ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԹԱՐՄԱՑՈՒՄ
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հանդիպման համար նոր թուական մը ճշդուեցաւ։ Այսպէս, անոնք ժամադրուեցան հոկտեմբերի վերջաւորութեան Պրիւքսելի մէջ տեսակցելու համար։ Երէկ Կրանատայի մէջ նախատեսուած հնգակողմանի հանդիպման ջնջուելէն վերջ, արդէն օրացոյցը թարմացուած է Երեւանի եւ Պաքուի հերթական բարձր մակարդակի շփումին համար։ Կրանատայի հանդիպման յետաձգուելէն վերջ Պաքու տեղեկացուցած էր, որ Եւրոմիութեան միջնորդութեամբ, եռակողմանի ձեւաչափով պատրաստ է Երեւանի հետ բանակցելու։ Այդ կէտէն սկսեալ ԵՄ-ի խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշելն ալ Փաշինեանին եւ Ալիեւին ուղղեալ նոր հրաւէրով մը հանդէս եկաւ։ Այժմ կը սպասուի ամսավերջի այդ հանդիպման։ Շարլ Միշել տեղեկացուց, որ երկու ղեկավարներն ալ համաձայնած են մասնակցելու Պրիւքսելի ժամադրութեան։ «Մենք շատ ջանասիրաբար կ՚աշխատինք Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ոլորտին մէջ յառաջընթացի հասնելու համար», ըսաւ ան։
Երէկ, Նիկոլ Փաշինեան Կրանատայի մէջ առանց Ալիեւի մէկտեղուեցաւ՝ Շարլ Միշելի, Ֆրանսայի Հանրապետութեան նախագահ Էմմանիւէլ Մաքրոնի եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլցի հետ։ Քառակողմանի այս հանդիպումէն վերջ հրապարակուեցաւ նաեւ յայտարարութիւն մը։ Փաշինեան ունեցաւ նաեւ այլ երկկողմանի հանդիպումներ եւ իր զրուցակիցներու շարքին էր նաեւ Եւրոյանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա ֆոն տեր Լէյէնը։ Մինչ այդ, Եւրոխորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլան ալ երէկ Կրանատայի մէջ Նիկոլ Փաշինեանի հետ զրուցելու ընթացքին հրաւէր ուղղեց, որպէսզի ան Սթրազպուրկի մէջ ելոյթ ունենայ լիագումար նիստի ժամանակ։ Իր կարգին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանն ալ երէկ Կրանատայի մէջ տեսակցեցաւ Եւրոմիութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէֆ Պորելի հետ։
Տարածաշրջանէն ներս դաշտի վրայ իրադարձութիւնները կը շարունակեն Հայաստանի տեսակէտէ մտահոգիչ պատկեր մը պարզել՝ քանի Թուրքիա եւ Ատրպէյճան կը շարունակեն վճռականօրէն հետապնդել Զանգեզուրի միջանցքի բացումը։ Առայժմ դժուար է պատկերացնել, թէ այդ վճռականութիւնը ինչպիսի՛ հետեւանքներ կրնայ ունենալ Հայաստանի տեսակէտէ։ Թրքական մամուլը կը գրէ, որ Ռուսաստան կանաչ լոյս վառած է Զանգեզուրի միջանցքի բացման, իսկ Իրան հետզհետէ աւելի ընդգծեալ ձեւով կ՚արտայայտէ իր մտահոգութիւնը, թէ այդ միջանցքը պիտի նշանակէ ՆԱԹՕ-ի տարածաշրջան ներթափանցումը։ Ի դէպ, Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ յայտարարեց, որ Հայաստան չէ դադրած իր երկրի դաշնակիցը ըլլալէ։ Այս փուլին, ըստ երեւոյթին, Արեւմուտքը որոշ զգայնութիւն կը ցուցաբերէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան եւ ինքնիշխանութեան տեսակէտէ, բայց, մեծ հարցական մըն է, թէ սա գործնական գետնի վրայ ի՞նչ կրնայ նշանակել։ Ըստ որոշ լուրերու, Եւրոմիութիւնը ներկայիս կը փափաքի, որ Հայաստան եւս ներգրաւուի այն կարգ մը տարածաշրջանային նախագծերուն, որոնց կը մասնակցի Ատրպէյճան։ Թէ ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ այդ բանը, անշուշտ, իրադարձութիւնները ցոյց պիտի տան։
Միւս կողմէ, հայկական լրահոսին մէջ արձագանգ գտած են Ատրպէյճանի պետական սահմանային ծառայութեան ղեկավար Էլչին Կուլիեւի յայտարարութիւնները, ըստ որոնց, Հայաստանի հետ սահմանի երկայնքին ապահովութեան ու պաշտպանութեան համար կազմակերպչական աշխատանքներ կը տարուին։ Ցարդ Ատրպէյճան Հայաստանի սահմանին վրայ կառուցած է 19 նոր զօրամաս եւ 140 մարտական կէտ։