ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ՀՌՉԱԿԱԳԻՐ

Վրաս­տա­նի Նա­խա­գահ Կէոր­կի Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ Ատր­պէյ­ճա­նի Նա­խա­գահ Իլ­համ Ա­լիե­ւի կող­մէ Թիֆ­լիզ տրուած եր­կօ­րեայ վեր­ջին պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թիւ­նը նոր ու կա­րե­ւոր հանգ­րուան մը բնո­րո­շեց եր­կու եր­կիր­նե­րու յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րուն մէջ։ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի եւ Ա­լիեւ ե­րէկ Թիֆ­լի­զի մէջ ու­նե­ցան ա­ռանձ­նազ­րոյց մը եւ ա­ւե­լի վերջ գլխա­ւո­րե­ցին ընդ­լայ­նուած կազ­մով բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րը։ Ա­նոնք սար­քե­ցին նաեւ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լիս մը։ Այ­ցե­լու­թեան ծրագ­րին շրջագ­ծով կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւնն էր Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի եւ Ա­լիե­ւի կող­մէ երկ­կող­մա­նի հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան խո­րաց­ման ուղ­ղեալ հռչա­կագ­րի հան­դի­սա­ւոր ա­րա­րո­ղու­թիւ­նով մը ստո­րագ­րու­մը։ Այս փաս­տա­թուղ­թով կը նա­խա­տե­սուի վրա­ցա-ատր­պէյ­ճա­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան աշ­խու­ժա­ցու­մը։ Ըստ Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի, եր­կու եր­կիր­նե­րը կը ձգտին ընդ­լայ­նել ի­րենց գոր­ծըն­կե­րու­թիւ­նը՝ քա­ղա­քա­կան, անվ­տան­գու­թեան, ա­ռեւ­տու­րի, տնտե­սու­թեան, տա­րանց­ման, մշա­կոյ­թի, գի­տու­թեան եւ կրթու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Նոյն կա­պակ­ցու­թեամբ Ա­լիեւն ալ ը­սաւ, թէ Վրաս­տան եւ Ատր­պէյ­ճան ռազ­մա­վա­րա­կան գոր­ծըն­կեր­ներ են եւ ի­րենց փա­փաքն է եր­կու պե­տու­թիւն­նե­րուն մի­ջեւ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գա­ցու­մը։

Դէ­պի Թիֆ­լիզ պաշ­տօ­նա­կան այ­ցե­լու­թեան շրջագ­ծով Ա­լիեւ հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ նաեւ Վրաս­տա­նի Վար­չա­պետ Ի­րակ­լի Ղա­րի­պաշ­վի­լիի, Խորհր­դա­րա­նի նա­խա­գահ Տա­ւիտ Ու­սու­պաշ­վի­լիի, ինչ­պէս նաեւ Հա­մայն Վրաց Կա­թո­ղի­կոս-Պատ­րիարք Ի­լիա Բ.-ի հետ։

Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հետ հա­մա­տեղ սար­քած մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ա­լիեւ ու­շադ­րու­թիւն հրա­ւի­րեց ստո­րագ­րուած հռչա­կագ­րի բո­վան­դա­կած ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րուն վրայ՝ ազ­գա­մի­ջեան հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու շուրջ։ Այդ շրջագ­ծով, Թիֆ­լիզ եւ Պա­քու կը նա­խա­տե­սեն բո­լոր հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու, նե­րա­ռեալ Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րածք­նե­րէն ներս ծայր տուած հա­կա­մար­տու­թիւն­նե­րու կար­գա­ւո­րու­մը՝ եր­կիր­նե­րու տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան, ինք­նիշ­խա­նու­թեան եւ սահ­ման­նե­րու ան­ձեռնմ­խե­լիու­թեան սկզբուն­քով։ Ըստ Ա­լիե­ւի, լու­ծում­նե­րը պէտք է ըլ­լան մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ո­րո­շում­նե­րուն հի­ման վրայ։ Թիֆ­լի­զի մէջ ան ը­սաւ, թէ եր­կար տա­րի­նե­րէ ի վեր բռնագ­րաւ­ման տակ կը գտնուի Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղն ու ա­նոր յա­րա­կից եօթ շրջա­նը։ Ա­լիե­ւի պնդու­մով՝ Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բաղ Ատր­պէյ­ճա­նի վա­ղե­մի ու պատ­մա­կան տա­րածքն է։ Ան ափ­սո­սանք յայտ­նեց, թէ այս հա­կա­մար­տու­թիւ­նը ցարդ չէ կար­գա­ւո­րուած, հա­կա­ռակ մի­ջազ­գա­յին բո­լոր հե­ղի­նա­կա­ւոր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րուն կող­մէ ըն­դու­նուած ո­րո­շում­նե­րուն՝ ա­նոր Ատր­պէյ­ճա­նի տա­րած­քա­յին ամ­բող­ջա­կա­նու­թեան շրջագ­ծով կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ։

Ա­լիեւ Թիֆ­լի­զի մէջ մատ­նան­շեց նաեւ, թէ Վրաս­տա­նի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի մի­ջեւ շատ ար­դիւ­նա­ւէտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն մը կը ծա­ւա­լուի տնտե­սա­կան գետ­նի վրայ։ Ի­րենք կը փա­փա­քին, որ ա­ռեւ­տու­րի շրջա­նա­ռու­թիւ­նը ա՛լ ա­ւե­լի մեծ­նայ եւ այս ուղ­ղու­թեամբ մեծ է փո­խա­դարձ հե­տաքրք­րու­թիւ­նը։ Ա­զէ­րի ղե­կա­վա­րը յի­շե­ցուց, որ իր եր­կի­րը մեծ ներդ­րում­ներ կը կա­տա­րէ Վրաս­տա­նի մէջ եւ այս վեր­ջի­նը ներդ­րում­նե­րու տե­սա­կէ­տէ շատ հրա­պու­րիչ եր­կիր մըն է։ Ըստ Իլ­համ Ա­լիե­ւի, Վրաս­տա­նի մէջ ներդ­րում­նե­րու տե­սա­կէ­տէ ստեղ­ծուած է շատ դրա­կան մթնո­լորտ մը։ Ան այս կա­պակ­ցու­թեամբ շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ փո­խան­ցեց Վրաս­տա­նի ղե­կա­վա­րու­թեան։

Մարկ­վե­լաշ­վի­լիի հետ հա­մա­տեղ մամ­լոյ ա­սու­լի­սին ըն­թաց­քին Ա­լիեւ տե­ղե­կա­ցուց, որ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած են նաեւ ու­ժա­նիւ­թի եւ փո­խադ­րու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու խնդիր­նե­րը, ո­րոնք շօ­շա­փուած են ման­րա­մաս­նօ­րէն։

Հարկ է նշել, որ Մարկ­վե­լաշ­վի­լի ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ի պա­տիւ Ա­լիե­ւին կազ­մա­կեր­պած է նաեւ պաշ­տօ­նա­կան ընթ­րիք մը, ո­րու ըն­թաց­քին եր­կու նա­խա­գահ­նե­րը հան­դէս ե­կած են բա­ժա­կա­ճա­ռե­րով։

Թիֆ­լի­զի մէջ Ա­լիեւ մաս­նա­ւո­րա­պէս ընդգ­ծեց, որ բեռ­նա­փո­խադ­րում­նե­րու ո­լոր­տէն ներս Ատր­պէյ­ճան կը փա­փա­քի Վրաս­տա­նի հետ հան­դէս գալ միաս­նա­կան դիր­քէ մը։ Ան կա­րե­ւո­րեց Վրաս­տա­նի եւ Թուր­քիոյ տա­րածք­նե­րով Ատր­պէյ­ճա­նի կա­զը Եւ­րո­պա հասց­նե­լու ուղ­ղեալ, առ­նուազն 45 մի­լիառ ա­մե­րի­կեան տո­լար ար­ժո­ղու­թեամբ Հա­րա­ւա­յին հոսք կա­զա­տա­րին կա­ռու­ցու­մը։ Ա­լիեւ հա­մո­զուած է, թէ սա ներ­կա­յիս տնտե­սա­կան ու քա­ղա­քա­կան մեծ նշա­նա­կու­թիւն ու­նի Վրաս­տա­նի, Ատր­պէյ­ճա­նի եւ Եւ­րո­պա­յի տե­սան­կիւ­նէն։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015