդէսը առաջին իսկ քայլափոխին մեծ հետաքրքրութեան առարկայ դարձաւ։ Արա Կիւլէրի թանգարանը, որ հաստատուած է «Պոմոնթիատա»ի համալիրէն ներս, շուրջ կէս տարի պիտի հիւրընկալէ գեղարուեստասէրները, որոնց տրամադրութեան տակ դրած է անմոռանալի վարպետի ոսպնեակին որսած վառ դրուագները։ Արա Կիւլէրի 89 լուսանկարներէն բաղկացեալ այս ցուցահանդէսի ծրագրի տնօրէնուհին եղած է Չաղլա Սարաչ։ Երէկ երեկոյեան տեղի ունեցած բացման հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Շիշլիի քաղաքապետ Մուամմէր Քեսքին։

Ցուցահանդէսը բաց պիտի մնայ մինչեւ 7 ապրիլ 2024 թուականը։

Ուրբաթ, Հոկտեմբեր 6, 2023