ՆՈՐ ՄԱՐՏԱՀՐԱՒԷՐ

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու կողմէ Իրանի դէմ շրջանառութեան մէջ դրուած պատժամիջոցները ներկայիս կը բնորոշեն միջազգային օրակարգը։ Երէկուան դրութեամբ Իրանէն 50 դրամատուն, օդային ընկերութիւնը, աւելի քան 700 անհատներ, 65 օդանաւ այս պատժամիջոցներու ծիրին մէջ յայտնուեցան։ Օգոստոսի 6-ին ի զօրու դարձած էին Իրանի դէմ Ուաշինկթընի կողմէ հաստատուած շարք մը պատժամիջոցներ, իսկ երէկուան դրութեամբ արդէն ի զօրու դարձաւ պատժամիջոցներու երկրորդ ալիք մը, որ շատ աւելի խիստ եւ ծաւալուն կը համարուի առաջինին բաղդատմամբ։ Ի դէպ, հարկ է նշել, որ ԱՄՆ կը սպառնայ պատժամիջոցներ գործադրել նաեւ այն բոլոր երկիրներուն դէմ, որոնք համագործակցութիւնը պիտի շարունակեն Իրանի հետ։ Ամերիկեան կողմը կը զգուշացնէ, որ անոնք, որոնք Իրանի հետ գործարարութիւն ընել կը շարունակեն, չեն կրնար աշխատիլ իրեն հետ։ ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներու թիրախին յայտնուած են յատկապէս Իրանի ուժանիւթի եւ ելմտական ոլորտները։

Թուրքիա մօտէն կը հետեւի այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնը Իրանի դէմ սահմանուած այս նոր պատժամիջոցներու պարագային բացառութիւն դասած է ութ երկիր։ ԱՄՆ-ի Արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ երէկ տեղեկացուց, որ այդ ութ երկիրներու շարքին կը գտնուի նաեւ Թուրքիա։

ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփ պաշտօնի ձեռնարկած օրէն ի վեր հետեւողականօրէն խիստ քաղաքականութիւն մը յառաջ տարաւ Իրանի դէմ։ Առաջին հերթին ԱՄՆ չեղարկեց Իրանի միջուկային ծրագրին վերաբերեալ ստորագրուած համաձայնագիրը։ Ինչպէս ծանօթ է, այդ փաստաթուղթը մեծ աշխատանքէ մը վերջ ստորագրուած էր ԱՄՆ-ի նախկին նախագահ Պարաք Օպամայի պաշտօնավարութեան վերջին շրջանին։ Տանըլտ Թրամփ գործի գլուխ գալէ վերջ ամերիկեան կողմը դուրս բերաւ այդ փաստաթուղթէն եւ սկսաւ նաեւ ուրիշ ուղղութիւնով մը ընթանալ՝ Իրանի դէմ շատ աւելի ծայրայեղական քաղաքականութեան մը հետեւելով։

Ներկայիս, այս հարցին մէջ ԱՄՆ կը պահանջէ ամբողջ միջազգային հանրութեան աջակցութիւնը՝ յայտարարելով, որ պիտի աշխուժացնէ տարածքաշրջանի իր դաշնակիցները՝ Իրանի շուրջ օղակը սեղմելու համար։ Այս իսկ կէտին վրայ արդէն կը սկսին այժմու գործընթացի հիմնական մարտահրաւէրները։ Ամերիկեան սպառնալիքները յատկապէս մտահոգիչ են Իրանի հիմնական գործընկերներուն, ինչպէս նաեւ հարեւան տարածքաշրջաններուն համար։ Թեհրանի դէմ որդեգրուած ամերիկեան քաղաքականութեան ամբողջին մէջ Իրանի անմիջական հարեւանութեամբ գտնուող Հարաւային Կովկասը եւս կը ներկայացնէ առանձնայատուկ կարեւորութիւն։ Այս մասին վերջերս յայտնած էր նաեւ ԱՄՆ-ի նախագահ Տանըլտ Թրամփի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ճոն Պոլթըն, որ այցելութիւն մը տուած էր տարածքաշրջան։

Հայաստանի ղեկավարութիւնն ալ անմիջական ուշադրութեամբ կը հետեւի այս բոլոր իրադարձութիւններուն։ Ինչպէս ծանօթ է, Իրան եւ Հայաստան հարեւաններ են եւ անոնց համագործակցութիւնը կարեւոր նշանակութիւն ունի տարածքաշրջանէն ներս։ Երեւանի ղեկավարութիւնը այս շրջանին կը ջանայ Թեհրանի հետ կայուն պահել իր յարաբերութիւնները եւ կողմնորոշուիլ ամերիկեան պատժամիջոցներով պայմանաւորուած ներկայ բարդ իրավիճակին մէջ։

«Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, ԱՄՆ մասնաւորապէս մտահոգութիւն ունի հայ-իրանական քաղաքական բարձր մակարդակի յարաբերութիւններուն առընչութեամբ։ Այս մասին վերջերս յստակօրէն նշուեցաւ նաեւ Ճոն Պոլթընի յայտարարութիւններուն մէջ։ Ներկայիս ամերիկեան կողմը Հայաստանէն կ՚ակնկալէ քննադատական յայտարարութիւններ Իրանի հասցէին, ինչպէս նաեւ աջակցութիւն զանազան միջազգային կառոյցներէ ներս Իրանի վերաբերեալ հարցերու քուէարկութեան ժամանակ։ Բաց աստի, երկրորդական պատժամիջոցներ գործադրելու ամերիկեան կողմի սպառնալիքները կրնան խոչընդոտներ ստեղծել յատկապէս ուժանիւթի եւ ելմտական ոլորտէ ներս Իրան-Հայաստան համագործակցութեան խորացման տեսակէտէ։ Միւս կողմէ, ամերիկեան պատժամիջոցներու փուլային վերականգնումը եւ անոր հետեւանքով Իրանի տնտեսական ներուժի թուլացումը կրնայ ազդել հայ-իրանական համագործակցութեան թափերուն եւ համատեղ մշակուած նախագծերու իրականացման վրայ։ Յատկանշական է, որ այս հարցին մէջ Հայաստան բաւական բաց եւ թափանցիկ քաղաքականութիւն մը կը վարէ։ Ճոն Պոլթընի այցելութեան ժամանակ հայկական կողմը յստակ ներկայացուցած էր, որ Իրան առանձնայատուկ կարեւորութիւն ունի Հայաստանի տեսակէտէ եւ Երեւանի վարած քաղաքականութիւնը Թեհրանի պարագային բացառապէս կը բխի իր կենսական շահերէն։

Հայ քաղաքական մեկնաբանները այս նոյն կէտին առումով ուշադրութիւն կը հրաւիրեն նաեւ Ատրպէյճանի վրայ։ Արդարեւ, վերոյիշեալ տեսանկիւններէն Ատրպէյճանի պարագային կարելի չէ ըսել նոյնը։ Այսպէս, Ատրպէյճան ընդհանուր առմամբ դէմ չէ հակաիրանական պլոքի մը մէջ մտնելու գաղափարին եւ այդ բանը իր տեսակէտէ կախուած է այն հանգամանքէն, թէ փոխարէնը ի՛նչ երաշխիքներ կ՚առաջարկուին ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կողմէ։ Ի դէպ, Ատրպէյճան արդէն իսկ աշխոյժ քայլեր կ՚իրականացնէ այս ուղղութեամբ՝ հիմնաւոր կասկած յառաջացնելով, թէ անհրաժեշտութեան պարագային Ատրպէյճան կրնայ բացայայտօրէն դառնալ Իրանի դէմ առանձին գործողութիւններ իրականացնող երկիր մը։ Մասնաւորապէս, Ատրպէյճանի լրատուամիջոցներու փոխանցումներով, անցեալ հոկտեմբերին այդ երկիրը դադրած է Իրանի տարածքով բնական կազ ներածելէ։ Այս ամբողջին մաս կազմած են նաեւ Ատրպէյճանի, Իրանի եւ Թիւրքմենիստանի միջեւ ստորագրուած պայմանագրերով նախատեսուած գործարքները։

Նոյն մեկնաբանները կը յիշեցնեն, որ ԱՄՆ-ի նախկին պատժամիջոցներու ժամանակ Իրանի հետ արդիւնաւէտ համագործակցութեան փորձառութիւն մը կար։ Ներկայիս ալ առանձին պարագաներով ԱՄՆ-ի կողմէ բաւական ճկուն քաղաքականութիւն մը վարելու ազդանշանները կը տրուին. օրինակ՝ ութ երկիրներ դուրս թողլով պատժամիջոցներու շրջագծէն։ Ուստի, մեկնաբաններ յոյս կը յայտնեն, թէ ճիշդ աշխատանքի պարագային վերոյիշեալ խոչընդոտները յաղթահարելի պիտի ըլլան։ Այս իսկ տրամաբանութեան մեկնակէտով՝ Հայաստան հանդէս կու գայ Իրանի վերաբերեալ ճգնաժամի շուտափոյթ յաղթահարման ի նպաստ։ Հայկական կողմը կը կարեւորէ տարածքաշրջանէ ներս անվտանգութեան եւ կայունութեան ապահովումը, ինչպէս նաեւ ԱՄՆ-Իրան յարաբերութիւններու կարգաւորումը։

Միւս կողմէ, Իրանի Արտաքին գործոց նախարար Ճեւատ Զարիֆ երէկ յայտարարեց, որ համաշխարհային հանրութիւնը չի կրնար Թրամփին թոյլ տալ՝ խախտել կլոպալ կարգը։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018