ԿԱՐՏԻՆԱԼԻՆ ՀԵՏ ԶՐՈՅՑ

Հա­յաս­տա­նի Նա­խա­գահ Սերժ Սարգ­սեան ե­րէկ հիւ­րըն­կա­լեց Չե­խիոյ Կա­թո­լիկ Ե­կե­ղեց­ւոյ Ա­ռաջ­նորդ ու Փրա­կի Ար­քե­պիս­կո­պոս Կար­տի­նալ Տո­մի­նիք Տու­քա­յը, որ այս օ­րե­րուն Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միա­ծին կ՚այ­ցե­լէ Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սի հրա­ւէ­րով։

«Շատ ու­րախ եմ, որ ին­ծի ա­ռիթ ըն­ձե­ռուած է այ­ցե­լել Հա­յաս­տան՝ եր­կիր մը, որ ոչ միայն քրիս­տո­նէու­թիւ­նը ա­ռա­ջին ան­գամ ըն­դու­նած է որ­պէս պե­տա­կան կրօն, այլ նաեւ ու­նի հա­րուստ հնա­գոյն պատ­մու­թիւն ու մշա­կոյթ եւ ժո­ղո­վուրդ մը, որ այդ բո­լո­րին կրողն է եւ մե­ծա­գոյն յար­գանք կը ներշն­չէ», ը­սաւ կա­թո­լիկ բարձ­րաս­տի­ճան ե­կե­ղե­ցա­կա­նը զրոյ­ցի ըն­թաց­քին։

Հան­դիպ­ման ներ­կայ գտնուե­ցան Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի Ա­րա­րո­ղա­կար­գի եւ ար­տա­քին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բաժ­նի վա­րիչ Տ. Նա­թան Արք. Յով­հան­նի­սեան, Կեդ­րո­նա­կան Եւ­րո­պա­յի հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րա­կի փո­խա­նորդ Տ. Տիրան Վրդ. Պետ­րո­սեան եւ հիւր կար­տի­նա­լի ու­ղե­կից­նե­րը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015