ՀԱԼԷՊ ՇՈՒՆՉ ՄԸ ՔԱՇԵՑ ՊԱՇԱՐԵԱԼ ՎԻՃԱԿԷՆ ՎԵՐՋ

Սու­րիոյ ներ­քին պա­տե­րազ­մի մթնո­լոր­տին մէջ ծան­րա­ծանր պայ­ման­ներ կը վի­ճա­կին Հա­լէ­պի։ Պա­տե­րազ­մա­կան ող­բեր­գու­թեան զու­գա­հեռ քա­ղաքն ու ա­նոր բնա­կիչ­նե­րը յա­ճա­խա­կիօ­րէն դէմ յան­դի­ման կը մնան ա­նե­րե­ւա­կա­յե­լի դժուա­րու­թիւն­նե­րու։ Վեր­ջին օ­րե­րուն հա­մայն աշ­խար­հի ու­շադ­րու­թիւ­նը վերս­տին կեդ­րո­նա­ցած էր Հա­լէ­պի վրայ, որ ամ­բողջ ութ օր լրիւ պա­շար­ման օ­ղա­կի մը մէջ մնա­ցած էր։ Բա­րե­բախ­տա­բար, նա­խըն­թաց օր Հա­լէպ ձեր­բա­զա­տուե­ցաւ այդ կա­ցու­թե­նէն։ Պա­շար­ման օ­ղա­կէ դուրս գա­լէ վերջ յա­րա­բե­րա­բար հան­գիստ շունչ մը քա­շած է Հա­լէպ քա­ղա­քը։ Սու­րիոյ բա­նա­կը ծանր մար­տեր մղե­լէ վերջ յա­ջո­ղած է իր հա­կակշ­ռին տակ առ­նել Խա­նա­սէ­րի շրջա­նը. դէ­պի Հա­լէպ միակ ճա­նա­պար­հին այն հա­տուա­ծը, որ ան­ցած էր զի­նեալ­նե­րու տի­րա­պե­տու­թեան տակ։ Պա­շար­ման օ­րե­րուն Հա­լէ­պի մէջ մարդ­կա­յին ա­ռու­մով շատ ծանր կա­ցու­թիւն մը ստեղ­ծուած էր, մինչ սնուն­դի եւ հիմ­նա­կան կա­րիք­նե­րու սա­կա­գի­նե­րը բարձ­րա­ցած էին ան­հա­մե­մա­տօ­րէն։

«Ա­րե­ւելք» լրա­տուա­կան կայ­քէ­ջին կող­մէ փո­խան­ցուած վե­րո­յի­շեալ հա­ղոր­դում­նե­րէն վերջ, այս ա­ռա­ւօտ «Ար­մէնփ­րէս» գոր­ծա­կա­լու­թիւնն ալ տե­ղե­կա­ցուց, թէ ճա­նա­պար­հի ա­զա­տագ­րու­մէն յե­տոյ ար­դէն ա­ռա­ջին բեռ­նա­տար­նե­րը սկսած են հաս­նիլ Հա­լէպ։ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ Ա­սի­րէ-Խա­նա­սէր ճա­նա­պար­հին ա­զա­տուի­լը միեւ­նոյն ժա­մա­նակ հնա­րա­ւո­րու­թիւն ստեղ­ծած է, որ­պէս­զի վերս­տին սննդամ­թերք, բան­ջա­րե­ղէն, պա­րէն ու վա­ռե­լա­նիւթ փո­խադ­րուի դէ­պի Հա­լէպ։ Բեռ­նա­տա­րնե­րուն ա­ռըն­թեր, մար­դա­տար ինք­նա­շար­ժներն ալ ար­դէն սկսած են անվ­տանգ ձե­ւով հաս­նիլ Հա­լէպ։ Դա­մաս­կո­սի ղե­կա­վա­րու­թեան պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը տե­ղե­կա­ցու­ցին, որ յա­ռա­ջի­կայ օ­րե­րուն մե­ծա­քա­նակ վա­ռե­լա­նիւթ եւ սննդամ­թերք պի­տի ու­ղար­կուի դէ­պի Հա­լէպ։

Հա­լէպ-Խա­նա­սէր-Ա­սի­րէ-Սա­լա­միէ ճա­նա­պար­հը ա­պա­հով ու բաց յայ­տա­րա­րուած է՝ Սու­րիոյ բա­նա­կին կող­մէ ի­րա­կա­նա­ցուած նաեւ ա­կա­նա­զերծ­ման աշ­խա­տանք­նե­րէն վերջ։

 

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 6, 2015