ՊԱՀՊԱՆՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ԽՆԱՄՔ

Հայաստանի Մշակոյթի նախարարութիւնը օտարերկրեայ գործընկերներու հետ համաձայնութիւն կը հաստատէ՝ երկրի պատմամշակութային յուշարձաններու վերականգնման նպատակով։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Լիլիթ Մակունց վերջերս բացատրութիւններ տուաւ այս նիւթին շուրջ։ Նախարարը մատնանշեց, որ Հայաստանի մէջ շուրջ 2500 յուշարձան գոյութիւն ունի եւ բոլորի պարագային ալ անհրաժեշտ են վերականգնման աշխատանքներ։ Նկատի ունենալով, որ նախարարութեան հնարաւորութիւնները շատ սահմանափակ են եւ այդ գործին համար անբաւարար՝ նախարարութիւնը սկսած է աշխոյժ աշխատանք տանիլ Իտալիոյ մէջ գործող վերականգնման զանազան կեդրոններու հետ։ Այսպէս, այդ կեդրոններու մէջ կ՚աշխատին լաւագոյն մասնագէտներ։ Նախարարութիւնը կը համագործակցի նաեւ Երեւանի մօտ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան հետ։ «Հետեւաբար, կը պատրաստուինք հնարաւորինս շատ գործընկերներ ընդգրկել այս հարցի լուծման մէջ», ըսաւ Լիլիթ Մակունց։

Իր յայտարարութիւններուն մէջ նախարարը շեշտեց նաեւ, որ իւրաքանչիւր քաղաքացի պէտք է գիտակցի մշակութային յուշարձաններու արժէքը եւ աւելի հոգատար վերաբերմունք ցոյց տայ անոնց նկատմամբ։ Նախարարը յիշեցուց, որ յուշարձանները յաճախ վնաս կը կրեն արհեստական պատճառներով։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 6, 2018