ՓՈԼ ՀԱՅՏՈՍԹԵԱՆԻՆ ՄԵՏԱՅԼ
Երէկ, Երեւանի մէջ յոբելենական հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայկազեան հայագիտական համալսարանի հիմնադրութեան 60-ամեակին առթիւ։ Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան նիստերու դահլիճի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որուն ընթացքին միեւնոյն ժամանակ իրականացուեցաւ «Հայկազեան» հայագիտական հանդէսի 35-րդ հատորին շնորհանդէսը։ Հայաստանի Սփիւռքի նախարարութեան աջակցութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան նաեւ Հայկազեան համալսարանի վերատեսուչ Փոլ Հայտոսթեան եւ նախարար Հրանոյշ Յակոբեան։
Հաւաքոյթի բացման ողջոյնի խօսքով մը հանդէս գալով Հրանոյշ Յակոբեան շեշտեց, որ Հայկազեան համալսարանը Հայաստանէ դուրս դարձած է հայագիտութեան ամենահեղինակաւոր ու բարձրակարգ կեդրոններէն մին ամբողջ աշխարհէ ներս։
Նոյն հաւաքոյթի ընթացքին Հրանոյշ Յակոբեան Փոլ Հայտոսթեանը պարգեւատրեց իր նախարարութեան ոսկէ յուշամետայլով՝ համալսարանի 60-ամեայ փայլուն գործունէութեան, Հայաստան-Սփիւռք գործակցութեան զարգացման, հայապահպանութեան ուղղութեամբ ունեցած նշանակալի ներդրման համար։
Ձեռնարկի տեւողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Հայաստանի գիտական աշխարհէն յառաջատար անուններ, մինչ Փոլ Հայտոսթեանն ալ արտայայտեց իր սրտի խօսքը։