ԵՐԵՒԱՆԻ ԼՈՒՍԱՒՈՐՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ԽՆԱՅՈՂԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳ ՄԸ ՊԻՏԻ ՀԱՍՏԱՏՈՒԻ
Վերակառուցման եւ զարգացման եւրոպական դրամատան, Հայաստանի Ելմտական նախարարութեան եւ Երեւանի քաղաքապետարանին միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ համաձայնագիր մը, որ կը վերաբերի Երեւանի 28 փողոցներու լուսաւորութեան համակարգին։ Այսպէս, յառաջիկայ շրջանին Երեւանի 28 փողոցներուն մէջ պիտի հաստատուի լուսաւորութեան նոր դրութիւն մը, որ ուժանիւթ խնայելու ընդունակութիւններով օժտուած է։
Վերոյիշեալ դրամատան Երեւանի գրասենեակի ղեկավար Մարք Տէյվիս շեշտեց, թէ Հայաստանի մէջ ուժանիւթ խնայելու համար լաւագոյն միջոցն է համապատասխան փորձագիտութիւններու ներդրումը։ Այս հարցին վրայ կեդրոնացած է նաեւ երկրի Ուժանիւթի եւ բնական պաշարներու նախարարութիւնը։
«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, փորձնական այս ծրագրին շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ տարեկան 2000 մէկավաթ ելեկտրական ուժանիւթ խնայել։ Աւելին, Երեւանի լուսաւորութեան որակի բարձրացման առընթեր, այս ծրագրին շրջանակներէն ներս, խնայողական լապտերներ օգտագործելով հնարաւոր պիտի ըլլայ նուազեցնել սնդիկի արտանետումը, որովհետեւ այս պահու դրութեամբ Երեւանի լուսաւորութեան համակարգէն ներս բաւական բարձր է սնդիկի արտանետումներուն մակարդակը։
Փորձնական հանգրուանի աւարտին, այս դրութիւնը պիտի հաստատուի Երեւանի մնացեալ փողոցներուն մէջ եւս։ Ծրագրին ընդհանուր արժէքը պիտի կազմէ 57 միլիոն ամերիկեան տոլար։
Շնորհիւ նոր լուսաւորութեան դրութեան պիտի կրճատուին ուժանիւթի սպառման ծախսերը եւ Երեւանի քաղաքապետարանն ալ խնայողութիւններ պիտի կարենայ ապահովել այս տեսանկիւնէն։