ԸՍՏ ՆԱԼՊԱՆՏԵԱՆԻ, ՊԱՔՈՒԻ ՍԱԴՐԱՆՔՆԵՐԸ ՈՒՂՂՈՒԱԾ ԵՆ ԽՈՉԸՆԴՈՏԵԼՈՒ ԲԱՆԱԿՑԱՅԻՆ ԳՈՐԾԸՆԹԱՑԸ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան յայ­տա­րա­րեց, որ Ատր­պէյ­ճա­նի սադ­րանք­նե­րը ուղ­ղուած են խո­չըն­դո­տե­լու Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հա­կա­մար­տու­թեան կար­գա­ւոր­ման բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը։ Ինչ­պէս ծա­նօթ է, Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի եւ Ատր­պէյ­ճա­նի շփման գծին վրայ վեր­ջերս ապ­րուե­ցաւ զգա­յա­ցունց դէպք մը, երբ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը կ՚ի­րա­կա­նաց­նէին դի­տար­կում մը։ Երբ ա­նոնք կը հա­տէին շփման գի­ծը, դի­տարկ­ման վեր­ջին հանգ­րուա­նին լսուե­ցան կրա­կոց­ներ։ Ատր­պէյ­ճա­նի կող­մէ բա­ցուե­ցաւ այդ կրա­կը, հայ­կա­կան կող­մը մա­տու­ցեց այս ուղ­ղու­թեամբ տուեալ­ներ, իսկ Պա­քուի կող­մէ բնա­կա­նա­բար պնդուե­ցաւ հա­կա­ռա­կը։ Հայ­կա­կան կող­մի ներ­կա­յա­ցու­ցած փաս­տե­րով հան­դերձ, ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րը այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ հրա­պա­րա­կուած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ խու­սա­փե­ցան յստակ հաս­ցէ մը ար­տա­յայ­տե­լէ։ Այս դէպ­քին կա­պակ­ցու­թեամբ ե­րէկ մեկ­նա­բա­նու­թիւն­նե­րով հան­դէս ե­կաւ Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան՝ պա­տաս­խա­նե­լով «Ա­զա­տու­թիւն» ռա­տիօ­կա­յա­նի հարց­ման։ Նա­խա­րա­րը այս կա­պակ­ցու­թեամբ ը­սաւ հե­տե­ւեա­լը.

«Այդ դէպ­քը տե­ղի ու­նե­ցաւ հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան մը ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ Ատր­պէյ­ճա­նին ուղ­ղուած հաս­ցէա­կան կո­չե­րէն օ­րեր անց։ Պա­քու ա­մէն ան­գամ ի­րա­վի­ճա­կը կը սրէ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րու տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցե­րուն ժա­մա­նակ։

«Ատր­պէյ­ճա­նա­կան սադ­րանք­նե­րը ուղ­ղուած են խո­չըն­դո­տե­լու բա­նակ­ցա­յին գոր­ծըն­թա­ցը, կաս­կա­ծի տակ դնե­լու միջ­նոր­դա­կան ջան­քե­րու նպա­տա­կա­յար­մա­րու­թիւ­նը։ Յատ­կան­շա­կան է, որ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին այ­ցի ար­դիւնք­նե­րով ի­րենց կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թեան մէջ Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րը այդ դէպ­քը նոյն­պէս ո­րա­կած են կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղեալ ջան­քե­րը խա­թա­րե­լու փորձ։ Պա­տա­հա­կան չէ նաեւ, որ սադ­րան­քի յա­ջորդ օրն իսկ Ատր­պէյ­ճա­նի նա­խա­գա­հը հան­դէս ե­կած է նոր սպառ­նա­լիք­նե­րով եւ միջ­նորդ­նե­րուն ուղ­ղեալ քննա­դա­տու­թեամբ։

«Յի­շեց­նեմ, որ Ա­մե­րի­կա­յի Միա­ցեալ Նա­հանգ­նե­րու Ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րու տան Ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու յանձ­նա­ժո­ղո­վի նա­խա­գահ Էտ Ռոյս եւ նոյն յանձ­նա­ժո­ղո­վի ան­դամ Է­լեըթ Էն­կէլ բաց նա­մակ յղած են Մինս­քեան խմբա­կի ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գահ Ճէյմս Ո­ւոր­լի­քին եւ այդ նա­մա­կին միա­ցած են 83 գոնկ­րէ­սա­կան­ներ։ Նա­մա­կին մէջ ա­նոնք ի­րա­ւա­ցիօ­րէն կ՚ընդգ­ծեն, որ ար­հես­տա­կան հա­ւա­սա­րու­թիւն դնե­լը, երբ հրա­դա­դա­րի իւ­րա­քան­չիւր նոր խախ­տու­մէն յե­տոյ հա­կա­մարտ բո­լոր կող­մե­րուն կ՚ուղ­ղուին ու­ժի կի­րա­ռու­մէն զերծ մնա­լու մա­սին ընդ­հան­րա­կան յայ­տա­րա­րու­թիւն­ներ, չի կրնար յան­գեց­նել լա­րուա­ծու­թեան նուազ­ման, այլ ընդ­հա­կա­ռակն՝ ցայ­սօր վտան­գա­ւոր կեր­պով նպաս­տած է ի­րա­վի­ճա­կի սրման։

«Լիա­յոյս ենք, որ ա­մե­րի­կա­ցի հա­մա­նա­խա­գա­հը ոչ միայն պի­տի հե­տե­ւի ԱՄՆ-ի գոնկ­րէ­սա­կան­նե­րու ար­դար յոր­դոր­նե­րուն, այ­լեւ Մինս­քեան խմբա­կի միւս հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն հետ միա­սին գործ­նա­կան քայ­լե­րու պի­տի ձեռ­նար­կեն կեան­քի կո­չե­լու հրա­դա­դա­րի խախ­տում­նե­րու հե­տաքն­նու­թեան դրու­թեան ստեղծ­ման վե­րա­բե­րեալ ի­րենց իսկ՝ ե­ռա­նա­խա­գահ­նե­րու նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը, ինչ որ ա­նի­մաստ պի­տի դարձ­նէ ան­հաս­ցէ կո­չե­րը»։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015