ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ

«Հա­լէպ» հայ­րե­նակ­ցա­կան բա­րե­սի­րա­կան հա­սա­րա­կա­կան կազ­մա­կեր­պու­թիւ­նը Նո­յեմ­բեր 9-13 թո­ւա­կան­նե­րուն մի­ջեւ, Ե­րե­ւա­նի մէջ, պի­տի կազ­մա­կեր­պէ հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան աշ­խա­տանք­նե­րու հնգօ­րեայ բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառք մը:

Ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քը, որ­պէս «Ա­ւան­դա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան դա­սըն­թացք­ներ կա­նանց հա­մար» ծրագ­րի կա­րե­ւո­րա­գոյն բա­ղադ­րիչ, պի­տի ի­րա­կա­նա­ցո­ւի Գեր­մա­նիոյ մի­ջազ­գա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւն ըն­կե­րու­թեան (ԳՄՀԸ) Ե­ւո­րո­միու­թեան «Թի­րա­խա­յին նա­խա­ձեռ­նու­թիւն Հա­յաս­տա­նի հա­մար» ծրագ­րի ծի­րէն ներս:

Ծրագ­րի հիմ­նա­կան նպա­տակն է` բա­րե­լա­ւել սու­րիա­հայ մաս­նա­գէտ­նե­րու եւ ծրագ­րի ան­մի­ջա­կան շա­հա­ռու կա­նանց բա­րե­կե­ցու­թիւ­նը, ինչ­պէս նաեւ նպաս­տել հայ­կա­կան ա­ւան­դա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան տա­րած­ման:

Ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քին ծրագ­րի մաս­նա­կից տե­ղաբ­նակ եւ սու­րիա­հայ ե­րե­սուն կա­նայք ներ­կա­նե­րուն ու­շադ­րու­թեան պի­տի ներ­կա­յաց­նեն ի­րենց կող­մէ ծրագ­րի ի­րա­կա­նաց­ման ըն­թաց­քին պատ­րաս­տո­ւած Ուր­ֆա­յի, Վա­նի, Տան­թէ­լի եւ նոր­վե­կեան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թիւն­նե­րու շուրջ վաթ­սուն ինք­նա­տիպ եւ գե­ղե­ցիկ նմոյշ­ներ: Բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քէն ստա­ցո­ւած հա­սոյ­թը պի­տի յատ­կա­ցո­ւի այդ կա­նանց ըն­տա­նիք­նե­րուն:

Ցու­ցա­հան­դէ­սի ժա­մա­նակ ծրագ­րին մաս­նա­կից կա­նանց պի­տի շնոր­հո­ւին հա­ւաս­տա­գր­­եր ա­ւան­դա­կան ա­սեղ­նա­գոր­ծու­թեան դա­սըն­թացք­նե­րուն ի­րենց մաս­նակ­ցու­թեան եւ յա­ջո­ղու­թեամբ ա­ւար­տե­լուն հա­մար:

Հնգօ­րեայ բա­րե­գոր­ծա­կան ցու­ցա­հան­դէս-վա­ճառ­քի պաշ­տօ­նա­կան բա­ցու­մը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ Նո­յեմ­բե­րի 9-ին, ժա­մը` 15.00-ին, «Հա­լէ­պ» կազ­մա­կեր­պու­թեան նո­րա­բաց կեդ­րո­նին մէջ։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015