ԹԻՐԱԽՆԵՐ ԵՒ ՀԱՐՈՒԱԾՆԵՐ
Ահաբեկչութեան դէմ պայքարը այս շրջանին դարձեալ առաջնահերթութիւն դարձած է Թուրքիոյ օրակարգին վրայ։ Թէեւ այս խնդիրը երբեք օրակարգէ դուրս չէ մնացած, սակայն, շաբաթավերջին մայրաքաղաքի մէջ տեղի ունեցած ահաբեկչական վերջին դէպքը այս փուլին բնորոշած է անկիւնադարձ մը։ Վերջին շրջանի իրերայաջորդ զգուշացումներէն վերջ, այդ դէպքով Անգարա վերստին վճռական քայլերու ձեռնարկած է՝ բաժակը յորդած համարելով։
Թուրքիա երէկ ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի Սուրիոյ կառոյցները ոչնչացուց՝ հարուածային անօդաչու թռչող սարքերով կազմակերպուած գործողութեամբ։ Յստակ թիրախներու դէմ տրուեցան ազդու հարուածներ։ ՄԻԹ-ի կողմէ կազմակերպուած այս գործողութիւնով ոչնչացուեցան ՓՔՔ-ԵՓԿ-ի զինանոցները եւ այլ կեդրոններ։ Թուրք զինեալ ուժերն ալ մասնակցեցան գործողութիւններուն։ Բանակը ռազմաօդանաւերով ռմբակոծեց նաւթահորեր եւ նաւթի շտեմարաններ, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ Գամիշլի քաղաքի ելեկտրակայաններէն մին, որոնք ՓՔՔ-ԵՓԿ-ին կը պատկանէին։
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ նախընթաց օր բարձր մակարդակի վրայ խորհրդակցութիւն մը տեղի ունեցած էր Ազգային պաշտպանութեան նախարարութենէն ներս։ Այդ ժողովին մասնակցած էին՝ ազգային պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր, արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան, ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայա, ՄԻԹ-ի խորհրդական Իպրահիմ Քալըն եւ ընդհանուր սպայակոյտի նախագահ զօրավար Մեթին Կիւրաք։ Այս ժողովէն ներս Թուրքիա յամառ պատգամ տուած էր, որպէսզի երրորդ երկիրները ետ քաշուին, որովհետեւ ՓՔՔ-ի բոլոր կառոյցներն ու լծակները օրինական թիրախ պիտի համարուէին։ Օր մը վերջ արդէն յաջորդեցին գործողութիւնները, որոնք ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ սարսափելի հարուածներու առիթ դարձան։
Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ արձագանգեց այս իրադարձութեան՝ զօրակցութիւն յայտնելով Անգարային։ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան բանբերի տեղակալ Վետանթ Փաթել նշեց, որ ամերիկեան կողմը կը գիտակցի Թուրքիոյ ուղղեալ ՓՔՔ-ի սպառնալիքին։ Ան աւելցուց, որ մտահոգ են նաեւ Սուրիոյ զինուորական մագլցումէն։ Իր կարգին Փենթակոնի ներկայացուցիչն ալ անդրադարձաւ վերջին գործողութիւններուն։ Այսպէս, ԱՄՆ-ի Պաշտպանութեան նախարարութեան բանբեր զօրավար Փեթ Ռայտըր դիտել տուաւ, որ Թուրքիոյ կողքին դիրք կը գրաւեն ՓՔՔ-ի դէմ պայքարի գծով։